Սէրը կը միացնէ եւ աճիլ կու տայ միասին. Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Նափոլիի եւ իտալիոյ այլ քաղաքներու ուխտաւորներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունակէ խնամք ստանալ Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ իր իսկ հռչակած Յոյսին նուիրուած Յոբելենական տարուան առիթով Հռոմ ժամանող ուխտաւորներուն հոսքը դադար չունի եւ այսօր Իտալիոյ մայրաքաղաքը հիւրընկալեց Երկրին տարբեր Թեմերէն բազմահազար ուխտաւորներ ինչպէս Ալպանօ, Ֆրասքաթի ապա Պոլոնիա, Չեզենա, Քունէօ Ֆոսսանօ, ու այլ թեմերու ուխտաւորները որոնց շարքին նաեւ Նափոլի քաղաքէն բազմաթիւ ուխտաւորներ որոնք առիթը ունեցան անցնելու Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Յոբելենական տարւոյն առիթով անցեալ 24 դեկտեմբերին բացուած Սուրբ Դռան տակէն ապա առաւօտեան ժամը 10ին մասնակցելու Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Յոբելենական ուխտագնացութեան նուիրուած Սուրբ Պատարագին զոր գլխաւորեց Նափոլի Քաղաքի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Տոմենիքօ Պաթթալիա։
Նափոլի թեմին եւ իտալիոյ այլ թեմերուն յոբելենական ուխտագնացութիւններուն առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած սուրբ զոհի ընթացքին Կարդինալ Տոմենիքօ Պաթթալիան ընթերցեց այս առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին Ճեմելլի հիւանդանոցէն ներկաներուն ուղղած պատգամը, որուն մէջ Սրբազան Պապը ողջունելով ուխտաւորները եւ անոնց եպիսկոպոսները նշեց թէ այս հաւաքը կ՛արտայայտէ «միութիւնը» որ «որպէս հասարակութիւն զանոնք կը համախմբէ իրենց Հովիւներուն ու Հռոմի եպիսկոպոսին շուրջ», ու կ՛արտայայտէ նաեւ «յանձնառումը ողջագուրելու Յիսուսին հրաւէրը մտնելու «նեղ դուրէն» (Մատթ. 7,13)։
«Այսպէս է սէրը` կը միացնէ եւ աճիլ կու տայ միասին։ Ասոր համար, հակառակ տարբեր ուղեւորութիւններու, ձեզ բերաւ այստեղ Պետրոսի դամբանին մօտ, ուրտեղէն պիտի կարենաք վերամեկնիլ աւելիով զօրացած հաւատքի մէջ եւ աւելիով միացած սիրոյ մէջ» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ, նշելով նաեւ, թէ այս օրերուն ինք զգացած է անոնց մօտիկութեան աջակցութիւնը, յատկապէս իրեն ընկերացող աղօթքներով։
«Ասոր համար, նոյնիսկ եթէ ֆիզիկապէս չեմ կրնար ձեր մէջ գտնուիլ, ձեզի կը փոխանցեմ իմ մեծ ուրախութիւնս ձետ տեսնելով միացած ինծի եւ իրար միջեւ ի Տէր Յիսուս, որպէս Եկեղեցի» նշեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու պատգամը աւարտեց օրհնելով բոլորը ու անոնց հաւաստիացնելով իր աղօթքները եւ յանձնարարելով` որ շարունակեն աղօթել իրեն համար։
Պատգամը ստորագրուած է Ֆրանչիսկոս ու տրուած է ճեմելլի հիւանդանոցէն 22 Մարտ 2025-ին
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ