MAP

2025.04.21 "PAPA FRANCESCO 21.04.2025"

Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին ամիսներու հիւանդութիւնը

1957 թուականին՝ 20 տարեկանին, Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոն վիրահատուած էր իր ծննդավայր Արժենթինայի մէջ, որուն ընթացքին խզեցին անոր թոքէն մաս մը , որ տուժած էր ծանր շնչառական վարակէն։ Տարիքը առնելով Ֆրանչիսկոս Պապը Յաճախակի տառապած էր շնչառական հոգեհիւանդութիւններու բերումով՝ նոյնիսկ չեղարկելով 2023 թուականի նոյեմբերին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ նախատեսուած այցը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր երկուշաբթի 21 Ապրիլին որ ըստ լատինաց Հրեշտակի երկուշաբթին յիշատակող օրն է, այսինքն Յիսուսին Յարութենէն ետքը Յիսուսին գերեզմանը այցելող կիներուն տրուած հրեշտակին աւետիսը. «Ի՞նչու ողջը կը փնտռէք մեռելներուն մէջ։ Հոս չէ Ան. Յարութիւն առաւ», Ֆրանչիսկոս Պապը վերադարձաւ իր Աստուածային Հօր տունը` առաւօտեան ժամը 7,35ին, ու այդ մահուան լուրը հաղորդեց Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելը` «Քամերլենկոն», որուն կ՛իյնայ այսպիսի յայտարարութիւն ընելը։

Յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուռէն ի ներկայութեան բացի Կարդինալ Ֆարրելէ,ն որ կարդաց յայատարարութիւնը, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի, Սուրբ Աթոռի Պետական ​​քարտուղարութեան ընդհանուր գործերու փոխանորդ` Գերապ. Փենիա Փառռայի, եւ Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու արարողապետ Գերպայծառ Տիեկօ Ռավելլիին։

Սրբազան Պապին մահուան լուրը հաղորդուեցաւ ժամը 9,47 անց։

Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին ամիսներու հիւանդութիւնը

Յայտնենք` որ 88 տարեկան Արժանթինցի Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը, ուրբաթ 14 Փետրուար 2025ին մուտք գործած էր Agostino Gemelli բազմաբուժարան մի քանի օր շարունակ թոքաբորբէն տառապելէն ետքը եւ հիւանդանոցի մէջ անոր բուժարանային վիճակը աստիճանաբար վատթարացաւ, ու երեքշաբթի 18 Փետրուարին բժիշկները ախտորոշեցին երկկողմանի թոքաբորբ: 38 օր հիւանդանոցին մէջ մնալէն ետքը հանգուցեալ Քահանայապետը վերադարձած էր Վատիկանի իր նստավայր՝ Տոմուս Սանթա Մարթա՝ շարունակելու իր ապաքինումը։

1957 թուականին՝ 20 տարեկանին, Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոն վիրահատուած էր իր ծննդավայր Արժենթինայի մէջ, որուն ընթացքին խզած էին, անոր թոքէն մաս մը , որ տուժած էր ծանր շնչառական վարակէն։ Տարիքը առնելով Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախակի տառապած էր շնչառական հոգեհիւանդութիւններու բերումով՝ նոյնիսկ չեղարկելով 2023 թուականի նոյեմբերին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ նախատեսուած այցը։

Յուղարկաւորութեան ծիսակատարութեան թարմացումը

2024 թուականի ապրիլին հանգուցեալ Քահանայապետը հաւանութիւն տուած էր պապական յուղարկաւորութեան ծիսակատարութիւնը թարմացնել ու զայն աւելի պարզ դարձնելով։ Արդարեւ «Ordo Exsequiarum Romani Pontificis»-ի հրատարակութիւնը մի քանի նոր տարրեր կը ներկայացնէ, որոնց շարքին նաեւ թէ՝ ինչպէս պէտք է պահուի Պապի մահկանացու դիակը անոր մահէն յետոյ։

Մահուան հռչակումը կը կատարուի մատրան մէջ, եւ ոչ թէ այն սենեակին մէջ, ուր ան մահացաւ և անոր մարմինը անմիջապէս կը դրուի դագաղին մէջ ապա կը փոխադրուի Սուրբ Պետրոս պազիլիքա ի ցուցադրութիւն հաւատացեալներուն։ Արարաողութիւն որ պիտի կատարուի չորեքշաբթի 23 ապրիլի առաւօտեան։

Ըստ Առաքելական արարողութիւններու արարողապետ, արքեպիսկոպոս Տիեկօ Ռավելիի, հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը խնդրած էր, որ թաղման ծէսը աւելիով պարզ դառնայ ու կենտրոնանայ Քրիստոսի Յարուցեալ Մարմնի հաւատքին վրայ։

«Նորոգուած ծէսը կը ձգտի աւելի լաւ ընդգծել, որ Սրբազան Պապին յուղարկաւորութիւնը Քրիստոսի հովիւի և աշակերտի յուղարկաւորութիւնն է և ոչ թէ այս աշխարհի հզօր անձնաւորութեան մը յուղարկաւորութիւնը» հաստատած է ի միջի այլոց Գերապ. Ռավելլին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2025, 11:51