Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ վարդարանի աղօթքը վասն Ֆրանչիսկոս Պապին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Կարծես որ բոլորս մեր սրտին մէջ կը պահպանենք այն խօսքերը որ Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի ուղղեց, «Մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար» հրաւէրը։ Մենք այս մէկը կ՛ուզենք յստակօրէն կատարել այս գիշեր, ընկերանալու համար անոր Զատկուան մէջ» այս խօսքերով է, որ Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին` Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի աւագերէցը սկիզբ տուաւ երկուշաբթի 21 ապրիլին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կազմակերպուած Սուրբ Վարդարանի ջերմերանդական աղօթքին նուիրուած հանգուցեալ Քահանայապետին, ի ներկայութեան 12 հազարէ աւելի հաւատացեալներու։
«Յարութիւն առած Քրիստոսի հաւատքով, զոր կը յիշատակենք այս Զատկական օրին առիթով, գիտենք, որ մահը փակուող դուռ չէ, այլ մուտքը դէպի երկնային Երուսաղեմ, որտեղ սուգը կը վերածուի պարի, քուրձը՝ ուրախութեան զգեստի» շարունակեց ապա Ան եւ աւելցուց. «կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել Տիրոջ` այն պարգևներուն համար, որ Ան տուաւ Եկեղեցւոյ Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսի առաքելական ծառայութեան միջոցաւ, ուխտաւորը յոյսին որ չի հիասթափեցներ, և կ՛ուզենք զԱյն վստահել Ողորմած Հօրը՝ Եկեղեցւոյ Մայր Մարիամին, Երկնային Թագուհիին հետ հաղորդութեամբ և Պետրոս առաքեալի բարեխօսութեամբ։
«Մեր այս աղօթարար ձայնին կը միանան աշխարհի մէջ տարածուած մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ձայնը։ Քրիստոսի, Բարի Հովիւին, համայն հօտն է որ կ՛աղօթէ Ֆրանչիսկոս Պապին համար խորհրդածելով մեր փրկչի Ուրախութեան Խորհուրդներու մասին» ըսաւ ապա Կարդինալ Կամպեթթին սկիզբ տալով ջերմեռանդական աղօթքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ