MAP

++ Ratzinger: Papa, grande maestro, aiuti scoprire gioia fede ++

Ֆրանչիսկոս Պապ. Յոյս և բարութիւն «կողմնացոյցներ» են աւելի մարդասէր աշխարհի մը համար

Քահանայապետին ձայնագրուած պատգամ մը սփռուեցաւ Bbc-ի «Thought for the Day» հաղորդաշարի միջոցաւ` որուն մէջ Քահանայապետը խրախուսեց ապագային նայելու «յոյսի քնքուշ հայեացքով»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աւելի գեղեցիկ է սիրով ու յոյսով լի աշխարհ մը։ Աւելի մարդկային է ընկերութիւն մը` որ վստահութեամբ կը նայի ապագային եւ մարդոց հետ կը վերաբերուի յարգանքով ու կարեկցութեամբ», որովհետեւ յոյսն ու բարութիւնը «կը դպչին Աւետարանի սրտին ու ցոյց կու տան ուղին կողմնորոշելու համար մեր վերաբերմունքը»։ Այս խօսքերով է` որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը դիմէ Պրիթանական Bbc-ի «Thought for the Day» յայտագիրի ունկնդիրներուն, Սուրբ Ծննդեան ու Յոյսի Յոբելեանին առիթով յղած ձայնային պատգամի մը միջոցաւ ուր կը նշէ թէ Սուրբ Ծնունդը ու Յոյսի Յոբելեանը առիթներ են` որոնք կը խրախուսեն դառնալու «յոյսի ուխտաւորներ» եւ ապագային չնայելու «յոռետեսութեամբ ու յուսալքումով»։

Ընտրել Սէրը 

«Պատերազմները, ընկերային անարդարութիւնները, բռնութեան բազմաթիւ ձևերը, որոնք կը փորձարկենք ամէն օր, պէտք չէ մեզ ներքաշեն թերահաւատութեան և յուսահատութեան գայթակղութեան մէջ» կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնելով, որ պէտք է ընտրել Սէրը, որ սրտերը կը դարձնէ «ջերմ ու վստահ»։ Որովհետեւ ան որ կը սիրէ, «նոյնիսկ եթէ գտնուի անկայուն կացութեան մէջ, աշխարհը կը դիտէ յոյսի քնքուշ հայեացքով»։ Այդ նոյն քնքշութիւնը որ «դիւանագիտական ​​ռազմավարութիւն չէ», ոչ ալ «սովորական վարքագիծ, որուն պէտք է հետևել ընկերային ներդաշնակութիւնը երաշխաւորելու կամ առաւելութիւններ ստանալու համար»։ Ընդհակառակը անիկայ «սիրոյ ձեւ մըն է որ սրտերը կը բանայ հիւրընկալութեան եւ բոլորիս կ՛օգնէ դառնալու աւելի խոնարհ», այսինքն կարող այն հեզութեան որ մեզ «ընդունակ կը դարձնէ երկխօսութեան ու կ՛օգնէ յաղթահարելու անհասկացողութիւնները, յառաջացնելով երախտագիտութիւն»։

Խորքին մէջ այս մէկը կը նշանակէ կեանքը ապրիլ երախտապարտութեամբ ինչպէս գրած էր պրիթանացի Gilbert Keith Chesterton-ը.

Քահանայապետին պատգամը կ՛աւարտի յոյսի բարի մաղթանքով մը, ու այն յոյսով որ Յոբելեանի ընթացքին կարելի ըլլայ ի գործ դնել «բարութիւնը որպէս սիրոյ կերպ մը` միւսներուն հետ կապ հաստատելու համար»։

«Թող նոր տարին մեզի բերէ խաղաղութիւն, եղբայրութիւն եւ երախտագիտութիւն» եղաւ Նորին Սրբութեան պատգամի եզրափակիչ մաղթանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2024, 13:52