Յոյսի դեսպաններ. Միասին մարդավաճառութեան դէմ. Քահանայապետական պատգամ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 7 Փետրուար 2025-ին հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի ու խորհրդածութեան 11րդ Օրուայ պատգամը` որուն բնաբանն է «Յոյսի դեսպաններ. Միասին մարդավաճառութեան դէմ»։
Պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն կ՛արտայայտէ Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի ու խորհրդածութեան 11րդ Օրուան միանալուն համար, յիշեցնելով` որ այս Օրը կը յիշատակուի Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթայի ծիսական տօնին զուգահեռ, որ Սուտանցի կրօնաւորուհի մըն էր եւ մանուկ հասակին թիրախ դարձած էր մարդավաճառութեան։
«Այս Յոբելենական տարուան ընթացքին միասին քալենք որպէս «Յոյսի Ուխտաւորներ» նաեւ մարդավաճառութեան հակազդող ճանապարհին վրայ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ, ընդգծելով յոյսը վառ պահելու կարեւորութիւնը ի տես մարդավաճառութեան ծանր երեւոյթին, որ կը հարուածէ միլիոնաւոր մարդիկ եւ յատկապէս կիներն ու մանուկները։
«Բայց ինչպէ՞ս կարող ենք շարունակել յոյս սնուցել միլիոնաւոր մարդկանց, յատկապէս կանանց ու մանուկներուն, երիտասարդներուն, գաղթականներուն և փախստականներուն, որոնք պատանդ են ժամանակակից ստրկութեան: Որտե՞ղէն կարող ենք միշտ նոր ազդակներ քաղել պայքարելու համար մարդու մարմնային անդամներու առևտուրին, մանուկներու սեռական շահագործման, հարկադիր աշխատանքին, ներառեալ մարմնավաճառութեան, թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան և զէնքի առևտուրի դէմ: Ինչպէ՞ս կարող ենք այս ամէնը արձանագրել և յոյսը չկորսնցնել» հարց կու տայ Նորին Սրբութիւնը ու կը բացատրէ` թէ այս մէկը կարելի է միայն «հայեացքը ուղղելով Քրիստոսին, մեր յոյսին... ուժի աղբիւր», դիմագրաւելու համար այս անարդարութիւնները ու դառնալու «յոյսի դեսպաններ», գործունեայ կերպով այդ ահռելի ոճիրի զոհերուն ու վերապրողներուն մօտիկ ըլլալու յանձնառութեամբ, «որպէսզի օգնենք անոնց` որ վերականգնին ու անոնց հետ միասին գտնենք լաւագոյն ուղիները` ազատելու համար մարդավաճառութեան զոհ այլ անձեր, ձեռնարկելով կանխարգիլման միջոցներ»։
Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը կը խօսքի մարդավաճառութեան երեւոյթի բարդութեան մասին, որ սնուած է պատերազմներէն, հակամարտութիւններէն ու կլիմայական փոփոխութիւններէն ու կը պահանջէ «ընդհանրական պատասխան մը ու միասնական յանձնառում» անոր դէմ պայքար մղելու համար։
«Կը հրաւիրեմ ձեզ բոլորդ ու յատկապէս կառավարութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք կը կիսեն այս յանձնառումը, միանալու մեզի, եւ ոգեւորուած աղօթքով, խթանեն միջոցառումներ ի պաշտպանութիւն մարդկային արժանապատւութեան, վերացնելու համար մարդավաճառութիւնը, իր բոլոր ձեւերով ու խաղաղութիւն խթանելու աշխարհին մէջ» կը գրէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը պատգամի աւարտին, ուր հայցելով Սրբուհի Պախիթային բարեխօսութիւնը կը քաջալերէ բոլորը քաջութեամբ ու հաւատքով շարունակելու գործունէութիւնը` այնպիսի պայմաններ ստեղծելու համար որպէսզի «մարդավաճառութիւնն ու շահագործումը վերացուին ու միշտ աւելիով գերակայէ մարդ անհատի հիմնական իրաւունքներուն յարգանքը»։
Յառաջ ընթացէք Տիրոջ մէջ յոյսով որ կը քալէ ձեր հետ» կը խրախուսէ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով 4 Փետրուար 2025 թուական կրող Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի ու խորհրդածութեան 11րդ Օրուան իր պատգամը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ