MAP

2024.12.24 Rito apertura Porta Santa Basilica di San Pietro

Յոբելենական Տարւոյն աղօթքը

Յոբելենականի շնորհքը մեր՝ Յոյսի Ուխտաւորներուս մէջ թող վերակենդանացնէ, երկնային բարիքներու հանդէպ իղձը եւ հորդէ ամբողջ աշխարհի վրայ ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը մեր Փրկչին։

Հա՛յր, որ երկինքն ես,

այն Հաւատքը, զոր մեզի ընծայեցիր

Քու Որդիիդ Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր եղբօր միջոցաւ,

եւ սիրոյ բոցը

տարածուած մեր սրտերուն մէջ Սուրբ Հոգիէն,

թող մեր մէջ կրկին սթափեցնեն երանելի յոյսը

Քու Թագաւորութեանդ գալուստին։

 

Քու շնորհքդ թող մեզ փոխակերպէ

աւետարանական հատիկներու գործունեայ մշակներու,

որոնք կը թրծեն մարդկութիւնն ու տիեզերքը

նոր երկնքի եւ նոր երկրի

հաւատարիմ սպասումի մէջ,

երբ յաղթուած ըլլան Չարին ուժերը,

առ յաւէտ յայտնուի քու փառքդ։

 

Յոբելեանի շնորհքը

մեր՝ Յոյսի Ուխտաւորներուս մէջ թող վերակենդանացնէ,

երկնային բարիքներու հանդէպ իղձը

եւ հորդէ ամբողջ աշխարհի վրայ

ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը

մեր Փրկչին։

 

Քեզի, Տէ՜ր, յաւիտենապէս օրհնուած

օրհնութիւն եւ փառք յաւիտեանս.

Ամէն։

Ֆրանչիսկոս

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2025, 18:16