Նախագահներ, նախարարներ, թագաւորներ ու քաղաքական գործիչներ. Աշխարհը կը սգայ Սրբազան Պապի մահը
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան առթիւ ցաւակցական գիրերուն հոսքը անդադար կը շարունակուի մոլորակի ամէն մէկ անկիւնէն, ինչը կը վկայէ սահմաններն ու հաւատքները գերազանցող սիրոյ մասին: Խոր ցաւակցութիւններ յայտնած են նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները:
Ցաւակցութիւն իտալական հաստատութիւններէն
Ֆրանչիսկոս Պապին մահը «ծանր դատարկ մը ձգեց», կը գրէ Իտալիոյ նախագահ Սերճօ Մաթթարելլան։ Մինչ վարչապետ Ճորճա Մելոնին յիշեցուցած է Անոր խօսքերը, որ աշխարհէն խնդրած էր «քաջութիւն փոխելու ուղղութիւնը, քալելու ճանապարհով, որ չի քանդեր, այլ կը մշակէ, կը նորոգէ, կը պաշտպանէ»:
Նմանատիպ զգացմունքներ կիսած են մոլորակի այլ առաջնորդներ եւս՝ Ֆրանչիսկոսի հետ վերջին հանդիպողներէն սկսեալ՝ ինչպէս Մեծ Պրիթանիոյ Թագաւոր Չարլզն ու Թագուհի Քամիլլան եւ ԱՄՆ-ի փոխնախագահ Ճեյմս Տեյվիտ Վանսը, մինչեւ անոնք, որոնք հակամարտութեան մէջ են մէկը միւսին հետ, անոնց շարքին՝ Ուքրանիոյ Նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին եւ ՌԴ Նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Իսրայէլի Նախագահ Իսահակ Հերցոկը Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը:
Հայաստանի իշխանութիւններու ցաւակցութիւնները
«Խորապէս վշտացած եմ Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան կապակցութեամբ։ Խաղաղ եւ արդար աշխարհի կերտման գործին մէջ Նորին Սրբութեան ակնառու առաջնորդութիւնը չի կարող մոռցուիլ», գրած է X հարթակի վրայ ՀՀ վարչապետ Նիքոլ Փաշինեանը:
Նոյն հարթակին վրայ Արտգործնախարար Արարատ Միրզոյեանը գրած է. «Ան բազմաթիւ հայերու սրտերը միաւորեց հայկական ժառանգութեան ճանաչմամբ, մարդասիրական գործին նուիրուածութեամբ եւ անջնջելի յիշողութիւն ձգեց 2016 թուականին Հայաստան կատարած իր այցէն: Թող Անոր ժառանգութիւնն առաջնորդէ մեզ դէպի աւելի խաղաղ աշխարհ, ինչպէս արտայայտուած է Անոր՝ Զատկի առթիւ վերջին ուղերձի մէջ» ։
Եւրոպական երկիրներու եւ կառոյցներու ղեկավարներու յարգանքի տուրքը Ֆրանչիսկոսին
Բազմաթիւ հաղորդագրութիւններ են հասած նաեւ եւրոպական երկիրներու եւ քաղաքական կառոյցներու ղեկավարներէն: Ի մասնաւորի Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը գրած է, որ հաւատացեալները «կարող են մխիթարուիլ այն մտքով, որ Ֆրանչիսկոս Պապի ժառանգութիւնը կը շարունակէ առաջնորդել մեզ բոլորս դէպի աւելի արդար, խաղաղ եւ կարեկցող աշխարհ»:
Ցաւակցութիւններ ովկիանոսէն անդին Երկրներէն
Սրբազան Պապի մահուան համար ցաւակցութիւններ հնչած են նաեւ եւրոպական մայրցամաքի սահմաններէն դուրս. Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Տոնալտ Թրամփը, Արժանթինի նախագահ եւ Քահանայապետի հայրենակից Խաւիեր Միլեյը, Պրազիլի Նախագահ Լուլա Ինիասիո տա Սիլվան, Հնդկաստանի Նախագահ Նարենտրա Մոտին եւ Աւստրալիոյ Վարչապետ Էնթոնի Ալպանէզեն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ