Կարդինալ Փիցապալլայի գլխաւորութեամբ վարդարանի աղօթքը նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 25 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան արարողութենէն մէկ օր առաջ, Հռոմի Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած մեծ թիւով հաւատացեալներ հաւաքուելով աղօթեցին վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը Ֆրանչիսկոս Պապին հոգւոյն հանգստեան համար։ Վարդարանի աղօթքը գլխաւորեց Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը, կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցապալլան։ Սա չորրորդ օրն է, որ Աստուծոյ ժողովուրդը կը միանայ աղօթելու եւ յիշելու համար Ֆրանչիսկոս Պապը հոգին աւանդեց առ Հայր, երկուշաբթի, 21 ապրիլին։
Կարդինալ Փիցապալլա. Տիրոջ ու անոր խօսքին վստահինք։
Վարդարանի աղօթքի ընթացքին արտասանած պատգամին մէջ Լատինաց Պատրիարքը անդրադառնալով այսօրուայ վարդարանի չարչարանքներուն խորհուրդին յարեց « Բոլորս կոչուած ենք վերականգնելու ու վստահելու Աստուծոյ ու Անոր խօսքին , որովհետեւ դա կը նշանակէ հետեւիլ Տիրոջ։
Ծիրանաւորը իր խօսքին մէջ ապա նկատել տուաւ, որ «մեզի շատ սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապին մահով նոյնպէս մենք դժուարութիւն ունինք հաւատալու ու հակուած ենք ջնջելու Քրիստոսի խոստումը։ Յաղթահարելու համար վախն ու դատարկութեան վտանգը, կարդինալ Փիցապալլա հրաւիրեց դիմելու Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր, որպէսզի Աստուածամայրը մեզ օգնէ մեր սիրտը բարձրացնելու եւ այս ցաւի ժամը վերծելու յոյսի արշալոյսի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ