Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրը
Ռոպէր. Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի 2 փետրուար 2023ի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Քինշասայի մէջ օրակարգը սկսաւ Անոր Երիտասարդներու եւ կրօնուսոյցներու հետ ունեցած հանդիպումով։
Արդարեւ Ան առաւօտեան ժամը ինի ժամանակները փոխադրուեցաւ Քինշասայի Պենտեկոստէի Նահատակներու Մարզադաշտ։ Դաշտը կը կրէ չորս քաղաքական անձնաւորութիւններու անունները, որոնք Մոպութույի մենատիրութեան ժամանակ մեղադրուեցան անոր դէմ դաւադրութիւն կազմակերպելու համար եւ կախաղանի մահապատիժի ենթարկուեցան` մէկ Յունիս 1966ին։
Մարզադաշտը կարող է պարունակել 80 հազար մարդ։
Հանդիպում երիտասարդներուն ու կրօնուսոյցներուն հետ
Մարզադաշտ ժամանելուն Քահանայապետը սպիտակ ինքնաշարժով կը շրջի այնտեղ համախմբուած երիտասարդներու միջեւ ապա կը բարձրանայ այս առթիւ պատրաստուած ամպիոն ուր Անոր բարի գալուստի խօսք կ՜ուղղէ Աշխարհականներու համար Եպիսկոպոսական Յանձնախումբի նախագահը որմէ ետք կը ներկայացուին երկու վկայութիւններ` մէկ երիտասարդի ու մէկ կրօնուսոյցի աւանդական պարի մը ընդմիջումով, որոնցմէ ետք խօսք կ՛առնէ Քահանայապետը ապա բոլոր ներկաները միասնաբար կ՜արտասանեն Հայր մեր աղօթքը, որ կ՛աւարտի Քահանայապետին առաքելական օրհնութեամբ։
Նախ քան եզրափակիչ երգը երիտասարդները Քահանայապետին կը ներկայացնեն իրենց նուէրը։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ կը փոխադրուի Պապական Նուիրակութիւն, ուր հանդիպում կ՛ունենայ Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան Վարչապետ` Տիար Ժան Միշել Սամա Լուքոնտէ Քիենկէյի հետ ապա կէսօրէն ետք ժամը 16,30ի կը փոխադրուի Քոնկոյի Տիրամայր աթոռանիստ Եկեղեցի, ուր տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հանդիպում մը մասնակցութեամբ Երկրին քահանաներուն, սարկաւագներուն, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն եւ նորընծաներուն։
Հանդիպում կղերական դասին հետ
Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մուտքին Քահանայապետը կը դիմաւորուի Քինշասայի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պեզունկույի կողմէ որ Անոր կը յանձնէ խաչն ու օրհնեալ ջուրը ու միասնաբար մուտք կը գործեն Եկեղեցի, մինչեւ կեդրոնական խորան, որուն կողմնակի մէկ մատուրին մէջ կը հանգչին քաղաքին երբեմնի Արքեպիսկոպոսները, ուր Սրբազան Պապը պահ մը կ՜ամփոփուի աղօթքի մէջ։
Աղօթքի հանդիպումը սկիզբ կ՜առնէ Քինշասայի Արքեպիսկոպոսին բարի գալուստի խօսքով, որուն կը յաջորդէ աղօթք ու վկայութիւններու ներկայացում` Քահանայի, մայրապետի ու նորընծայի մը կողմէ։ Ապա Աւետարանի ընթերցումէն ետքը Սրբազան Պապը կը ներկայացնէ յաւուր պատշաճի խորհրդածութիւնը, որմէ ետք կ՜արտասանուին բարեխօսական աղօթքներ, որոնք կ՛աւարտին Հայր մեր աղօթքով եւ Քահանայապետին օրհնութեամբ։
Աղօթքի հանդիպումէն ետքը Քահանայապետը կը վերադառնայ Պապական Նուիրակութիւն, ուր նախատեսուած է Անոր առանձնական հանդիպումը իրեն եղբայրակից` եւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ ծառայութիւն մատուցող Յիսուսեան Միաբանութեան անդամներուն հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ