MAP

2024ի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան փակման արարողութիւն 2024ի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան փակման արարողութիւն  (Vatican Media)

Հրապարակուեցաւ Սրբազան Պապին յառաջիկայ ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւններու յայտագիրը

25 Յունուարին փակում Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան, 26 Յունուարին Հաղորդակցութեան աշխարհի Յոբելենական պատարագ, մէկ փետրուարին Տօն Ընծայման Յիսուսի եւ ինը Փետրուարին Զինուած ուժերու, ոստիկանութեան և անվտանգութեան ու ապահովական մարմնի Յոբելեանի Սուրբ Պատարագ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 8 Յունուարին Քահանայապետական ծիսակատարութիւններու գրասենեակի արարողապետ Գերապայծառ Տիեկօ Ռավելլիի ստորագրութիւնը կրող հաղորդագրութեամբ տեղեկացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին յառաջիկայ օրերուն գլխաւորելիք արարողութիւններու յայտագիրը։

Յառաջիկայ 25 Յունուարին, Սուրբ Պօղոս առաքեալի դարձի տօնին առիթով, Նորին Սրբութիւնը ըստ աւանդութեան, Քրիստոնեաներու միութեան 58րդ աղօթքի շաբաթուան առիթով, կէսօրէն ետքը ժամը 5,30ին, Պատերէն դուրս Սուրբ Պօղոսի անուան տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը, որով փակումը պիտի կատարէ աղօթքի շաբթուան որ սկիզբ առած էր 18 Յունուարին։

Երկրորդ օրը` 26 Յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի պապական պազիլիքային մէջ, Աստուծոյ Խօսքի կիրակիին առիթով, պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը` որուն առիթով պիտի նշուի Հաղորդակցութեան աշխարհի Յոբելեանը։

Փետրուար ամսուայ մէջ նախատեսուած են այլ երկու արարողութիւններ, առաջինը մէկ փետրուարին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին օրը։ Նորին Սրբութիւնը կէսօրէն ետքը ժամը հինգին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը, իսկ  Կիրակի ինը փետրուարին  Ան միշտ Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ կը նախագահէ Զինուած ուժերու, ոստիկանութեան և անվտանգութեան ու ապահովական մարմիններու Յոբելեանի Սուրբ Պատարագը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2025, 12:25