MAP

Տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան. Վատիկանի մէջ Սուրբ Պատարագ

«Մեր կեանքի ամենամեծ յոյսը այն է` որ մենք կարող ենք ապրիլ այս խեղճ, փխրուն և վիրաւոր գոյութեամբ՝ կառչած Քրիստոսին, որովհետև Ան յաղթեց մահուան, յաղթեց մեր խաւարին և կը յաղթէ աշխարհի խաւարին, որպէսզի յաւերժ ապրինք Իր հետ ուրախութեամբ» գրած է Նորին Սրբութիւնը քարոզին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 20 Ապրիլ 2025-ին, Տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան։ Այս Քրիստոնէութեան համար կարեւորագոյն տօնին առիթով Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ զոր յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորեց Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրին` Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի երբեմնի աւագերէցը, որ Սուրբ զոհի ընթացքին ընթերցեց Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ այս առիթով պատրաստած քարոզը, որ հիմնուած էր Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ պատմուած Յիսուսի Յարութեան դէպքին վրայ։

Հոլանտայէն ծաղիկներ

Սուրբ Պետրոս հրապարակը զարդարուած էր Հոլանտայէն ժամանած գոյնզգոյն ծաղիկներով մինչ այնտեղ ներխուժած էին աշխարհի տարբեր երկիներէ ժամանած յիսուն հազարէ աւելի ուխտաւորներ։ Կարդինալ Քոմասթրիին հետ համապատարագեցին կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասի անդամները։

Քրիստոնեայ Եկեղեցիները այս տարի` երբ կը յիշատակուի նաեւ Նիկիոյ Ժողովի 1700 Ամեակը, Սուրբ Զատիկը կը տօնէն միասնաբար, եւ այս մէկը ի յայտ դրուեցաւ նաեւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած պատարագի ընթացքին։

Քահանայապետին քարոզը

Սուրբ Զոհի ընթացքին Աւետարանի ընթերցումէն ետքը Կարդինալ Քոմասթրի կարդաց Ֆրանչիսկոս Պապին այս առիթով պատրաստած քարոզը յայտնելով որ «յուզմունքով այժմ ընթերցումը պիտի կատարեմ, Ֆրանչիսկոս Պապին այս լուսաւոր ու անժամկէտ Զատկուայ տօնին համար պատրաստած քարոզին»։

Վազքը դէպի գերեզման

Զատկուան Աւետարանը` կը պատմէ Մարիամ Մագդաղենացին, Պետրոս ու Յովհաննէս առաքեալներուն դէպի գերեզման վազքի մասին։

«Երեք դերակատարներն ալ կը վազեն։ Եւ այս վազքը մէկ կողմէ կ՛արտայայտէ մտահոգութիւն, որ մի գուցէ Տիրոջ մարմինը գողցան, եւ միւս կողմէ անոնց իղձը, սրտին մղումը, ներքին այն վարուելակերպը որ Յիսուսը կը փնտռէ։ Ան արդարեւ, յարութիւն առաւ մեռելներէն եւ ասոր համար է` որ գերեզմանին մէջ չէ այլեւս ու պէտք է որ զԱյն փնտռենք այլուր», գրած է Սրբազան Պապը քարոզին մէջ հաստատելով որ «գլորուած քարը կը յատկանշէ ուղեւորութեան նոր սկիզբ մը. Քրիստոս յարեաւ, կենդանի է»...եւ ասոր համար «պէտք է` որ կանգնած չմնանք, այլ մենք մեզ դնենք շարժումի մէջ, դուրս գանք ու փնտռենք զԱյն կեանքին մէջ, մեր եղբայրներու դիմագիծերուն մէջ, առօրեային մէջ, ամենուրէք բացի այդ գերեզմանէն»։

Կառչած մնալ Քրիստոսին

«Մեր կեանքի ամենամեծ յոյսը այն է` որ մենք կարող ենք ապրիլ այս խեղճ, փխրուն և վիրաւոր գոյութեամբ՝ կառչած Քրիստոսին, որովհետև Ան յաղթեց մահուան, յաղթեց մեր խաւարին և կը յաղթէ աշխարհի խաւարին, որպէսզի յաւերժ ապրինք Իր հետ ուրախութեամբ» գրուած է Նորին Սրբութեան քարոզին մէջ ուր Ան հաստատած է որ «Յոբելեանը մեզ կը կոչէ մեր մէջ նորոգելու յոյսի այդ պարգեւը» ու այս յոյսին յանձնելու «մեր կեանքի ապագան ու մարդկութեան ճակատագիրը»։

Քեզի հետ ով Տէր, ամէն բան նոր է, ամէն ինչ կը վերսկսի

Մեր սրտերը չպահենք պատրանքներու կամ տխրութեան մէջ: Եկէք վազենք դէպի Յիսուսը, վերագտնենք Անոր ընկերները ըլլալու շնորհքը։ Թոյլ տանք` որ Անոր խօսքը լուսաւորէ մեր ճանապարհը.... Եղբայրներ եւ քոյրեր, Զատկական հաւատքի զարմանքի մէջ, մեր սրտին մէջ կրելով խաղաղութեան ու ազատութեան որեւէ սպասում` կարող ենք ըսել. Քեզի հետ ով Տէր, ամէն բան նոր է, ամէն ինչ կը վերսկսի։

Շնորհակալութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ

Կարդինալ Քոմասթրին քարոզը ընթերցելէն ետքը ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանչիսկոս Պապին իր այս «հրաւէրին համար վերազարթնելու մեր հաւատքը Յարուցեալ եւ Կենդանի Յիսուս մէջ, որ միշտ մեր մօտ ներկայ է»։

«Շնորհակալութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ» ըսաւ Կարդինալ Քոմասթրին որուն խօսքերուն մեծ ծափահարութեամբ արձագանգեցին պատարագին բոլոր մասնակցողները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2025, 11:15