MAP

«Միասին Յուսալ» կարգախօսով Քահանայապետը այսօր կը մեկնի Մոնկոլիա. Մոնկոլիայի Կաթողիկէ Եկեղեցին թիւերով

Մոնկոլիան ընդարձակ երկիր մըն է` 1.566.500 քառակուսի քմ տարածքով ու երեք միլիոն 384 հազար բնակչութեամբ, որուն մաս կը կազմեն ինչպէս նշեցինք 1500 կաթողիկէ հաւատացեալներ։ Եկեղեցին կազմուած է մէկ թեմէ եւ ութը ժողովրդապետութիւններէ եւ այլ չորս հովուական խնամակալութեամբ զբաղող կեդրոններէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հինգշաբթի 31 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6,30 հրաժեշտ առնելէ ետք Վատիկանէն կը փոխադրուի Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան, որտեղէն կը մեկնի դէպի իր Քահանայապետութեան 43րդ առաքելական ճամբորդութիւն հանդիսացող եւ այս տարուայ չորրորդ ճամբորդութիւն` Մոնկոլիայի մայրաքաղաք Ուլաանպաթար, ուր առիթը պիտի ունենայ հանդիպելու` բացի Երկրին քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն, Մոնկոլիայի կղերական դասին ու փոքրաթիւ կաթողիկէ հասարակութեան հետ, որոնց թիւը, ըստ վերջին տուեալներուն, չի գերազանցէր 1500: 

Մոնկոլիան ընդարձակ երկիր մըն է` 1.566.500 քառակուսի քմ տարածքով ու երեք միլիոն 384 հազար բնակչութեամբ, որուն մաս կը կազմեն ինչպէս նշեցինք 1500 կաթողիկէ հաւատացեալներ։

Եկեղեցին կազմուած է մէկ թեմէ եւ ութը ժողովրդապետութիւններէ եւ այլ չորս հովուական խնամակալութեամբ զբաղող կեդրոններէ։

Մոնկոլիայի Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի մէկ Եպիսկոպոս, վեց թեմական քահանաներ, 19 կրօնաւոր քահանաներ ու հինգ կրօնաւոր եղբայրներ, ապա 35 կրօնաւորուհիներ, մէկ աշխարհական միսիոնար ու վեց աւագ նորընծաներ ու 33 կրօնուսոյցներ։

Եկեղեցին կը մատակարարէ վեց դպրոցներ, մէկ բուժարան, երկու ծերանոց, հինգ մանկապարտէզ- մանկական տուներ, չորս ընտանիքներու հոգատարութեան կեդրոններ, ընկերային վերականգնումին կեդրոն մը ու այլ 35 փոքր հաստատութիւններ։

Քրիստոնէութեան ժամանումը Մոնկոլիա

Յայտնենք թէ Մոնկոլներու քրիստոնէութեան հետ առաջին շփումը տեղի ունեցած է վաղ ժամանակներուն։ Նեսթորականութիւնը Չինաստան մուտք գործած է Զ եւ Է դարերուն։ Ֆրանչիսկեան կրօնաւորներ Մոնկոլիա հասած են ԺԲ դարուն։

1911-ին Մոնկոլիան կ՛անկախանայ Չինաստանէն եւ այդ թուականէն ետքն է` որ Մոնկոլիայի մէջ առաքելութիւնը նոր թափ կը ստանայ։ 14 Մարտ 1922ին կը հաստատուի Մոնկոլիայի առաջին առաքելութիւնը, զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ վերածեց Ուլան Պաթորի Առաքելական Կուսակալութեան։ Այդ ժամանակ եկեղեցին ունէր 116 հաւատացեալ, որոնց շարքին 2 քահանաներ, 7 կրօնաւորներ e 17 մայրապետներ։

2003 թուականէն մինչեւ 2018 Մոնկոլիայի առաջին եպիսկոպոսը եղաւ Ֆիլիփինցի գերապայծառ Վենչեզլաօ Սելկա Փատիլլա եւ 28 օգոստոս 2016 Մոնկոլիան ունեցաւ իր առաջին բնիկ քահանան` յանձինս Հայր Ժոզէֆ Էնք Պիին։

Ուլաանպաթարի Առաքելական Կառավարիչն է Կարդինալ Ճորճօ Մարենկոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2023, 09:15