MAP

2022.03.05 studenti

«Մերած ու յարութիւն առած Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը տարէք բոլորին». Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետին պատգամը ուղղուած 12էն 20 ապրիլին կայացած «UNIV 2025» միջազգային համաժողովին մասնակցող երիտասարդներուն։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

12 ապրիլին հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 8 ապրիլ 2025 թուակիր գրաւոր պատգամը, ուղղուած 12էն 20 ապրիլին կայացած «UNIV 2025» միջազգային համաժողովին մասնակցող երիտասարդներուն։

«UNIV»-ը երիտասարդ համալսարանականներու միջազգային հանդիպում մըն է, որ ծնունդ առած է 1968-ին Սուրբ Խօսեմարիա Էսքրիվայի ջանքերով։ Հանդիպում, որուն ընթացքին աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէ երիտասարդներ իրարու կը հանդիպին, միասին ապրելու կազմաւորման շրջան մը, յատուկ աղօթքի պահերու հետ զուգահեռ, որոնց ծիրէն ներս իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած Աւագ Շաբթուայ ընթացքին նախատեսուած արարողութիւններուն։

Այս տարուայ, յոյսին նուիրուած Յոբելեանին առիթով, հաւաքին ընտրուած նիւթն է «Մեր Աշխարհի քաղաքացիներ» կարգախօսը, որ կը համախմբէ 25 երկիներու 32 տարբեր համալսարաններէ Հռոմ ժամանած 2000 երիտասարդ համալսարանականներ։

Ահա անոնց է որ ուղղուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը, որուն մէջ Ան մատնանշեց Յոբելենական տարուան ու նաեւ Սուրբ Խօսեմարիա Էսքրիվայի քահանայական ձեռնադրութեան հարիւր ամեակին, որոնց համար պէտք է «գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ, եւ շարունակել քալել ոգեւորուած հաւատքով, ջանասէր գթութեան մէջ և հաստատակամ՝ յոյսի մէջ» գրեց Նորին Սրբութիւնը անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները ու Տիրոջմէ հայցելով որ «իրենց այս ուխտագնացութիւնը ու եղբայրական հանդիպումը մղէ զանոնք` որ մերած ու յարութիւն առած Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը տանին բոլորին, որպէս յոյսի հռչակում մը, որ հիմնուած սիրոյ վրայ յուսախաբ չթողուր, կ՛իրականացնէ խոստումները եւ կը տանի փառքին»։

«Թող Յիսուս օրհնէ ձեզ եւ Սուրբ Կոյսը պահապան կանգնի եւ կը խնդրեմ եթէ կը բարեհաճիք չմոռնալ աղօթել ինծի համար» գրած է Սրբազան Քահանայապետը պատգամի աւարտին զոր ստորագրած է «Եղբայրաբար` Ֆրանչիսկոս»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2025, 10:49