«Պարտքը յոյսի վերածել. Դադարեցնենք մարդոց գաղութացումը զէնքով. Աղօթենք խաղաղութեան համար». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի` 26 դեկտեմբերին, Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին առիթով արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս պապը ողջունելով սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած աղօթքին մասնակցող ուխտաւորները նորոգեց Սուրբ Ծննդեան իր բարի մաղթանքները ապա շնորհակալութիւն յայտնեց այս օրերուն իրեն ուղղուած բարի մաղթանքներուն համար։ «Շնորհակալութիւն բոլորիդ» ըսաւ Ան եւ յիշեց հրեաներու լոյսին տօնը` «Հաննուքան», որ սկիզբ առաւ երէկ եւ կը տեւէ ութը օր, այս առիթով խաղաղութեան ու եղբայրութեան բարի մաղթանքները փոխանցելով «աշխարհի հրեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն»։
Մուտք գործենք Յիսուսի սիրոյ, ուրախութեան ու խաղաղութեան թագաւորութիւն
Քահանայապետը հուսկ ողջունեց ուխտաւորները, որոնք Սուրբ Պետրոս ժամանած են Յոբելեանին առիթով նշելով որ «յոբելենական ուխտագնացութիւնը կատարելը նշան մըն է որ կ՛արտայայտէ մեր կեանքին իմաստը. Երթալ հանդիպելու Յիսուսին, որ մեզ կը սիրէ ու մեզի կը բանայ իր սիրտը, որպէսզի մուտք գործենք անոր սիրոյ, ուրախութեան ու խաղաղութեան թագաւորութիւն»։
Ցաւի եւ յոյսի Եկեղեցին
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա առաւօտեան Ռեպիպիա բանտին մէջ գլխաւորած Սուրբ Դռան բացման արարողութեան, արարողութեան վայրը նկատելով «ցաւի եւ յոյսի տաճար» ապա նշեց` որ Յոբելեանները յատկանշող գործողութիւններէն մին պարտքերու թողութիւնն է եւ քաջալերեց աջակցելու Caritas Internationalis-ի «Պարտքը յոյսի վերածել» խորագիրով արշաւին, «ազատելու համար անկայուն պարտքերով ճնշուած երկիրները և խթանելու զարգացումը» ըսաւ Ան, դիտել տալով, որ պարտքին խնդիրը կապուած է խաղաղութեան ու սպառազինութեան «սեւ շուկային» եւ ասկէ մեկնելով կոչ ուղղեց ի նպաստ խաղաղութեան:
Պարտքերու ներումը եւ զինադադար
«Դադարեցնենք մարդոց գաղութացումը զէնքով: Աշխատինք զինաթափման ի նպաստ, աշխատինք սովի դէմ, հիւանդութեան դէմ, մանկական աշխատանքին դէմ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հրաւիրեց աղօթել համայն աշխարհի խաղաղութեան համար յիշելով յատուկէն տանջուած Ուքրանիան, ԿազաՆ, Իսրայէլը, Միանմարը, Հիւսիսային Քիվուն։
«Բոլորիդ կը մաղթեմ տօնական գեղեցիկ օր մը։ Հաճեցէք մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ