MAP

FILE PHOTO: Inter religious pray gathers spiritual leaders in Buenos Aires

Ֆրանչիսկոսի հոգեւոր ժառանգութիւնը Արժանթինի եւ ողջ աշխարհի մէջ։

Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Երրորդութեան նուիրուած Տաճարին մէջ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի յիշատակին՝ կրօնական տարբեր առաջնորդներու մասնակցութեամբ, անոնց շարքին ՝ հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերշ. Կիսակ Արք Մուրատեան
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի հայրենի քաղաք Պուէնոս Այրէսը եւ Արժանթինի Եկեղեցին 22 Ապրիլին, սգացին Ֆրանչիսկոս Պապին մահը։ Սուրբ Երրորդութիւն Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած Սուրբ Պատարագը միաւորեց տարբեր կրօններու առաջնորդները, անոնց շարքին ՝ հայ, հրեայ, մահմեդական, մեթոտիսթ եւ յիսուսեան, որոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին աղքատներու եւ անտեսուածներու Պապին։

«Պատերազմներու աշխարհի մէջ խաղաղութեան խօսնակը»

Ծիսակատարութեան ընթացքին բազմաթիւ եղան յիշողութիւնները Ֆրանչիսկոսի մասին, մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ Անոր խոնարհ եւ նուիրուած ապրելակերպը, Անոր նուիրուածութիւնը խաղաղութեան, գաղթականներու ընդունելութեանը եւ միջ կրօնական երկխօսութեան։

Նշուեցաւ, որ, որպէս հոգեւոր Առաջնորդ, «պատերազմներու աշխարհի մէջ խաղաղութեան խօսնակ» Ֆրանչիսկոս Պապը հաւատքի, խաղաղութեան եւ մօտիկութեան ժառանգութիւն ձգած է ընկերային ծայրամասերուն՝ ըլլայ Արժանթինի մէջ, ըլլայ ողջ աշխարհի մէջ․

Առարկայական ժեստեր

Շեշտուեցաւ արժանթինցի ժողովուրդի տխրութիւնը իրենց սիրելի Եորկէ Մարիոյի կորստեան առիթով, բայց եւ միաժամանակ այն զարմանքը, թէ ինչու, որպէս Քահանայապետ, Ան երբեք չէ վերադարձած իր հայրենի Երկիր։ Հարցադրում, որուն ժամանակը թերեւս պիտի պատասխանէ, սակայն կայ յստակ գիտակցութիւն, որ այդպիսով, որպէս առարկայական ժեստ դէպի աղքատները իր մեծ մտահոգութեան, Ան կարելիութիւնը ունեցաւ այցելելու աշխարհի ծայրամասերը։

Խօսք առած առաջնորդները շեշտեցին Ֆրանչիսկոսի բազմաթիւ առարկայական ժեստերը, որոնք բառերէն առաւել պերճախօս եղած են, ինչպէս Զատիկի կիրակի օրը, որ իր այդքան քիչ ուժով եւ փխրունութեամբ, կարծես ընդլայնեց այս աշխարհի սահմանափակումները եւ օրհնեց Հռոմ քաղաքը, անոր թեմը եւ աշխարհը խաղաղութեան յորդորով՝ տեղի ունեցող այդքան շատ պատերազմներու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապի սիւնհոդոսական ուղին

Ֆրանչիսկոս վճռական կերպով մինչեւ վերջ Աստուծոյ ժողովուրդին մօտ մնաց, Անոր Քահանայապետութիւնը աւարտեցաւ այնպէս, ինչպէս սկսած էր՝ ժողովուրդի մէջ, Անոր քարոզած ողորմութիւնը վերացական գաղափար մը չէր եւ չէ, այլ ամենօրեայ գործողութիւն։

Սրբազան Պապը «մեզ վերադարձուց դէպի մեր արմատները՝ որպէս միսիոներական Եկեղեցի։ Անոր Քահանայապետութեան ամենէ մեծ դրոշմներէն մին սիւնհոդոսական ուղին էր։ Ֆրանչիսկոս հաստատեց մեր ցանկութիւնը՝ կառուցել եղբայրական, մասնակցային Եկեղեցի, որտեղ բոլորը ձայն ունենան» եղաւ հուսկ շեշտադրումներէն մին։

Ի վերջոյ հնչեց յորդոր՝ շարունակելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի խաղաղութեան, միասնութեան եւ երկխօսութեան ժառանգութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2025, 09:00