MAP

Ֆրանչիսկոս Պապին աճիւններու փոխադրման կարգը Սանթա Մարթայէն Սուրբ Պետրոս տաճար

Այսօրուընէ սկսեալ եւ փոխադրման կարգէն անմիջապէս ետքը Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի դռները բաց պիտի մնան հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն առջեւ, որոնք կը փափաքին իրենց վերջին հրաժեշտը տալ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ այս մէկը` Չորեքշաբթի` 23 ապրիլի ժամը 11:00-24:00, Հինգշաբթի` 24 ապրիլին ժամը 7:00-24:00 եւ Ուրբաթ` 25 ապրիլին ժամը 7:00-19:00։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վերջին անգամն ըլլալով Ֆրանչիսկոս Պապին մահկանացու մարմինը լքելով Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուրը, ուր տեղադրուած էր անցեալ երկուշաբթի օրoուընէ սկսեալ, փոխադրուեցաւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքա։

Արդարեւ այսօր չորեքշաբթի 23 Ապրիլի առաւօտեան, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Քահանայապետի աճիւններու փոխադրման կարգը զոր գլխաւորեց Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելը, մասնակցութեամբ Կարդինալական Դասի անդամներուն, այն կարդինալները` որոնք արդեն կարողացան Հռոմ ժամանել։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան  մէջ կատարուած աղօթքով մը, որուն ընթացքին Կարդինալ Ֆարրելը ի միջի այլոց հրաւիրեց  գոհութիւն յայտնել Տիրոջ՝ բազմաթիւ այն պարգևներուն համար, զոր շնորհած է քրիստոնեայ ժողովուրդին՝ Իր ծառայ Ֆրանչիսկոս Պապին միջոցաւ։

«Տիրոջմէ հայցենք, որ իր բարութեամբ և ողորմութեամբ իր ծառային շնորհէ յաւիտենական բնակարան երկնքի արքայութեան մէջ և երկնային յոյսով մխիթարէ Քահանայապետին ընտանիքը, Հռոմի Եկեղեցին և աշխարհասփիւռ հաւատացեալները» ըսաւ Կարդինալ Ֆարրել  մինչ Տոմուս Սանթա Մարթայի մուտքին տեղակայուած էին առաքելական վերապահեալները, կարմիր գողօնով և իրենց ձեռքին մէջ վարուած մոմերով և Զուիցերական զօրագունդի անդամները` իրենց պաշտօնական տարազներով, որոնք ապա քալեցինք դագաղի կողքին։

Ֆրանչիսկոս Պապին աճիւններու փոխադրման կարգը
Ֆրանչիսկոս Պապին աճիւններու փոխադրման կարգը   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Աղօթքէն ետքը արդարեւ սկիզբ առաւ խորհրդաւոր շքեղութեամբ թափօր մը, որ վերջին անգամն ըլլալով ընկերացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանէն դէպի Սուրբ Պետրոս տաճար մինչ տաճարին զանգակները սուգի ղօղանջներ կ՛ արձագէին։

Դագաղը շալկած էին պատգարակակիրները մինչ անոր մօտ կը քալէին ինչպէս նշեցինք Զուիցերական պահակագունդի անդամները առաջնորդուած Կարդինալական դասի հոյլով, անցնելով Վատիկանի «Sacrestia» պողոտայէն, Protomartiri Romani հրապարակէն եւ «Arco delle Campane»էն, այսինքն զանգակներու կամարը, որ կը տանի Սուրբ Պետրոս հրապարակ եւ որտեղէն Սրբազան Պապը յաճախակի դուրս եկած էր, հրապարակային ունկնդրութիւնները գլխաւորելու եւ կամ կարեւոր տօնական արարողութիւններու ժամանակ, ինչպէս պատահեցաւ նաեւ անցեալ կիրակի օրը` Սուրբ Զատկուայ օրը երբ Ան անակնկալ մը ուզեց կատարել ու հակառակ իր ծանր հիւանդութեան ու յոգնութեան, այդ կամարին տակէն անցնելով գնաց ողջագուրելու իր հօտը, յիսուն հազարէ աւելի հաւատացեալները, որոնք մասնակցած էին Զատկական Սուրբ Պատարագին եւ Ուրպի Էթ Օրպի օրհնութեան, որ եղաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին աշխարհին ու հաւատացեալներուն տուած վերջին օրհնութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապին աճիւններու փոխադրման կարգը
Ֆրանչիսկոս Պապին աճիւններու փոխադրման կարգը   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Երբ Ֆրանչիսկոս Պապին աճիւնները փոխադրող դագաղը Սուրբ Պետրոս հրապարակ հասաւ այնտեղ համախմբուած 20 հազարէ աւելի հաւատացեալները մեծ ծափողջոյնով ընկալեցին զայն։ Այնուհետև թափօրը իր երթը շարունակեց ու Սուրբ Պետրոս տաճար մտաւ կեդրոնական դուրէն հասնելով կեդրոնական խորանի ոտքին, ուր Քահանայապետին բաց դագաղը զետեղուեցաւ գետին, ուր  պիտի մնայ այսօրուընէ մինչեւ յառաջիկայ ուրբաթ օր, արժանանալու համար հաւատացեալներու մեծարանքին։

Արդարեւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Քահանայապետական թաղման կարգի արարողութեան մէջ ներմուծած նորութիւններէն մէկը այն է` որ Քահանայապետին դիակը ցուցադրութեան դրուի ոչ թէ ինչպէս ժամանակին կը կատարուէր բոլորովին բաց «անկողինի» մը վրայ, այլ դագային մէջ, ոչ որպէս այս աշխարհի մեծ իշխան մը, այլ որպէս Քրիստոսի ու անոր Եկեղեցւոյ ծառայ մը, նման բոլոր մահկանացուներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապին աճիւններու փոխադրման կարգը
Ֆրանչիսկոս Պապին աճիւններու փոխադրման կարգը   (Vatican Media)

Այսօրուընէ սկսեալ եւ փոխադրման կարգէն անմիջապէս ետքը Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի դռները բաց պիտի մնան հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն առջեւ, որոնք կը փափաքին իրենց վերջին հրաժեշտը տալ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ այս մէկը` Չորեքշաբթի` 23 ապրիլի ժամը 11:00-24:00, Հինգշաբթի` 24 ապրիլին ժամը 7:00-24:00 եւ Ուրբաթ` 25 ապրիլին ժամը 7:00-19:00։

Սրբազան Պապին աճիւններու փոխադրման ու Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ զետեղման կարգը աւարտեցաւ Ողջ լեր Թագուհի Տիրամօր նուիրուած տաղով ապա կարդինալները մէկիկ մէկիկ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին կանգ առնելով ու առանձնական աղօթք կատարելով Քահանայապետին դագային առջեւ։ Անոնց հետեւեցան հուսկ արարողութեան մասնակցող այլ ներկաները, որմէ ետքը բացուեցան Սուրբ Պետրոս տաճարին դռները եւ դուրսը սպասող հաւատացեալները սկսան ներս մտնել իրենց վերջին հրաժեշտը տալու իրենց սիրելի բարի հովիւին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2025, 10:20