MAP

2025.04.25 4° Congregazione Cardinali

Կարդինալներու միաբանական չորրորդ ժողովը` 149 կարդինալներու մասնակցութեամբ եւ այլ տեղեկութիւններ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի լրագրողներուն փոխանցեց Կարդինալական չորրորդ Ժողովի մասին մանրամասնութիւններ ապա այս օրերուն կայանալիք արարողութիւններու մասին տեղեկութիւններ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 25 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 9,10 անց Վատիկանի Սիւնոհոդոսական դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ  Թափուր Աթոռի Կարդինալական Դասի միաբանական պապընտիր նախապատրաստական չորրորդ ժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մինչեւ այժմ Հռոմ ժամանած 149 Ծիրանաւորներ, որոնցմէ մի քանիները կատարեցին նաեւ իրենց երդումը «ճշգրիտ և հաւատարմօրէն պահպանելու Հռոմի Գերագոյն Քահանայապետ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի «Universi Dominici Gregis» Առաքելական Սահմանադրութեան մէջ պարունակուող բոլոր նորմերը և խստօրէն պահպանել գաղտնիութիւնը Հռոմի Պապի ընտրութեան հետ կապուած ամէն ինչի վերաբերեալ, կամ որ, իր բնոյթով, Առաքելական Աթոռի թափուր ըլլալու ընթացքին կը պահանջէ նոյն գաղտնիութիւնը»։

Ժողովի ընթացքին, շարունակուեցաւ «Universi Dominici Gregis» Առաքելական Սահմանադրութեան յօդուածներուն ընթերցումը, ապա տեղի ունեցան Եկեղեցւոյ ու աշխարհի նիւթերուն հայող 33 միջամտութիւններ։

Ժողովի աւարտին Քահանայապետական Ծիսական արարողութիւններուն արարողապետ Գերապ. Ռավելլին բացատրութիւններ ներկայացուց քահանայապետի յուղարկաւորութեան արարողութեան մասին, որ պիտի ըլլայ հովիւի մը եւ ոչ թէ այս աշխարհի իշխանի մը յուղարկաւորութիւնը։

Կարդինալական չորրորդ ժողովը վերջ գտաւ ժամը 12,20 անց։

Այսօր երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապին դագաղի փակման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ դռնփակ իսկ վաղը նախատեսուած Ֆրանչիսկոս Պապի յուղարկաւորութեան արարողութեան առաջին տեղը վերապահուած պիտի ըլլայ Ֆրանչիսկոս Պապի հայրենիք Արժանթինի նախագահին, որուն մօտ պիտի նստի Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահը, հուսկ Թագաւորներն ու իշխանները եւ միւս երկիրներու նախագահները։

Ֆրանչիսկոս Պապի աճիւնները փոխադրող ինքնաշարժներու շքերթը դէպի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար, դուրս պիտի գայ Վատիկանի «Փերուճինօ» մուտքէն, ու գրեթէ կէս ժամ տեւող ճամբորդութենէ ետք պիտի հասնի Տիրամօր տաճար, ուր թաղման կարգը պիտի կատարուի դռնփակ։

Կիրակի` 27 ապրիլի յետմիջօրէին կարդինալական դասի անդամները պիտի այցելեն Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար, ժամը չորսին, ուր անցնելէ ետք տաճարի Սուրբ Դռան տակէն պիտի այցելեն Ֆրանչիսկոս Պապին գերեզմանը ապա Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը պահպանող մատուրը, ուր տեղի պիտի ունենայ ժամերգութեան արարողութիւնը։

Անցեալ չորեքշաբթի օրուընէ մինչեւ այսօրուայ ժամը 12-ին Սրբազան Պապին յարգանքի տուրք մատուցեցին աւելի քան 150 հազար անձինք։ Վատիկան Պազիլիքան իր դռները պիտի փակէ այսօր երեկոյեան ժամը եօթին, որմէ ետք նախատեսուած է դագաղի փակման արարողութիւնը։

Կարդինալներուն յաջորդ ժողովը նախատեսուած է երկուշաբթի` օր ժամը ինին իսկ մինչեւ օրս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մօտ հաւատարմագրուած լրագրողներուն թիւը հասած է 2700-ի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2025, 14:48