Բռնութեամբ յատկանշուած ժամանակներուն մէջ պէտքը կայ յոյսով լի զօրակցութեան. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ պատգամ մը ուղղած է Բեթղեհէմի համալսարանի փոխ Ռեկտոր Եղբ. Հեէքթոր Հերնան Սանթոս Կոնզալէսին որուն մէջ մաղթած է, որ համալսարանը ըլլայ «Աւետարանի բազմամեայ արժէքներու խանդավառ վկայութիւնը» եւ ծառայէ որպէս տիպար «տարբեր հաւատքի ու աւանդութիւններու կրօնական ու քաղաքական առաջնորդներուն», եւ համալսարանի անձնակազմին ու աշակերտութեան թոյլ տայ, որ իրագործեն իրենց բաժինը` «երկխօսութեան, փոխադարձ հասկացողութեան, եղբայրական զօրակցութեան ու արդարութեան ապագայի մը կառուցումի մէջ»։
«Այսօրուայ բռնութեան իրականութեան մէջ, որ կը հարուածէ մեր բազմաթիւ եղբայրներն ու քոյրերը, մեր մարդկային ընտանիքը պէտք ունի յոյսով լի զօրակցութեան օրինակներու» կը հաստատէ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ Սուրբ Ծնունդը եւ Յոբելեանի սկիզբը որոնք «նոր կեանքի, յոյսի ու հաշտութեան» առիթներ են կ՛ընծայեն հնարաւորութիւն «հոգեկան նորոգումի եւ Քրիստոսի ուրախ աշակերտներ ըլլալու կոչման մէջ հաստատակամութեան ամրապնդում»:
Խօսքը ուղղելով հուսկ երիտասարդներուն Քահանայապետը կը խրախուսէ զանոնք «պահպանելու հաւատքի թանկարժէք պարգեւը, ոչ որպէս բան մը որ պէտք է թաքուն պահել, այլ որպէս գանձ զոր պէտք է կիսել ուրիշներուն հետ» եւ այս մէկը հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու յուսախաբութիւններուն վստահելով Յիսուսին որ «մնայուն յոյսի մը ակնաղբիւրն է»։
Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ աշակերտները «խթանելու ակադեմիական ու ընկերային բարեկամութեան կապեր», որոնք համալսարանական տարիներուն «հարուստ ժառանգութիւն մըն են», ապա պատգամը կ՛եզրափակէ Բեթղեհէմի համալսարանը վստահելով` Եկեղեցւոյ Մայր Սուրբ Կոյս Մարիամի պաշտպանութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ