Վճռական քայլ կատարենք դէպի միութիւն` Սուրբ Զատկուայ համար միասնական թուական մը ընտրելով. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան -Վատիկան
Շաբաթ` 25 Յունուար 2025ի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պօղոսի անուան տաճարին մէջ գլխաւորեց Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը եզրափակող ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ներառեալ Հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ կղերականներ։
«Կը հաւատա՞ս ասոր»
Այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Պապը մեկնաբանեց Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած Մարթայի եւ Յիսուսին միջեւ հանդիպման դրուագը, որուն մէջ Մարթան իր ցաւը կ՛արտայայտէ իր եղբօր Ղազարոսի մահուան համար եւ Յիսուսին ժամանումի ուշացումին համար. «Տէր եթէ դուն հոս ըլլայիր եղբայրս պիտի չմեռնէր» (Յովհ. 11,21) կ՛ ըսէ ան Յիսուսին, բայց միեւնոյն ատեն Յիսուսին ներկայութիւնը անոր մէջ կը հրահրէ յոյսը, որ զայն կը մղէ հաւատքի դաւանանք մը կատարելու. «Բայց հիմա ալ գիտեմ, թէ ինչ որ խնդրես Աստուծմէ Աստուած զայն կու տայ քեզի»։ Յիսուս առ այդ անոր կը յայտնէ յարութեան իրականութիւնը, ոչ միայն որպէս ժամանակներու լրումին իրականացուած բան մը, այլ ներկայի իրադարձութիւն` որովհետեւ նոյնինքն Ինքն է յարութիւնն ու կեանքը եւ ասկէ մեկնելով Մարթային հարց կու տայ. «Կը հաւատա՞ս ասոր»։
Յոյսը երբեք յուսախաբ չի թողուր»
Այս փոքր եւ խոր հարցումը մեզ կը հրաւիրէ խորհելու յոյսի մասին նոյնիսկ ամենավատ պահերու ընթացքին եւ ճիշտ ասկէ մեկնելով, որ Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ թէ «նոյնիսկ ցաւի ու յուսալքումի իրավիճակներուն մէջ, Քրիստոսին մէջ յոյսը կարող է վերածնիլ»։
«Յոյսը երբեք յուսախաբ չի թողուր», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ այս յոյսի պատգամը յատուկէն իմաստալից է նաեւ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար, որոնք յաճախ կարող են իրենք զիրենք զգալ ճնշուած դժուարութիւններու առջեւ։ Բայց Յիսուսին ներկայութիւնը կեանքի եւ ուժի աղբիւր մըն է, որպէսզի կարենանք վերսկսիլ ճանապարհորդութիւնը։
Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի 1700 ամեակը
Այս յոյսի պատգամը կիզակէտն է նոր սկիզբ առած Յոբելեանին։ Սուրբ Պօղոսը, որուն դարձի տօնը կը նշենք այսօր, Հռոմի քրիստոնեաներուն կը գրէր. «Յոյսը չի խաբեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը սփռուած է մեր սրտերուն մէջ, Սուրբ Հոգիի միջոցաւ որ մեզի տրուեցաւ» (Հռմ. 5,5)։ Բոլորս ալ ընդունեցանք մկրտութիւնը եւ անիկա մեր համամիութենական ուղեւորութեան հիմքն է» յարեց Նորին Սրբութիւնը։
Ան ապա ակնարկեց Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի 1700 ամեակի Յոյսի Յոբելեանին հետ զուգադիպութեան։ Ժողով` որուն մէջ Ժողովական Հայրերը որդեգրեցին հաւատոյ դաւանանքը, զոր բազմաթիւ քրիստոնեաներ տակաւին կը շարունակեն դաւանիլ այսօր, ամէն կիրակի Սուրբ պատարագի ընթացքին։
Անիկայ միասնական հաւատոյ դաւանանք է, որ կը շրջանցէ բոլոր բաժանումները որոնք դարերու հոլովոյթին վիրաւորեցին Քրիստոսին Մարմինը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովին այս տարեդարձը շնորհքի տարի մը կը ներկայացնէ եւ բոլոր քրիստոնեաներուն համար հնարաւորութիւն է վերագտնելու համար հաւատքի միասնական արմատները ։
Սուրբ Զատիկը միասին տօնելու կոչ
«Այս տարեդարձը միայն պատմական յիշողութիւն մը չէ այլ հրաւէր` վկայելու միութիւնը եւ կառուցելու ամուր կապեր քրիստոնեայ զանազան հասարակութիւններուն միջեւ» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով, որ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը առիթ կ՛ընծայէ շարունակելու համար ճանապարհը դէպի միութիւն, ի տես նաեւ այն զուգադիպութեան որ այս տարի Սուրբ Զատիկը պիտի տօնուի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նոյն օրը եւ ասիկա բացառիկ առիթ է, որպէսզի որդեգրենք միասնական թուական մը, սուրբ Զատիկը տօնելու միասին, եւ կաթողիկէ Եկեղեցին պատրաստ է ընդունելու որեւէ թուական որ բոլորը միասին կ՛առաջարկեն», նշեց ի միջի ալոց Սրբազան Պապը, որ քարոզի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց տարբեր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, որոնք մասնակցեցան արարողութեան, ընդգծելով միասին աղօթելու կարեւորութիւնը։
Վկայել Աստուծոյ Միածին Որդին, մեր յոյսին աղբիւրը
Ան ապա հրաւիրեց բոլորը իրենց յոյսը գտնելու Քրիստոսին մէջ ու զայն կիսելու անոնց հետ, որոնք դժուար պահեր կ՛ապրին։
«Յիսուսին մէջ Յոյսը արդարեւ միշտ ալ կարելի է։ Ան թիկունք կը կանգնի նաեւ դէպի իրեն տանող մեր միասնական ուղեւորութեան յոյսին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ յղում կատարեց Յիսուսին Մարթային ուղղած հարցումին. «Կը հաւատա՞ս ասոր» ապա հարց տուաւ «մենք կը հաւատա՞նք մեր միջեւ հաղորդութեան»։
«Եղբայրներ եւ քոյրեր ասիկա ժամանակն է հաստատելու մեր հաւատքի դաւանանքը` միակ Աստուծոյ վրայ ու Յիսուս Քրիստոսի մէջ գտնելու միութեան ուղին» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով չյոգնիլ բոլոր ազգերուն առջեւ վկայելու Աստուծոյ Միածին Որդին, մեր յոյսին աղբիւրը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ