MAP

2025.04.23 Sede Vacante - Traslazione Salma SS Francesco nella Basilica Vaticana

Ֆրանչիսկոս Պապին դագաղի փակման կարգը` ուրբաթ 25 ապրիլի երեկոյեան

Արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Վսեմաշուք Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելը. Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ Քամերլենկոն, այնպէս ինչպէս նախատեսուած է «Ordo Exsequiarum Romani Pontificis (թիւ. 66-81)» Քահանայապետական թաղման ծիսակարգին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ուրբաթ` 25 ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը ութին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ, Վսեմաշուք Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելը. Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ Քամերլենկոն, պիտի նախագահէ Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանչիկոսին դագաղի փակման արարողութիւնը, այնպէս ինչպէս նախատեսուած է «Ordo Exsequiarum Romani Pontificis (թիւ. 66-81)» Քահանայապետական թաղման ծիսակարգին մէջ։

Լուրը կը հաղորդէ Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու արարողապետ Գերապ. Տիեկօ Ռավելլի, հրամանաւ Կարդինալական Դասին։

Սոյն արարողութեան հրաւիրուած են մասնակցիլ` Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելը, Քամերլենկօ, Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ, Կարդինալական դասի աւագերէց, Կարդինալ Ռոճէ Միքայել Մահոնի, քահանայական կարգի կարդինալ, Կարդինալ Տոմինիք Մամպերթի, սարկաւագական կարգի կարդինալներուն աւագերէցը, Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին Սուրբ Պետրոս Քահանայապետական պազիլիքայի աւագերէցը, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, երբեմնի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնա, Հռոմի Թեմի Քահանայապետի փոխանորդ Արքեպիսկոպոսը, Գերապայծառ Իլսոն տէ Եզուս Մոնթանարի, Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ փոխ Քամերլենկօ, Գերապայծառ Լէոնարտօ Սափիենցա Քահանայապետական Տան Կառավարիչը, ապա Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի պատկան կղերական դասը, Վատիկանի Գերագոյն դատարանի անդամները, Քահանայապետի քարտուղարները ու Քահանայապետական Ծիսական արարողութիւններու արարողապետէն թողտուութիւնը ունեցող այլ անձինք։

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2025, 12:19