MAP

Կամաւորներու Յոբելեանի պատարագ. «Ձեր նուիրումը յոյս կը ներշնչէ բոլոր հասարակութեան»

Յիսուսին հետեւելով մենք պանդուխտ ըլլալէն կը դադրինք եւ կը դառնանք ուխտաւորներ: Սուրբ Պատարագը գլխաւորեց Ֆրանչիսկոս Պապի պատուիրակ Կարդինալ Միքայել Չեռնի որ սուրբ զոհի ընթացքին կարդաց Նորին Սրբութեան այս առիթով պատրաստած քարոզը
Ունկնդրէ Սրբազան Պապին հայող լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 9 Մարտ 2025ի առաւօտեան ժամը 10,30ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագ նուիրուած կամաւորական աշխարհին, որ այս օրերուն կազմակերպած է Յոբելենական ուխտագնացութիւնը եւ որուն առիթով Հռոմ ժամանեցին 30 հազարէ աւելի ուխտաւորներ։

Սուրբ Զոհը գլխաւորեց Ֆրանչիսկոս Պապին պատուիրակ Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան վերատեսչութեան Վերատեսուչը` Կարդինալ Միքայել Չեռնի, փոխան Ֆրանչիսկոս Պապին, որ ինչպէս գիտենք այս օրերուն կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց։

Արարողութեան ընթացքին Ծիրանաւորը կարդաց Նորին Սրբութեան այս առիթով պատրաստած քարոզը, որուն մէջ Ան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուցած էր Յիսուսի անապատին մէջ ապրած փորձութիւններու վրայ, ընդգծելով թէ «երբ Յիսուս անապատ կը մտնէ, տեղի կ՛ունենայ հիմնական փոփոխութիւն, լռութեան վայրը կը դառնայ ունկնդրութեան վայր։ Ունկնդրութիւն մը` որ փորձութեան կ՛ենթարկուի, որովհետեւ պէտք է ընտրել իրար հակառակ երկու ձայներէն որ մէկուն մտիկ ընել» գրած էր Սրբազան Պապը քարոզին մէջ։

Կամաւորներու Յոբելեանի պատարագ
Կամաւորներու Յոբելեանի պատարագ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Յիսուս մեզի ուժ կու տայ պայքարելու համար չարին դէմ

Յիսուս առաջնորդուած Սուրբ Հոգիէն այդ փորձութիւնները կը դիմագրաւէ ոչ թէ ինքնահաւանութեան համար այլ Հօր հնազանդելուն համար։ Անոր անօթութեան եւ դիւրաբեկութեան փորձառութիւնը զուգահեռ է մեր անօթութեան եւ դիւրաբեկութեան, այն տարբերութեամբ, թէ մեր փորձութիւնը միշտ ալ կրաւորական է, մինչ իրը փնտռուած ու ընտրուած է։

«Մարդեղացած Աստուծոյ Որդին չի  բաւարարուիր մեզի տալու չարի դէմ պայքարի օրինակ մը, այլ աւելին, ան մեզի ուժ կու տայ դիմադրելու անոր յարձակումներուն և հաստատակամօրէն շարունակելու ճանապարհը»:

Կամաւորներու Յոբելեանի պատարագ
Կամաւորներու Յոբելեանի պատարագ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Սատանան կը փորձէ Յիսուսը, ջանալով խզել անոր կապը Աստուծոյ հետ, կասկածներ յառաջացնելով անոր աստուածային հայրութեան վերաբերեալ: Յիսուս սակայն կը դիմադրէ, ընտրելով ապրիլ իր որդիութիւնը ներառական ձևով՝ Հօր հետ փոխյարաբերութիւններու պարգևը տարածելով բոլորի վրայ:

Իսկ մենք ընդհակառակը, շատ անգամ մղուած ենք մտածելու որ Աստուած մեզ լքեց, մինչ իրականութեան մէջ Ան մեզի կը մօտենայ, յատկապէս փորձանքի պահերուն։

Կամաւորներու Յոբելեանի պատարագ
Կամաւորներու Յոբելեանի պատարագ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Յիսուսին հետեւելով կարող ենք  տկարութիւնները  փոխակերպել փրկագնման ճանապարհի

Յիսուս յաղթելով հանդերձ անապատին, պիտի դիմագրաւէ այլ փորձութիւններ, որոնք իրենց գագաթնակէտը կը գտնեն Չարչարանքներուն մէջ։ Մեր պարտութիւնն ալ փորձութիւններու դիմաց վերջնական չէ, որովհետեւ Աստուած մեզ կը վերականգնէ անկումներէն, ներումի միջոցաւ։ Յիսուսին հետեւելով, մերք մեր տկարութիւնները կարող ենք փոխակերպել փրկագնման ճանապարհի։ Յիսուսին հետեւելով մենք պանդուխտ ըլլալէն կը դադրինք եւ կը դառնանք ուխտաւորներ:

Կամաւորներու Յոբելեանի պատարագ
Կամաւորներու Յոբելեանի պատարագ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Շնորհակալութիւն կամաւորներուն

Սրբազան Պապը առ այդ քարոզի աւարտին կը հրաւիրէ բոլորը Քառասնորդացի ուղեւորութիւնը յանձն առնել նորոգուած կամքով, ապա իր երախտագիտութիւնը արտայայտեց բոլոր կամաւորներուն, որոնք Հռոմ կը գտնուին իրենց Յոբելենական ուխտագնացութեան համար, որովհետեւ Քրիստոսին օրինակին հետեւելով իրենց անվերապահ ծառայութիւնը կը մատուցեն ուրիշներուն։

«Փողոցներուն և տուներուն մէջ, հիւանդներու, տառատպեալներու, բանտարկուածներու կողքին, երիտասարդներու և տարեցներու կողքին ձեր նուիրումը յոյս կը ներշնչէ բոլոր հասարակութեան: Աղքատութեան և առանձնութեան անապատներուն մէջ անվերապահ ծառայութեան բազմաթիւ փոքրիկ ժեստերը կը ծաղկեցնեն նոր մարդկութեան ծիլերը. այն այգին, որ Աստուած երազեց և կը շարունակէ երազել բոլորիս համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2025, 11:02