Աշխարհի ծայրամասէն եկած Քահանայապետին Քահանայապետութեան 12 տարիները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապը ունի շատ մը առաջնութիւններ։ Ան եղած է առաջին Յիսուսեան քահանայապետը, առաջինը որ եկած է Լատին Ամերիկայէն, առաջինը` որ ընտրեց Ֆրանչիսկոս անունը, առաջինը` որ ընտրուեցաւ երբ իր նախորդը տակաւին ողջ էր եւ առաջինը որ ժամանակակից դարաշրջանին մէջ ընտրեց ապրիլ Առաքելական Պալատէն դուրս, ապա առաջինը` որ այցելեց Իրաքը եւ Քորսիքա կղզին, առաջինը որ ստորագրեց Եղբայրութեան Հռչակագիր մը իսլամական հոգեւոր իշխանութեան ներկայացուցիչի մը հետ։ Առաջին քահանայապետը, որ ուզեց ունենալ Կարդինալական Խորհուրդ մը, Եկեղեցին կառավարելու համար, ու առաջինը որ Քուրիայի մէջ նշանակեց կին ու աշխարհական պատասխանատուներ, հուսկ առաջինը, որ յայտարարեց սիւնհոդոս մը, որուն մէջ ներգրաւուեցաւ համայն Աստուծոյ ժողովուրդը։
Ան եղաւ այն Քահանայապետը, որ ուզեց վերացնել պապական գաղտնիքը սեռական բռնութեան դէպքերու պարագային և ջնջել նաեւ մահապատիժը Քրիստոնէականէն։ Եղաւ Քահանայապետ մը, որ ականատես եղաւ «մաս մաս կատարուած համաշխարհային երրորդ պատերազմին» ինչպէս նոյնինքն ինք յայտարարած էր, ամէն անգամ, որ խօսած էր պատերազմներու ու բռնութիւններու մասին, որոնք տեղի կ՛ունենան աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ եւ զոր ինք որակած էր «պարտութիւն» «անհեթեթութիւն» ու «մարդկային ամօթ»։
Բարեկարգումներու Քահանայապետը
Ֆրանչիսկոս Պապը եղաւ նաեւ բարեկարգումներու Քահանայապետը եւ Քահանայապետութեան 12 տարիներու ընթացքին ան մեծ փոփոխութիւններ ուզեց ներմուծել, սկսեալ Սուրբ Աթոռի Սահմանադրութենէն ու Վատիկան Պետութեան հայող բազմաթիւ օրէնքներէն, մինչեւ, ինչպէս նշեցինք, Հռոմի Քուրիայի մէջ կիներուն սահմանելով կարեւոր պարտականութիւններ, որոնցմէ վերջինը եղաւ Վատիկան Պետութեան Կառավարիչ նշանակել, փոխան Կարդինալի մը, մայրապետ մը` Քոյր Ռաֆֆայելլա Փեթրինին։
Հեռուէն եկած Քահանայապետը
Եորկէ Պերկոլիոյին, հեռուէն եկած Քահանայապետին Քահանայապետութիւնը յատկանշուեցաւ նաեւ անոր իրեն յանձնուած ժողովուրդին հետ համահունչ ապրումով մը, ապրում `որուն համար ան չխնայեց ոչ մէկ ուժ, ինչպէս ականատես եղաւ համայն աշխարհը երէկ` 20 ապրիլ 2025-ին, Սուրբ Զատկուայ տօնին օրը, երբ Ան հակառակ, որ տակաւին կը գտնուէր ապաքինման ընթացքի մէջ, հակառակ որ իր ֆիզիկական ուժերը չէին ներէր այդքան յոգնութիւն, ուզեց մօտիկ գտնուիլ իր ժողովուրդին, յայտնուեցաւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի պատշգամէն աշխարհին տալու իր օրհնութիւնը եւ այդ օրհնութեամբ չբաւարարուելով ուզեց իջնել ու շրջանը կատարել Սուրբ Պետրոս հրապարակին ուր համախմբուած էին յիսուն հազարէ աւելի աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած հաւատացեալներ։ Կարծես ըլլար Անոր վերջին կտակը` վերջին հանդիպումը։ Հրաժեշտի ողջոյնը։
Աղօթեցէք ինծի համար
13 Մարտ 2013 երեկոյեան ժամերուն էր երբ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի պատշգամէն առաջին անգամ աշխարհին կը յայտնուէր հազիւ ընտրուած Ֆրանչիսկոս Պապը, որուն առաջին խօսքերը եղան «սկսինք այս ուղեւորութիւնը. Եպիսկոպոս եւ ժողովուրդ», յայտնելով` որ եղբայրակիցները զինք ընտրեցին «Աշխարհի ծայրամասէն », Պենետիկտոս ԺԶ երջանկայիշատակ Քահանայապետին հրաժարականէն գրեթէ մէկ ամիս ետքը։
76 ամեայ Քահանայապետը, այդ օր իր օրհնութիւնը շնորհելէն անդին խնդրած էր նաեւ իր հաւատացեալներուն օրհնութիւնը ու նաեւ անոնց աղօթքը։ Աղօթք` որ ան չզլացաւ պահանջելու հրապարակային կամ առանձնական հանդիպումներու ժամանակ. «բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար», կրկնած էր միշտ, որովհետեւ համոզուած էր` որ հովիւը կարիքը ունի իր հօտի աղօթքներուն։
Սալուս Փոփուլի Ռոմանին Սրբապատկերը
12 տարուայ Քահանայապետութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին համար յատուկ տեղ կը գրաւէր Հռոմի Տիրամօր նուիրուած տաճարի մէջ պահպանուած Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը, ուր ան իւրաքանչիւր ճամբորդութենէն առաջ ու ետքը կ՛երթար աղօթելու Սուրբ Կոյս Մարիամին վստահելով իր առաքելութիւնները։ Աղօթք` զոր կատարեց նաեւ մի քանի օրեր առաջ, այցելելով Մարիա Մաճճորէ տաճարը ու աղօթելով Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը պահպանող մատրան մէջ։ Տաճար` ուր Սրբազան Պապը իղձ յայտնած է թաղուիլ։
Ժողովուրդին մօտիկ հովիւը
Ժողովուրդին նկատմամբ Քահանայապետին մօտիկութիւնը դրսեւորուեցաւ տարբեր ձեւերով, անոր տուած առաքելական ճամբորդութիւններով, այցելութիւններով, առանց խնայելու ինքզինք, մօտիկութիւն արտայայտելով հեռաւորներուն, անտեսուածներուն, լքուածներուն, չարաշահուած ու մնացորդ նկատուած անձանց։ «Կարեկցութիւնը Աստուծոյ ոճն է» կրկնած էր Ան յաճախ։
Առաքելական Ճամբորդութիւնները
Ֆրանչիսկոս Պապը Քահանայապետութեան ընթացքին կատարեց 47 միջազգային առաքելական ճամբորդութիւններ, որոնց շարքին յիշատակի արժանի են Իրաք կատարած ճամբորդութիւնը` 2021ին Ապա Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք` Պանկիի ճամբորդութիւնը` 2015ին, ուր եւ բացումը կատարած էր Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեանի Սուրբ Դռան, հուսկ Ապու Տապի` 2019-ին, ուր ստորագրեց Մարդկային Եղբայրութեան հայող փաստաթուղթը Ալ Ազհարի աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին հետ։ Ապա Հարաւային Սուտանը, Քոնկոն, Քուպան, Միացեալ նահանգները ու անմոռանալի ճամբորդութիւնը դէպի քրիստոնէութեան ակունք հանդիսացող Հայաստան Աշխարհ, 2016 ին, երբ Ան անգամ մը եւս ուզեց դատապարտել հայոց ցեղասպանութիւնը։
Յորդորագիրները
Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակեց չորս յորդորագիրներ` որոնցմէ առաջին եղաւ «Lumen Fidei»ը հաւատքին նուիրուած յորդորագիրը որ շարադրուած է Պենետիկտոս ԺԶ Պապին հետ միասին, ապա «Laudato si’»ն նուիրուած բնապահպանութեան։ Երրորդը եղաւ «Fratelli Tutti»ին որ կարելի է համարել Քահանայապետութեան կիզակէտը ու նուիրուած էր եղբայրութեան` որպէս միակ ճանապարհ մարդկութեան ապագային համար եւ ի վերջոյ « Dilexit Nos»ը նուիրուած Յիսուսի Սուրբ Սրտի սիրոյն, որ նաեւ պատգամն է աշխարհին որ կարծես կորսնցուցած է սէրը։
Ասոնց կից Նորին Սրբութիւնը հրատարակած է նաեւ եօթը առաքելական նամակներ, որոնց շարքին յիշենք «Evangelii Gaudium»ը, «Amoris Laetitia», «Querida Amazonia» եւ «Laudate Deum»ը։ Հանգուցեալ Քահանայապետին կը պարտինք նաեւ 60է աւելի ինքնագիր նամակներ եւ ինչպէս վերեւ նշեցինք «Praedicate Evangelium» առաքելական սահմանադրութիւնը, որ հրատարակուեցաւ 2022 թուականին
Ուշադրութիւն աղքատներուն, գաղթականներուն ու խաղաղութեան
«Որքան կը ցանկամ աղքատներու համար աղքատ եկեղեցի մը» եղած էր հանգուցեալ Քահանայապետին իղձերէն մին, զոր Ան արտայայտած էր Քահանայապետութեան առաջին օրերուն, ու այդ իղձին հաւատարիմ մնալով երբեք չզլացաւ աղքատներուն իրաւունքներըու պաշտպանը կանգնելու, որոնց համար հռչակեց «Աղքատներու համաշխարհային Օրը»։ Նոյնը եղաւ նաեւ գաղթականներու պարագային, որոնց համար Քահանայապետը առաջարկած էր չորս բայեր. Ընկալել, պաշտպանել, խթանել եւ ընդելուզել»։
Խաղաղութեան պաշտպանը
Խաղաղութիւնը եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութիւնը յատկանշող յանձնառումներէն մին` «պատերազմով ամէն ինչ կը կորսուի, խաղաղութեամբ կը կառուցի», եղած էին անոր խօսքերը մինչ կը շարունակէր կոչ ուղղել «աղօթելու խաղաղութեան համար», կոչ որ նորոգեց նաեւ երէկ` Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Ուրպի էթ Օրպի զատկական պատգամի ընթացքին, ակնարկելով նաեւ հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան մը կարելիութեան մասին, որուն համար եւս խնդրեց աղօթք։
Ան դատապարտեց սպառազինութիւնը ու զէնքի արտադրութիւնը, առաջարկելով այդ գումարները ծախսել աւելի ազնիւ նպատակներու համար, ինչպէս աշխարհէն անօթութեան վերացումը։
Վիճակագրական տուեալներ
Տասներու տարուայ Քահանայապետութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց 500 հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւններ, նախագահեց 10 Կարդինալական Ժողովներու, որոնց ընթացքին ստեղծեց 163 Կարդինալներ, հռչակեց աւելի քան 900 սուրբեր, որոնց շարքին իր նախորդներէն Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ եւ Պօղոս Զը, ապա հռչակեց «յատուկ տարիներ», որոնց շարքին` «Նուիրեալ Կեանքին» նուիրուած տարին (2015-2016), «Սուրբ Յովսէփի» տարին (2020–2021), «Ընտանիքը - Ամորիս Լեթիցիա» տարին (2021-2022)։
Ան գումարեց ապա հինգ սիւնհոդոսներ երկուքը նուիրուած ընտանիքին, 2014 եւ 2015 թուականներուն, մէկը նուիրուած երիտասարդներուն` 2018ին, ուրիշ մը յատուկ ու նուիրուած Համաամազոնեան տարածաշրջանին` 2019ին եւ ի վերջոյ 2023ին Սիւնհոդոսկանութեան նուիրուած սիւնհոդոսը որ տեւեց երկու տարի։ Բացի ասկէ Ան նախագահեց Երիտասարդներու չորս համաշխարհային օրեր Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ, Քրաքովիայի հաւաքը, Փանաման եւ ի վերջոյ Լիզպոնը։ Ան հռչակեց նաեւ երկու Յոբելենական Տարիներ առաջինը արտակարգ, 2016-ին, ու նուիրուած էր ողորմութեան իսկ միւսը 2025-ին, որուն կեդրոնական թեման է «Յոյսի ուխտաւորներ»։
Բաց դռներով Եկեղեցի մը
Ֆրանչիսկոս Պապը դիմագրաւեց գայթակղութիւններ, դատական գործընթացքներ, ներքին ու արտաքին քննադատութիւններ ու նաեւ համաճարակի օրերը, իր ցաւն ու յոյսը կիսելով աշխարհին հետ ինչպէս պատահեցաւ` 27 Մարտ 2020ին, երբ Սուրբ Պետրոս ամայի հրապարակին վրայ ան կատարեց աղերսական աղօթքը, հայցելով Աստուծոյ գթութիւնը։
Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյ Քահանայապետի Քահանայապետութիւնը մեզի կը թողու կենդանի ժառանգութիւն մը, որ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ համամիութենական, ընկերային արդարութեան, համապարփակ բնապահպանութեան, եկեղեցական բարեկարգումներու ծիրէն ներս, եկեղեցին բանալով աշխարհին ու աշխարհը հրաւիրելով եկեղեցի` որուն դռները միշտ բաց են բոլորի, բոլորի, բոլորի համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ