MAP

«Յոբելեանը կը բացուի, որպէսզի բոլորին տրուի Աւետարանի յոյսը, սիրոյ յոյսը, ներման յոյսը» Ֆրանչիսկոս Պապին Ծննդեան տօնի քարոզը

Յանձնառու ըլլանք յոյսը տանելու այնտեղ ուր ան կորսուած է, այնտեղ ու կեանքը վիրաւոր է, դաւաճանուած սպասումներուն մէջ, փշրուած երազներուն մէջ, սիրտը զգետնած ձախողութիւններուն մէջ, յոգնութեան մէջ անոր` որ այլեւս անկարող է յառաջ ընթանալ, դառն առանձնութեան մէջ անոր` որ ինքզինք պարտուած կը զգայ, հոգին հիւծող տառապանքին մէջ, բանտարկեալներու երկար ու դատարկ օրերուն մէջ, աղքատներուն ցուրտ ու նեղ սենեակներուն մէջ ու պատերազմի եւ բռնութեան հետեւանքով պղծուած վայրերուն մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեզի փրկիչ մը ծնաւ, որ Օրհնեալ Տէրն է». Տիրոջ հրեշտակ մը կը լուսաւորէ գիշերը ու հովիւներուն կը յանձնէ բարի լուրը։ Այս գիշեր երկինքը կը բացուի երկիր վրայ. Աստուած դարձաւ մեզմէ մին` որպէսզի մեզ դարձնէ Իրեն նման, իջաւ մեր մէջ, որպէսզի մեզ վերականգնէ ու տանի Հօր ողջագուրումին մէջ». Խօսքերն են ասոնք` որոնցմով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 2024ի Սուրբ Ծննդեան տօնի քարոզին, զոր արտասանեց Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորած ճրագալոյցի պատարագին ընթացքին, Յոյսին նուիրուած Յոբելենական տարուան Սուրբ Պետրոս տաճարի Սուրբ Դռան բացումը կատարելէն ետքը։

Աստուած Էմմանուէլն է, Աստուած մեր հետ` ու մեզի կը բերէ յոյսը

«Այս է մեր յոյսը. Աստուած Էմմանուէլն է, Աստուած մեր հետ` ու մեզի կը բերէ յոյսը նաեւ թշուառ պահերուն մէջ։ Քրիստոսին լոյսը ցոլաց աշխարհի խաւարներուն մէջ ու յոյսը երբեք չի նահանջեց, կենդանի է` ու մեր կեանքը կը պարուրէ» ըսաւ ապա Քահանայապետը, ընդգծելով` որ «Սուրբ Դռան բացումով սկիզբ առաւ նոր Յոբելեան մը...ասիկա այն գիշերն է` որուն մէջ յոյսին դուռը բացուեցաւ աշխարհի վրայ, ասիկա այն գիշերն է` ուր Աստուած իւրաքանչիւրիս կ՛ըսէ. Յոյս կայ նաեւ քեզի համար» յարեց Քահանայապետը դիտել տալով, որ այս պարգեւը ընկալելու համար պէտք է` որ մենք եւս ուղեւորութեան մէջ դնենք մենք զմեզ, նման Բեթղեհէմի հովիւներուն, որոնք «փութով գացին» տեսնելու Մանուկը։

Հովիւներուն նման փութով երթանք Տէրը տեսնելու

«Մենք ալ փութով երթանք տեսնելու Տէրը` որ ծնաւ մեզի համար, որպէսզի կարող ըլլանք յոյսը թարգմանել մեր կեանքի իրադարձութիւններուն մէջ» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով, որ «քրիստոնէական յոյսը կրաւորական չէ, այլ հրաւէր է ապրելու Աստուծոյ խոստումը` այժմ եւ այստեղ, յանձնառու ըլլալով փոխելու աշխարհը»։

Քրիստոնէական յոյսը քաջութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը պահանջէ,

Սրբազան Պապը առ այդ հրաւիրեց ծուլութեան չմատնուելու այլ երազելու Աստուծոյ նոր աշխարհը, ուր կ՛իշխեն արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը, որովհետեւ քրիստոնէական յոյսը քաջութիւն կը պահանջէ պատասխանատուութիւն կը պահանջէ, որպէսզի չյարմարինք ու չվարժուինք աշխարհի անարդարութիւններու հանգստաւէտութեան։ Անիկա կը պահանջէ աշխարհը փոխելու քաջութիւնը, դառնալով ճշմարտութիւնը փնտռող ուխտաւորներ։

Յոյսը տանինք աշխարհին

Յղում կատարելով ապա քահանայի մը աղօթքին որ Տիրոջմէ կը խնդրեր որ իր սրտին մէջ դնէր այլ բան մը ուզելու իղձը, փոփոխութեան մը փափաքը որ մեզ կը մղէ շարժելու փութով, Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ որ «քրիստոնէական յոյսը մեզ կը հրաւիրէ երթալու աւելի անդին` ու զայն տանելու աշխարհին, որպէս մթութեան մէջ լոյսի ուխտաւորներ»։

«Յոբելեանը յոյսի ժամանակ է, որ մեզ կը կոչէ հոգեկան վերանորոգումի մը, ու մեզ յանձնառու կը դարձնէ փոխելու աշխարհը» ըսաւ Սրբազան Պապը, խօսելով շահոյթի տրամաբանութեամբ այլանդակուած մայր Հողի, պարտքերով ծանրաբեռնուած աղքատ երկիրներու և ժամանակակից ստրկութիւններու մասին։

Ան ապա հրաւիրեց յանձնառու ըլլալու եւ յոյսը տանելու այնտեղ` ուր ան կորսուած է, այնտեղ ուր կեանքը վիրաւոր է, դաւաճանուած սպասումներուն մէջ, փշրուած երազներուն մէջ, սիրտը զգետնած ձախողութիւններուն մէջ, յոգնութեան մէջ անոր` որ այլեւս անկարող է յառաջ ընթանալ, դառն առանձնութեան մէջ անոր` որ ինքզինք պարտուած կը զգայ, հոգին հիւծող տառապանքին մէջ, բանտարկեալներու երկար ու դատարկ օրերուն մէջ, աղքատներուն ցուրտ ու նեղ սենեակներուն մէջ ու պատերազմի եւ բռնութեան հետեւանքով պղծուած վայրերուն մէջ։

Աւետարանի սիրոյ եւ ներման յոյսը

«Յոբելեանը կը բացուի, որպէսզի բոլորին տրուի Աւետարանի յոյսը, սիրոյ յոյսը, ներման յոյսը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով նայիլ մսուրին` ապա մենք մեզի ու մեր սրտին հարց տալու եթէ իրապէս գոյութիւն ունի այդ յոյսը մեր մէջ եւ կը լուսաւորէ մեր առօրեայի ուղեւորութիւնը։

Աստուծոյ սրտին սուրբ դուռը բաց է բոլորին համար

«Քոյր, եղբայր, այս գիշեր ճիշտ քեզի համար է` որ կը բացուի Աստուծոյ սրտին «սուրբ դուռը»։ Յիսուս, Աստուած մեր հետ, կը ծնի քեզի համար, մեզի համար, իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ համար։ Եւ Անոր հետ կը ծաղկի ուրախութիւնը, Անոր հետ կը փոխուի կեանքը, Անոր հետ յոյսը յուսախաբ չի թողուր» եղան Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզին վերջին խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2024, 20:19