MAP

Յոյսին նուիրուած Յոբելեանի Սուրբ Դռան բացումը

«Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ես եմ ոչխարներուն դուռը’։ 8 Ամէն անոնք որ ինձմէ առաջ եկան, գող ու աւազակ էին, բայց անոնց չլսեցին ոչխարները։ 9 ‘Ես եմ դուռը’, եթէ մէկը ինձմէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի ու պիտի մտնէ ու ելլէ եւ արօտ գտնէ։ Գողը ուրիշ բանի համար չի գար, այլ միայն գողնալու եւ սպաննելու ու կորսնցնելու համար։ Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելիով ունենան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի` 24 դեկտեմբեր 2024-ին, մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրէին, երեկոյեան ժամը եօթին, պաշտօնական սկիզբ տրուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին «Յոյսը որ յուսախաբ չի թողուր» վերտառութեամբ կոնդակով հռչակուած «Յոյսին» նուիրուած Յոբելենական Սուրբ տարուան, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Սուրբ Դռան բացման արարողութեամբ, զոր տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մուտքի գաւիթին մէջ գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ու ներկայութեամբ տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալ ուխտաւորներու, որոնց մեծամասնութիւնը արարողութեան հետեւեցան Սուրբ Պետրոս հրապարակէն, տրուած ըլլալով` որ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ կարելի չէր բոլորը ընդունիլը։

Յոյսին նուիրուած Յոբելեանի Սուրբ Դռան բացումը
Յոյսին նուիրուած Յոբելեանի Սուրբ Դռան բացումը   (ANSA)

Սուրբ Դուռէն Քահանայապետին հետ անցան  54 հաւատացեալներ

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-էն 25 տարիներ ետք եւ Ողորմութեան նուիրուած արտակարգ յոբելեանէն ինը տարիներ ետք,  «Սա է Տիրոջ դուռը, անոր մէջէն կ՛անցնին արդարները» արտասանուած բանաձեւէն ետքը, Քահանայապետը բացաւ Սուրբ Դուռը ու որպէս առաջին` մուտք գործեց Սուրբ Պետրոս տաճար։ Անոր հետեւեցան հինգ ցամաքամասերէն ժամանած 54 հաւատացեալներ, որպէս Աստուծոյ ժողովուրդին ներկայացուցիչներ, հայցելով յոբելենական ներումը ու դաւանելով հաւատքը։ Երկիրներու շարքին էին Արժանթինը, Աւստրալիան, Աւստրիան, Պրազիլը, Քանատան, Չինաստանը, Քոնկոն, Հարաւային Քորէան, Եգիպտոսը, Երիթերէան, Ֆիլիփինը, Ֆրանսան, Հնդկաստանը, Իրանը, Իտալիան, Մալթան, Մեքսիքօ, Նիճերիան, Փափուա նոր Կինէան, Սամոան, Սլովաքիան, Միացեալ նահանգներ, Թանծանիան, Թոկօ, Թոնկա, Վենեզուելլա ու Վիեթնամը։

Յոյսին նուիրուած Յոբելեանի Սուրբ Դռան բացումը
Յոյսին նուիրուած Յոբելեանի Սուրբ Դռան բացումը   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Բացի տարբեր երկիրներէ ժամանած հաւատացեալներէն Սուրբ Պետրոս տաճարն ու հրապարակը զարդարող ծաղիկները եւս նուիրուեցան տարբեր երկիրներէ ժամանած մանուկներու կողմէ` Աւստրիա, Հարաւային Քորէա, Եգիպտոս, Ֆիլիփինեան կղզեխումբ, Հնդկաստան, Մեքսիքօ, Նիճերիա, Սամոա, Սլովաքիա, Վենեզուելա։

Քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ

Դռնբացէքի արարողութեան հրաւիրուած էին նաեւ Քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ ու այս մէկը ի տես Նիկիոյ Ժողովի 1700 ամեակին, որ կը յիշատակուի 2025ին։

Յոբելենական տարին հռչակող կոնդակին մէջ Սրբազան Պապը արդարեւ գրած էր` որ «Նիկիոյ տիեզերական ժողովին տարեդարձը հրաւէր է բոլոր քրիստոնեաներուն միանալու, փառաբանելու ու գոհութիւն յայտնելու համար Ամենասուրբ Երրորդութեան ու յատկապէս Յիսուս Քրիստոսին, Աստուծոյ Որդիին, որ մեզի յայտնեց Երրորդութեան սիրոյ խորհուրդը»։

Յոյսին նուիրուած Յոբելեանի Սուրբ Դռան բացումը
Յոյսին նուիրուած Յոբելեանի Սուրբ Դռան բացումը   (ANSA)

Բացման արարողութիւնը

Ինչպէս նշեցինք Յոբելենական տարուան դռնբացէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոս տաճարի մուտքի գաւիթին մէջ, ուր բացումը կատարուեցաւ Սուրբ Դռան որ կը գտնուի կեդրոնական երեք դռներու աջ կողմը որ օրուան առիթով յատուկ կերպով զարդարուած էր ծաղիկներով։

Արարողութիւնը սկսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին արտասանած աղօթքով մը հուսկ ընթերցուեցաւ Յովհաննէս աւետարանիչէն քաղուած հետեւեալ հատուածը. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ես եմ ոչխարներուն դուռը’։ 8 Ամէն անոնք որ ինձմէ առաջ եկան, գող ու աւազակ էին, բայց անոնց չլսեցին ոչխարները։ 9 ‘Ես եմ դուռը’, եթէ մէկը ինձմէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի ու պիտի մտնէ ու ելլէ եւ արօտ գտնէ։ Գողը ուրիշ բանի համար չի գար, այլ միայն գողնալու եւ սպաննելու ու կորսնցնելու համար։ Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելիով ունենան»։

Յոյսին նուիրուած Յոբելեանի Սուրբ Դռան բացումը
Յոյսին նուիրուած Յոբելեանի Սուրբ Դռան բացումը   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Աւետարանական հատուածէն ետքը Սրբազան Քահանայապետը մօտեցաւ Սուրբ Դռան ու անոր բացումը կատարեց լռութեան մէջ մինչ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի զանգակները սկսան ղօղանչել յայտարարելով  Յոյսի Յոբելեանին բացումը, մինչ այդ դռնէն որպէս յոյսի առաջին ուխտաւոր մուտք գործեց Ֆրանչիսկոս Պապը, ու անոր հետեւեցան աշխարհի ցամաքամասերու հաւատացեալները ներկայացնող 54 ուխտաւորները։

Դռնբացէքի արարողութեան հետեւեցաւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ մատուցուած Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի սուրբ պատարագը։

 Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ   (ANSA)

Սուրբ Դուռերուն բացումը

Յայտնենք որ յառաջիկայ օրերուն Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Սուրբ Դռան բացումին պիտի յաջորդեն Հռոմի միւս երեք Քահանայապետական պազիլիքաներուն Սուրբ Դռներուն բացումը` 29 դեկտեմբերին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքային դուռը, մէկ Յունուարին Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային դուռը եւ 5 Յունուարին Սուրբ Պօղոսին անուան պազիլիքային դուռը։

Բանտի Սուրբ Դռան բացումը

Իսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կամքով եւ նախագահութեամբ խորհրդանշական կերպով բացումը պիտի կատարուի նաեւ յատուկ մէկ դուռի մը` Հռոմի Ռեպիպիա բանտին մէջ սուրբ դռան որպէս իղձ ու մաղթանք ազատութեան կարիքին։ Արարողութիւնը նախատեսուած է 26 դեկտեմբերի առաւօտեան Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին օրը։

Սուրբ Պետրոս հրապարակը
Սուրբ Պետրոս հրապարակը

Բացի այս աւանդական դռներէն Քահանայապետը հրաւիրեց իւրաքանչիւր թեմի եպիսկոպոս Աթոռանիստ Եկեղեցիներուն մէջ բանալու սուրբ դուռ մը` դիւրացնելու համար ուխտագնացութիւնը բոլոր անոնք որոնք զանազան պատճառներով չեն կարող Հռոմ երթալ։

Նշենք նաեւ թէ Սուրբ զոհի ընթացքին ու Սուրբ Ծննդեան շրջանին առիթով Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ պիտի զետեղուի «Յոյսի Տիրամօր» արձանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2024, 19:36