Քահանայապետին ողջոյնը Բարեգործական Ծառայութեան Վերատեսչութեան օգնութեան ձեռք տուող խումբ մը երիտասարդներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի 31 օգոստոսին նախ քան Վատիկանէն հրաժեշտ առնելը Ֆրանչիսկոս Պապը առիթը ունեցաւ Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ հանդիպելու տարբեր ազգութիւններու պատկան 12 տնանկ երիտասարդներու հետ, որոնք հիւրընկալուած են Բարեգործական ԾառայութեանՎերատեսչութեան հանրակացարանին մէջ եւ որոնք «օգնութեան ձեռք տուած էին Բարեգործական Ծառայութեան Վերատեսչութեան` պատրաստելու համար Ուքրանիա ուղարկուելիք օգնութիւնները։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Վերոնշեալ հանդիպումի առընչութեամբ Քահանայապետի ողորմաբաշխ եւ վերոյիշեալ Վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի, որուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպումը` Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ ինք երիտասարդներուն ըսած էր թէ այսօր եւս ժամը 17ին անցեալ օրերու նոյն աշխատանքը պիտի ընէին ու պիտի պատրաստէին Ուքրանիա ուղարկուելիք օգնութեան ապարանքներ, «բայց փոխանակ բեռնատարները լեցնելու գացինք ողջունելու Ֆրանչիսկոս Պապը եւ անոնք ապշահար մնացին, որովհետեւ այս մէկը անսպասելի էր իրենց համար» ըսաւ Կարդինալ Քրայեւսքի, որ ապա բացատրեց թէ այս տնանկ երիտասարդները մեծ խանդավառութեամբ ու սիրայօժար ընդունած էին իրենց օգնութիւնը մատուցել այլ անցերու` որոնք այսօր կը գտնուին դժուարութեան մէջ ու թէ այս մէկը շատ գեղեցիկ վկայութիւն է:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ