Կարդինալական Միաբանական համաժողովները «Թափուր Աթոռի» շրջանին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Թափուր Աթոռի» շրջանին, կը գումարուին Կարդինալական Դասի միաբանական պապընտիր նախապատրաստական ժողովներ։ Անոնցմէ առաջինը տեղի ունեցաւ այսօր առաւօտեան իսկ երկրորդը նախատեսուած է վաղը կէսօրէն ետքը։
Ըստ «Universi Dominici Gregis» կանոնադրութեան Քահանայապետի մահուան լուրը հազիւ առած՝ կարդինալական դասի անդամները պէտք է Հռոմ գան, բացառութեամբ առողջական խոչընդոտներու պարագային.
Ընդհանուր միաբանական Ժողով
Կարդինալական միաբանական նախապատրաստական Ժողովները կը գումարուին երկու տեսակ նիստերով` մէկը Ընդհանուր, այսինքն Կարդինալական Ժողովը իր բոլոր անդամներով՝ մինչեւ ընտրութիւններուն սկիզբը (այսինքն՝ մինչեւ Քոնքլաւի սկիզբը), որուն կը մասնակցին բոլոր կարդինալները նաեւ անոնք` որոնք տարիքային սահմանագիծը անցած են եւ իրաւունք չունին մասնակցելու Պապընտիր ժողովներուն։ Այս Ընդհանուր ժողովները տեղի կ'ունենան Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս եւ կը նախագահուին Կարդինալական Դասի աւագերէցին կողմէ։
Մասնաւոր ժողով
Իսկ երկրորդը՝ Մասնաւոր Համաժողով, որ կազմուած է ՝ Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Քամերլենկօ Կարդինալէն եւ երեք Կարդինալներէն։ Այս երեքէն իւրաքանչիւրը կը պատկանի կարդինալական երեք կարգերուն եւ կ՝ընտրուին վիճակահանութեամբ։
Արդարեւ Կարդինալական Ժողովը ենթաբաժանուած է երեք կարգերու կամ Միաբանութիւններու. Եպիսկոպոսական, քահանայական եւ սարկաւագական, ու այս երեքը կ'ընտրուին ընտրող Կարդինալներէն։ Անոնց պաշտօնը կը տեւէ երեք օր եւ անոնց փոխարինելու կու գան այլ երեք Կարդինալներ, որոնք միշտ ալ կ՛ընտրուին վիճակահանութեամբ։ Այս մարմինը իր պաշտօնէութիւնը կը կատարէ նաեւ ընտրութիւններու ամբողջ ընթացքին։
Մասնաւոր Համաժողովին վստահուած է ամէնօրեայ գործերու տնօրինումը, մինչ առաւել ծանր հարցերը պէտք է ներկայացուին Ընդհանուր միաբանական ժողովի վճիռին։
Առնուելիք որոշումները
Առաքելական Սահմանադրութեամբ նախատեսուած Նախապատրաստական Միաբանական Համաժողովներու կողմէ անմիջապէս առնուելիք գլխաւոր որոշումներն են.
1- Սահմանել օրը եւ պարագաները, որոնց համաձայն հանգուցեալ Քահանայապետի աճիւնը պիտի փոխադրուի Վատիկանի Տաճար՝ ներկայացուելու համար հաւատացեալներու մեծարանքին.
2- Տնօրինել անհրաժեշտ ամէն բան Յուղարկաւորութեան (կամ Իննօրեաներու) համար, որ պէտք է ծիսակատարուին յաջորդական ինը օր շարունակ, անոնց առաջինը օրը սահմանելով, այնպէս՝ որ թաղումը տեղի ունենայ մահէն ետք չորրորդ կամ վեցերորդ օրը.
3- Նախապատրաստել տալ «Domus Sanctae Marthae» հիւրանոցի սենեակները՝ Կարդինալներու բնակութեան համար, եւ Սիքստեան Մատուռը՝ ընտրութիւններուն վերաբերող գործերու համար.
4- Յանձնարարել «օրինակելի վարդապետութեան, խոհականութեան եւ բարոյական հեղինակութեան տէր երկու եկեղեցականներուն որ պատրաստեն եւ Կարդինալներու առջեւ ընթերցեն Եկեղեցւոյ ներկայ պահու դժուարութիւններու եւ նոր Քահանայապետի լուսաւորեալ ընտրութեան մասին կշռադատուած երկու խորհրդածութիւններ» (նախաբան 13) եւ սահմանեն անոնց ընթերցման օրը.
5- Ջնջել Ձկնորսի Մատանին եւ կապարէ Կնիքը, որով կ'առաքուէին Առաքելական Նամակները.
6- Սահմանել նոր Քահանայապետի ընտրական գործընթացի սկզբնաւորման օրը եւ ժամը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ