«Միասին յաւերժութեան համար», Սան Լորենցոյի ոտնագնդակի խումբը յարգանքի տուրք կը մատուցէ Ֆրանչիսկոսին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս սպիտակ ինքնաշարժի ՝ փափամոպիլէի վրայ երջանիկ կը դիտէ Իր պատկերով ծածանուող մեծ դրօշը իր առջեւ։ Այս տեսարանով Պուէնոս Այրէսի Պոետօ թաղամասի ոտնագնդակի խումբը, որ մշտապէս Սրբազան Քահանայապետի սիրելի խումբը եղած է, X հարթակի վրայ հրապարակած է տեսանիւթ եւ լուսանկար՝ Պապի մարզական կիրքը յիշելու համար, որ երբեք չէ թաքցրած հաւատն առ Աստուած, առաջին հերթին, ապա եւ հաւատը արժանթինական այդ ոտնագնդակի ակումբի հանդէպ:
«El Cuervo»
«El Cuervo» (Ագռաւ) մականունն է, որ տրուած է «Ալմակրոյի Սան Լորենցօ» խումբին՝ ի պատիւ անոր հիմնադիր Հայր Լորենցօ Մասսայի, որ սեւ սքեմ կը կրեր։ Վերոնշեալ ոտնագնդակի խումբի կողմէ հրապարակած երկրորդ գրառումը ուղեկցող տեսանիւթի մը մէջ այդ մականունով կը կոչուի նաեւ Ֆրանչիսկոս, որ անգամ որպէս Հռոմի Պապ, շարունակած է սէրը այդ ակումբի նկատմամբ:
«Ան երբեք ուրիշներէն մին չէր, այլ մեզմէ մին էր, Cuervo-ն որպէս երեխայ եւ որպէս մեծահասակ... Cuervo-ն որպէս քահանայ եւ կարդինալ... Cuervo-ն նաեւ որպէս Պապ», կը կարդանք գրառման մէջ:
Նշենք թէ՝ Արժանթինի մէջ դեռեւս անցեալ տարուընէ գաղափար առաջ քաշուած է Ավենիտա տէ լա Փլաթայի ապագայ մարզադաշտը Ֆրանչիսկոս Պապի անունով անուանակոչելու համար։
Իտալիոյ ոտնագնդակի հաւաքականի յարգանքը
Աւելցնենք նաեւ, որ իտալական ոտնագնդակի բոլոր խումբերը Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան լուրը առնելէն անմիջապէս ետք դադարեցուցին եւ յետաձգեցին բոլոր մրցաշարերը:
Իտալիոյ հաւաքականը յիշած է արժանթինցի Քահանայապետին խօսքերը, որ մեզի կ'ուղեկցին դէպի անոր մանկութիւն. «Նոյնիսկ լաթի գնդով դուք կարող էք հրաշքներ գործել»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ