MAP

2025.04.21 Morte Papa

Ֆրանչիսկոս Պապը հոգին աւանդեց առ Հայր

Այսօր առաւօտեան ժամը 7:35 անց, Հռոմի Եպիսկոպոս, Ֆրանչիսկոսը, վերադարձաւ Հօր տունը։ Անոր համայն կեանքը նուիրուեցաւ Տիրոջ ու Անոր Եկեղեցւոյ ծառայութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` երկուշաբթի 21 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան կանուխ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ հոգին աւանդեց առ Հայր։ Լուրը ուղիղ եթերով, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուրէն հաղորդեց Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելը` Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի վերատեսչութեան վերատեսուչը ու Հռոմի Եկեղեցւոյ «Քամերլենկոն» այսինքն Ան կարդինալը, որ Քահանայապետին մահուընէ ետքը կը ստանձնէ առաքելական պալատի մատակարարումը ու կարդինալական պապընտիր ժողովի (Քոնքլաւ) անվտանգութեան ու կարգ կանոնին վրայ հսկողութիւնը։

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, մեծ ցաւով է` որ կը յայտարարեմ մեր սիրելի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մահը» ըսաւ իր խօսքին սկիզբը Կարդինալ Ֆարրելը։

Այսօր առաւօտեան ժամը 7:35 անց, Հռոմի Եպիսկոպոս, Ֆրանչիսկոսը, վերադարձաւ Հօր տունը։ Անոր համայն կեանքը նուիրուեցաւ Տիրոջ ու Անոր Եկեղեցւոյ ծառայութեան։

Մեզի սորվեցուց հաւատարմութեամբ ապրիլ Աւետարանի արժէքները, քաջութիւն ու տիեզերական սէր, յատկապէս աւելիով աղքատներուն ու բացառուածներուն նկատմամբ։

Մեր ամենախոր երախտագիտութեամբ Տէր Յիսուսի իսկական աշակերտի Անոր օրինակին համար, Ֆրանչիսկոս Պապին հոգին կը վստահինք Միակ ու Երրեակ Աստուծոյ ողորմած անհուն սիրոյն»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2025, 09:51