MAP

Մեծ թիւով հաւատացեալներ կը սպասեն Ֆրանչիսկոս Պապին Մեծ թիւով հաւատացեալներ կը սպասեն Ֆրանչիսկոս Պապին

Ֆրանչիսկոս Պապին Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ երկրորդ օրուան յայտագիրը

Սուրբ Պատարագ` հանդիպում բռնութիւններու զոհերուն ու բարեգործական հաստատութիւններու անդամներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւն կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան 8,15ին երբ Ան Պապական Նուիրակութենէն կը փոխադրուի Նտոլօ օդակայան, որ քաղաքի երկրորդական օդակայան մըն է եւ կը գտնուի Պարումպու շրջանին մէջ եւ ընդհանրապէս կը գործածուի փոքր ու թեթեւ օդանաւերու որպէս օդակայան։

Նորին Սրբութիւնը այնտեղ կը հասնի 08,40 անց ու կը բարձրանայ բացօթեայ սպիտակ ինքնաշարժ շրջանը կատարելու եւ ողջունելու այս առթիւ այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները, որոնց թիւը ըստ կազմակերպիչներու տուեալներուն կը գերազանցէ մէկ միլիոնը։ 

Սուրբ Պատարագ

Օդակայանի տարածքին Սրբազան Քահանայապետը կը մատուցէ «Խաղաղութեան եւ արդարութեան» նուիրուած սուրբ պատարագը, որուն առիթով կը ներկայացնէ յաւուր պատշաճի քարոզը։

Յայտնենք, որ Քահանայապետին հետ համապատարագեցին հազարէ աւելի քահանաներ մինչ կամաւորներուն թիւը գերազանցեց ինը հազարը։ Տեղւոյն վրայ իրենց ծառայութիւնը մատուցեցին 2.500 բժիշկ եւ առողջապահական գործիչներ մինչ Քահանայապետին եւ բնակչութեան անվտանգութեան վրայ կը հսկեն 7500 ոստիկաններ։

Սուրբ Զոհէն ետք Ան կը վերադառնայ Պապական Նուիրակութիւն եւ կէսօրէն ետք ժամը 4,30ին, Պապական Նուիրակութեան Քահանայապետական պաշտօնական դահլիճին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Երկրի Արեւելեան շրջանի մէջ բռնութիւններու զոհ անձերուն հետ։

Բռնութեան զոհերուն հետ հանդիպում

Հանդիպման սկիզբը կը ներկայացուի յատուկ տեսերիզ մը, ապա զանազան անձինք, տարբեր քաղաքներու բնակիչները, կը ներկայացնեն իրենց վկայութիւնները, որոնց կը յաջորդէ Նորին Սրբութեան պատգամը, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ յատուկ արարողութիւն, որուն միջոցաւ հանդիպումին ներկայ գտնուող բռնութեան զոհերը կը ստանձնեն ներելու պարտաւորութիւնը։

Հանդիպում բարեգործական հաստատութիւններուն հետ

Զոհերու հետ հանդիպումէն ետքը Նորին Սրբութիւնը, միշտ Պապական Նուիրակութեան մօտ, կ՛ընդունի Երկրին մէջ գործող բարեսիրական վեց կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։

Իւրաքանչիւր ընկերակցութեան կամ կազմակերպութեան ներկայացումէն ետքը Քահանայապետը ներկաներուն կ՛ուղղէ ճառ մը, ու ճառէն ետք անոնց հետ միասին կ՛արտասանէ Հայր մեր աղօթքը ապա ներկաներուն կը շնորհէ իր օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2023, 07:07