MAP

2024.12.12 giubileo 2025 CMN porta di speranza

Այսօր բացումը կը կատարուի Յոբելենական Սուրբ Դռան. Յոբելենական սուրբ տարիները

Սուրբ Դռան բացման ծիսակատարութեան վերապահուած ժամանակահատուածը լի է իմաստներով` այսինքն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը։ Արդարեւ Ծննդեան խորհուրդը իր հետ կը բերէ աւետիս մը եւ Աստուծոյ Որդին գալով բնակելու մեր մէջ մեզի բացաւ յոյսին դռները, այն յոյսը որ յուսախաբ չի թողուր։ Անոր ծնունդը Սուրբ Կոյս Մարիամէn կը յատկանշէ մարդկութեան վերածնունդը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Այսօր 24 դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի գաւիթին մէջ նախատեսուած է յատուկ արարողութիւն մը` որուն ընթացքին բացումը պիտի կատարուի Սուրբ Դռան, սկիզբ տալով Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած «Յոյսի ուխտաւորներ» բնաբանով, յոյսին նուիրուած յոբելենական Սուրբ Տարուան։

Պոնիֆաչօ Ը Քահանայապետը եւ սուրբ տարին

Կաթողիկէ եկեղեցին սկսած է «Սուրբ Տարիները» նշել` Պոնիֆաչօ Ը քահանայապետի օրով։ Ան Սուրբ Տարին պաշտօնապէս հաստատած է 20 փետրուար 1300 թուականին, ներշնչուելով հրէական վաղեմի աւանդութենէ մը, որ կը կատարուէր ամէն 50 տարին անգամ մը, որուն ընթացքին բոլոր հրեաներուն կը շնորհուէր հաւասարութիւնը, իրենց ինչքերը կորսնցուցած ընտանիքներուն նոր առիթներ ստեղծելով, եւ ի միջի այլոց ազատ կ՛արձակուէին նաեւ ստրուկները։

Պոնիֆաչօ Քահանայապետը կը նախատեսէր, որ Յոբելենական տարուան ընթացքին «լիակատար ներում շնորհուի» ամէն հաւատացեալի` որ կ՛ապաշխարէ ու կը վերանորոգէ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը։

Սուրբ Դռան բացման աւանդութիւնը

Իսկ Սուրբ Դռան բացման արարողութիւնը որդեգրուած է Մարթինօ Ե Քահանայապետի օրով` որ 1423 թուականին հռչակած արտասովոր Յոբելեանին առիթով, բացումը կատարեց Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարի Սուրբ դուռին։ Իսկ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Սուրբ Դուռի մը բացումը տեղի ունեցած է առաջին անգամ 1450-ին այդ տարուան Յոբելեանին առիթով թէեւ դռնբացէքի ծիսական արարողութեան մը շարադրումը կը պարտինք Ալեսսանտրօ Զ Քահանայապետին, որ 1500 Յոբելեանին ուզեց ի յայտ դնել նշան մը` որով սկիզբ տրուի Յոբելենական տարուան եւ այդ օրէն ի վեր է որ այս արարողութիւնը մնաց գրեթէ անփոփոխ ու կը կատարուի Յոբելենական տարին կանխող Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրէին։

Յայտնենք որ Ս. տարին դէպք մըն է, որ կանխեց ու պատրաստեց Յոբելենական տարին։ Այս ուղղութեամբ առաջին վաւերագրական փաստաթուղթը կը գտնենք 24 Դեկտեմբեր 1299 թուականին, ուր կը խօսուի Հռոմի մէջ զանգուածային ուխտաւորներու ներկայութեան մասին, ընդունելու համար «հարիւր տարիներու ներումը» նոր դարադարձին առաջին օրը։

Յոբելենական առաջին տարիները

Քրիստոնէական պատմութեան մէջ երկրորդ Յոբելեանը տեղի ունեցաւ 1350-ին եօթը տարիներ ամբողջ երկար պատրաստութիւն մը ունենալով` տարիներ, որոնք ականատես եղան աղէտներու, ինչպէս 1348 մեծ ժանտախտը եւ 1349ին կեդրոնական իտալիան հարուածող ահաւոր երկրաշարժը` որ աւերներ ու վնասներ հասցուց նաեւ Լատերանեան պազիլիքային ու Սուրբ Պօղոսի անուան Քահանայապետական միւս ապզիլիքային։

Կ՛արժէ յիշեցնել` որ քաղաքական հարցերու բերումով 1800, 1850 եւ 1875 Յոբելեանները տեղի չունեցան, տրուած ըլլալով որ Պիոս Ը Քահանայապետը 1798էն սկսեալ բանտարկուած էր Ֆրանսայի մէջ։ Իսկ 1850ին Ֆրանսացիները Պիոս Թ Պապը Հռոմ կը վերադարձնեն միայն 1850 ապրիլ 12ին, իսկ 1875-ին Վիթթորիօ Էմմանուէլէ Բ-ի զօրքերը կը գրաւեն Հռոմ քաղաքը եւ այս իսկ պատճառաւ Հռոմը կը զրկուի Սուրբ դռան բացման և փակման արարողութիւններէն։ Բացումը կը կատարուի միայն Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի Սուրբ Դռան ի ներկայութեան Հռոմի կղերական դասին։ Նոյն տարուան մէջ Քահանայապետը կը նզովէ Վիթթորիօ Էմանուելէ Բ ու կառավարութեան բոլոր ներկայացուցիչները։

1475էն սկսեալ Յոբելենական տարին սկսաւ հռչակուիլ ամէն 25 տարին անգամ մը, կարելիութիւն տալու ամէն մէկ սերունդին առ նուազն մէկ անգամ ապրելու Ս. Տարին։ Սովորական Յոբելենական տարիներուն կից կան նաեւ արտակարգ Յոբելենական տարիներ` որոնք կը հռչակուին յատուկ առիթներով։

Ցայժմ տօնախմբուած են 26 Յոբելենական ս. Տարիներ, վերջինը 2000-ին։ Իսկ արտակարգ յոբելենական տարիներ հռչակուած են 1933-ին Պիոս ԺԱ Քահանայապետին կողմէ` Տիրոջ փրկագործութեան 19-րդ դարադարձին առթիւ, եւ 1983-ին Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը եւս հռչակեց Սուրբ տարի մը Տիրոջ փրկագործութեան 1950-րդ տարուան առթիւ։

2016-ի Ողորմութեան նուիրուած արտակարգ յոբելեանը

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 13 Մարտ 2015-ին յայտարարեց Ողորմութեան նուիրուած արտակարգ Ս. Տարին, որուն բացումը կատարուեցաւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի փակման (1965) 50-րդ տարեդարձին առթիւ, իւրայատուկ նշանակութիւն մը տալով եկեղեցւոյ` շարունակելու Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովին ընթացքը։

Սուրբ Տարուան պաշտօնական հռչակումը տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոսի «Սուրբ Դուռին» մօտ` Կիրակի 12 ապրիլ 2015-ին Աստուածային Ողորմութեան տօնին օրը։ Իսկ Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին ''Սուրբ Դուռին'' բացումով 8 դեկտեմբեր 2015-ին, որուն յաջորդեցին Հռոմի աւագ միւս պազիլիքաներու սուրբ դուռերու բացումը` Սուրբ Յովհաննէսի, Սուրբ Պօղոսի եւ Աստուածամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքաներուն դռները։

Հաւատացեալները այդ սուրբ դուռերէն անցնելով կ՛արժանանան մեղքերու լիակատար ներումին։ Սուրբ դուռը կը խորհրդանշէ անցքը դէպի նոր կեանք` դէպի փրկութիւն։

 «Ես եմ դուռը. Եթէ մէկը մտնէ իմ միջոցովս պիտի փրկուի»

2025ի Յոբելենական Սուրբ Տարուան բացումը ինչպէս նշեցինք կը կատարուի Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրէին` 24 դեկտեմբեր 2024ին գիշերը, Ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած Սուրբ Դռան բացման արարողութեամբ։

Յիսուս ըսած է «Ես եմ դուռը. Եթէ մէկը մտնէ իմ միջոցովս պիտի փրկուի» (Յովհ. 10,9)։ Սուրբ դռան բացումը նշանն է Քրիստոսին բացած փրկարար անցքին, իր մարդեղութեամբ, մահուամբ ու յարութեամբ, կոչելով բոլորը հաշտուելու Աստուծոյ եւ մերձաւորին հետ։ Ուստի սուրբ դռան բացումը հրաւէր է քալելու միակ փրկութեան ուղիէն` որ է Յիսուս մեր Տէրը, մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ միջնորդը։

Դուռը Սուրբ է` որովհետեւ բոլոր անոնք, որոնք անոր տակէն կ՛անցնին կանչուած են քալելու կեանքի սրբութեամբ։ Եւ Սրբազան Պապին Սուրբ Դուռէն անցքէն ետքը անոր տակէն պիտի անցնին նաեւ Աստուծոյ ժողովուրդին խումբ մը ներկայացուցիչներ։

Յայտնենք` որ Սուրբ Դռան բացման ծիսակատարութեան վերապահուած ժամանակահատուածը եւս լի է իմաստներով` այսինքն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը։ Արդարեւ Ծննդեան խորհուրդը իր հետ կը բերէ աւետիս մը եւ Աստուծոյ Որդին գալով բնակելու մեր մէջ մեզի բացաւ յոյսին դռները, այն յոյսը որ յուսախաբ չի թողուր։ Անոր ծնունդը Սուրբ Կոյս Մարիամէն կը յատկանշէ մարդկութեան վերածնունդը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2024, 07:42