MAP

Կառչած մնանք յոյսի խարիսխին ու բաց պահենք սրտին դռները. Ֆրանչիսկոս Պապը բանտարկեալներուն։

Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Ռեպիպիս բանտին մէջ բացումը կատարեց Յոբելենական սուրբ դռան ապա մատուցեց Սուրբ Պատարագը: «Առաջին դուռը բացուեցաւ Սուրբ Պետրոսի մէջ եւ ես ուզեցի, որ երկրորդ սուրբ դուռը ըլլայ բանտին մէջ, որպէսզի իւրաքանչիւրս, մենք բոլորս ըլլայ ներսը, ըլլայ դուրսը, կարելիութիւնը ունենաք բանալու սրտին դռները` եւ հասկնալու` թէ յոյսը յուսախաբ չի թողուր» ըսաւ Քահանայապետը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 26 դեկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Հռոմի Ռեպիպիա բանտը, ուր նախագահեց բանտին սուրբ դռան բացումը ու մատուցեց սուրբ պատարագը։

Արդարեւ անցեալ օր` 24 դեկտեմբերի երեկոյեան, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Սուրբ Դռան բացումը կատարելէն ետքը, որով բացումը կատարուեցաւ նաեւ Յոբելենական տարուան, Նորին Սրբութիւնը ուզեց խորհրդանշական կերպով բանալ բանտի մը սուրբ դուռը, որպէս մօտիկութեան նշան ու իղձ եւ մաղթանք ազատութեան կարիքին։

Ռեպիպիա բանտին Սուրբ Դռան բացումը
Ռեպիպիա բանտին Սուրբ Դռան բացումը   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Սրբազան Պապը Վատիկանէն մեկնեցաւ առաւօտեան ժամը ութի ժամանակները ու Ռեպիպիա բանտ հասաւ գրեթէ 40 վայրկեան ետքը, ուր բանտէն դուրս դիմաւորուեցաւ խումբ մը հաւատացեալներու կողմէ, որոնց մեծամասնութիւնը բանտարկեալներուն հարազատներն էին, Ան ապա բանտի մուտքին ողջունեց բանտին տնօրէնն ու անձնակազմի անդամները, ինչպէս նաեւ բանտի մատրանապետները, ապա ուղղուեցաւ բանտին «Մեր Հայր» մատուռ, ուր զինք կը սպասէին գրեթէ 300 անհատ, կազմուած բանտարկեալներէ ու բանտապահներէ։

Յայտնենք` որ իր Քահանայապետ ընտրուելէն ետքը` այս 11-րդ բանտն է` որուն այցելութիւն տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Սուրբ Դռան բացումը
Սուրբ Դռան բացումը

Սուրբ դռան բացումը

Ինչպէս նշեցինք, Նորին Սրբութիւնը բանտին մէջ նախ բացումը կատարեց Սուրբ Դռան, որ «Մեր Հայր» մատուռին կեդրոնական դուռն էր, եւ այս առիթով արտասանած աղօթքին մէջ ըսաւ. «այս դուռին բացումը թող մեզի առիթ ընծայէ ապագային նայելու յոյսով», ապա նշելով` որ առաջին դուռը բացուեցաւ Սուրբ Պետրոսի մէջ յայտնեց թէ ինք  ուզեց` որ «երկրորդ սուրբ դուռը ըլլայ բանտին մէջ, որպէսզի իւրաքանչիւրս, մենք բոլորս ըլլայ ներսը, ըլլայ դուրսը, կարելիութիւնը ունենաք բանալու սրտին դռները` եւ հասկնալու` թէ յոյսը յուսախաբ չի թողուր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա բացումը կատարեց Սուրբ Դռան ու անոր տակէն անցնելով մտաւ մատուռ, ուր մատուցեց Սուրբ Պատարագը։

 Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Քարոզը

Սուրբ զոհի ընթացքին սրտաբուխ քարոզ մը արտասանելով Քահանայապետը բացատրեց որ այստեղ սուրբ դռան բացումը գեղեցիկ ժեստ մըն է, բայց աւելի կարեւոր է այն ինչ որ ան կը նշանակէ այսինքն` «բանալ սրտերը, սրտին դռները, եւ այս մէկը եղբայրութիւն կը ստեղծէ»։

Բաց սրտեր

«Փակ սրտերը, կարծր սրտերը օգուտ չունին. Ասոր համար Յոբելեանին շնորհքը բանալ է, լայն բանալը ու մասնաւորապէս սրտերը բանալն է յոյսին. Յոյսը երբեք յուսախաբ չի թողուր» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով ներկաները խոկալու չհիասթափեցնող յոյսի մասին, յատկապէս խաւար պահերուն։

Ռեպիպիա բանտին մէջ սուրբ պատարագ
Ռեպիպիա բանտին մէջ սուրբ պատարագ

Յոյսին խարիսխը

Ան ապա յոյսը նմանեցուց խարիսխի մը` որուն պարանին կառչած ենք վստահութեամբ, ու դէպի մեզի կը քաշենք, «անգամներ դժուար է, որովհետեւ պարանը մեր ձեռքերը կը ցաւցնէ, բայց նայելով ափին խարիսխը մեզ յառաջ կը մղէ» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ իր պատգամն է չկորսնցնել յոյսը եւ պարանը ձեռքին նայիլ ափին, որովհետեւ խարիսխը մեզ յառաջ կը տանի։

Բաց դռներ

«Երկրորդ պատգամս է բաց պատուհաններ, բաց դռներ յատկապէս սրտին դուռը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ երբ սիրտը փակ է անիկայ կարծր կը դառնայ, քարի նման, կը մոռցուի քնքշութիւնը։ Սիրտն է` որ մեզ եղբայրներ կը դարձնէ։ Բացէք ձեր սրտին դռները, իւրաքանչիւրդ գիտէ ինչպէս ընել այդ մէկը։ Իւրաքանչիւրս գիտէ` ուր փակ է դուռը» եղաւ Նորին Սրբութեան խրատը։

Ռեպիպիա բանտին մէջ սուրբ պատարագ
Ռեպիպիա բանտին մէջ սուրբ պատարագ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Առատ խաղաղութեան մաղթանք եւ աղօթք

«Ուստի երկու բան` առաջին ձեռքը պարանին վրայ, յոյսի խարիսխի հետ միասին ու երկրորդ բացէք սրտին դռները» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը ներկաներուն մաղթելով վեհ Յոբելեան մը. «Ձեզի կը մաղթեմ խաղաղութիւն, առատ խաղաղութիւն եւ ամէն օր կ՛աղօթեմ ձեզի համար. Իրապէս կ՛աղօթեմ։ Ձեւակերպութեան համար չեմ ըսեր։ Ձեզի կը մտածեմ եւ կ՛աղօթեմ ձեզի համար։ Դուք ալ ինծի համար աղօթեցէք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր քարոզը։

Քահանայապետը Ռեպիպիա բանտին մէջ
Քահանայապետը Ռեպիպիա բանտին մէջ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Պատարագի աւարտին, նախ քան վերջին օրհնութիւնը, Սրբազան Պապը ուզեց անգամ մը եւս շեշտել եւ յիշեցնել իր պատգամը` այն է կառչած մնալ յոյսի խարիսխին ու երկրորդ` բաց պահել սրտին դռները։

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում, ապա Սրբազան Պապը մէկիկ մէկիկ ողջունեց բոլոր ներկաները եւ նախ քան հրաժեշտ առնելը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց բոլոր այն բանտարկեալներուն, որոնք չկարողացան մասնակցիլ արարողութեան, անոնց ու բոլորին մաղթելով շնորհաւոր սուրբ ծնունդ եւ նոր տարի, մաղթելով` որ յառաջիկայ տարին ըլլայ աւելի լաւ, աւելի բարի, ամէն մէկ տարի պէտք է աւելի լաւ ըլլայ միւսէն ըսաւ Ան շեշտելով  «մի մոռնաք, միշտ կառչած մնացէք յոյսի խարիսխին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/12/2024, 09:42