Անզօր ձայնը և դիւրաբեկութեան վարդապետութիւնը
Անտրէա Թոռնիելլի
Քահանայապետութեան տասներկուերորդ տարեդարձը այս տարի կը զուգադիպի Ֆրանչիսկոս Պապին համար յատուկ պահի մը ընթացքին, որ գրեթէ մէկ ամիսէ ի վեր կ՛ապրի Policlinico Gemelli-ի հիւանդանոցի տասներորդ յարկին վրայ։
Վերջին բժշկական տեղեկագիրներէն եկող լուրերը` քաջալերական են, վերապահութեան կանխատեսումը լուծարուած է, յոյս կայ, որ Ան շուտով կը կարողանայ Վատիկան վերադառնայ, սակայն անտարակոյս այս օրերուն Սրբազան Պապին ապրած Քահանայապետութեան տարեդարձը շատ եզակի է։
Ճիշտ տարին, որ յատկանշուած էր է ամենաերկար միջմայրցամաքային ճանապարհորդութեամբ (Ինդոնեզեա, Փափուա Նոր Կինէա, Թիմոր Լեսթ և Սինկափուր), Սիւնհոդոսական Սինոդի աւարտով և Սուրբ դռան բացմամբ, որ սկիզբ տուաւ Յոբելեանին , այժմ կ՛ արձանագրէ այս նուրբ անցումը:
Սուրբ Պետրոսին յաջորդը, հիւանդ հիւանդներու միջեւ կը տառապի եւ կ՜աղօթէ խաղաղութեան համար, աջակցութեամբ համայն աշխարհի մէջ բազմաթիւ անձերու խմբերգային աղօթքով։
Ինք որ այս տասներկու տարիներու ընթացքին որեւէ մէկ հանդիպում, ունկնդրութիւն, կամ Մարեմեան աղօթք չաւարտեց առանց «Խնդրեմ մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար» բարերով, այսօր կը փորձարկէ զինք սիրով բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ ոչ հաւատացեալներու ողջագուրումը։
Ժամանակահատուած մըն է որ կը բացայայտէ սրտերը: Ժամանակ մըն է, երբ անօգուտ չէ մենք մեզ հարցադրելու Եկեղեցւոյ բնոյթի և Հռոմի եպիսկոպոսի առաքելութեան մասին, որ այնքան շատ կը տարբերի բազմազգ կազմակերպութեան մը գլխաւոր ղեկավարի մը առաքելութիւնէն:
Տասներկու տարիներ առաջ, այդ ժամանակուայ Կարդինալ Պերկոլիոն միջամտեց կարդինալներու ընդհանուր ժողովի նիստերուն, յղում կատարելով այն իրողութեան զոր Henri De Lubac կը նկատէր «ամենավատ չարիքը» որուն մէջ կրնայ ներգրաւուիլ Եկեղեցին, «հոգեւոր աշխարհիկութիւնը»։ Այսինքն այն վտանգը ունենալու Եկեղեցի մը` որ «կը հաւատայ ունենալ սեփական լոյս մը», հիմնուելով սեփական ուժերուն եւ ռազմավարութիւններուն վրայ, սեփական արդիւնաւէտութեան վրայ, դադրելով ըլլալ «mysterium lunae», այսինքն՝ արտացոլել Ուրիշի լոյսը, ապրիլ և աշխատիլ միայն Անոր շնորհքով, որ ըսած է. «Առանց ինծի ոչինչ չկարող էք ընել»:
Անգամ մը եւս յիշելով այդ խօսքերը՝ այսօր մենք սիրով և յոյսով կը նայինք Ճեմելի հիւանդանոցի տասներորդ յարկի պատուհաններուն։
Շնորհակալութիւն յայտնենք Ֆրանչիսկոս Պապին իր այս դիւրաբեկութեան Վարդապետութեան համար, այն տակաւին անզօր ձայնին, որ անցեալ օրերուն միացաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Սուրբ Վարդարանի աղօթքին։ Դիւրաբեկ ձայն մը որ կը շարունակէ աղերսել խաղաղութիւն եւ ոչ պատերազմ, երկխօսութիւն եւ ոչ գերակշռում կարեկցութիւն եւ ոչ անտարբերութիւն։
Բարի տարեդարձ, մենք տակաւին շատ պէտք ունինք քու ձայնիդ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ