Քահանայապետին ողջոյնի խօսքերը ուխտաւորներուն. Պաշտպանել կեանքն ու մանուկները, Յոբելեանը ապրիլ որպէս նորոգումի ժամանակ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 8 Յունուար 2025-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց տարուան առաջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն կեդրոնական նիւթն էր մանուկները ու անոնց արժանապատւութիւնը, եւ ունկնդրութեան աւարտին զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսք ուղղեց ունկնդրութեան մասնակցող հազարաւոր ուխտաւորներուն.
Փորթուկալցի հաւատացեալներուն դիմելով Նորին Սրբութիւնը ի միջի այլոց ըսաւ. «Փորթուկալական լեզուի սիրելի ուխտաւորներ...Յիշեցէք միշտ թէ մանուկները յոյս են։ Պաշտպանեցէք անոնց ժպիտը, որ Աստուծոյ քնքշութեան ամենագեղեցիկ դրսեւորումներէն մին է»։
Ան ապա ողջունելով Ֆրանսացի հաւատացեալները հրաւիրեց զանոնք հայցելու շնորհքը վերագտնելու համար այն կարեւոր տեղը` զոր իւրաքանչիւր մանուկն ունի Աստուծոյ սրտին մէջ, այնպէս որ մենք մեղսակից չդառնանք ոտնձգութիւններուն, որոնք անոնց դէմ կը կատարուին, այլ դատապարտենք զանոնք վճռակամութեամբ»։
Ողջունելով հուսկ Լեհ ուխտաւորները Նորին Սրբութիւնը յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ։ որ կը խրախուսէր կառուցելու սիրոյ ու կեանքի քաղաքակրթութիւն մը եւ ասկէ մեկնելով քաջալերեց հաւատացեալները շարունակելու Եկեղեցւոյ այս կոչը ընկալել, որպէս առաջնահերթութիւն։ «Կեանքը պաշտպանեցէք սիրով, անոր զարգացումի իւրաքանչիւր փուլին մէջ, սաղմէն մինչեւ բնական մահ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով նաեւ զաւակները մեծցնել իմաստութեան ու շնորհքի մէջ։
Ապա Գերմանացի ուխտաւորներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Քահանայապետը ակնարկեց Յոբելենական տարւոյն սկիզբին` «որուն առիթով մենք հոգեպէս կ՛երթանք Բեթղեհէմ Մոգերու նման տեսնելու համար աշխարհին լոյսը», ըսաւ Ան մինչ արաբական աշխարհի հաւատացեալները ողջունելով Նորին Սրբութիւնը մաղթեց` որ նոր տարին ըլլայ տարի մը, որուն մէջ աճի խաղաղութիւնը, այն իսկական ու մնայուն խաղաղութիւնը զոր Աստուած կ՛ուզէ մեզի համար» ըսաւ Ան իր օրհնութիւնները շնորհելով բոլորին։
Չինացի հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց` որ նոր սկիզբ առած Յոբելեանը բոլորիս համար ըլլայ շնորհքի եւ ներքին նորոգումի տարի մը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ