MAP

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ձեր ձեռքերը վար առէք Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութենէն, վար առէք Ափրիկէէն»

Քահանայապետին հանդիպումը Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան քաղաքական, քաղաքացիական եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, Քինշասայի «Palais de la Nation» նախագահական պալատին մէջ։ «Քոնկոյի իսկական ադամանդները`Երկրին զաւակներն են»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Գրեթէ վեց ու կէս ժամ  տեւած օդանաւային ճանապարհորդութենէ ետք, Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Քինշասայի միջազգային օդակայան, ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի արարողակարգը, որմէ ետք Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Քինշասայի  «Palais de la Nation» նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ Նախագահին հետ եւ Երկրին քաղաքական, քաղաքացիական եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, անոնց ուղղելով ճամբորդութեան անդրանիկ ճառը։ 

Երկրին «կանաչ թոքերն» ու հակամարտութիւնը 

Ճառին սկիզբը Սրբազան Պապը նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց «գեղեցիկ, ընդարձակ եւ փարթամ» այս Երկրին մէջ գտնուելուն համար։ Կարծես թէ «այստեղ ամբողջ  հողն է, որ կը շնչէ» ըսաւ Ան ակնարկելով երկրին «կանաչ թոքին», բայց նաեւ այնտեղ տիրող հակամարտութիւններուն, բռնի տեղահանութիւններուն, որոնց հետեւանքով կը տառապի  եւ «չարաշահուած է մարդը եւ արարչագործութիւնը»։

Հաշտութեան եւ խաղաղութեան ուխտաւոր

Սրբազան Պապը հուսկ հաստատեց, թէ ինք եկած է Յիսուսին անունով, որպէս «հաշտութեան եւ խաղաղութեան ուխտաւոր»` բերելու համար  համայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ սէրն ու մխիթարութիւնը։

Ան ապա ճառը կեդրոնացուց Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան խորհրդանիշ` լուսաւոր գեղեցկութիւն ունեցող «ադամանդին» վրայ հաստատելով որ այս երկիրը «արարչութեան իսկական ադամանդն է» եւ թէ «Քոնկոլացի այրերն ու կիները շատ աւելի արժէքաւոր են, որեւէ բարիքէ, որ դուրս կու գայ երկրին յատակէն»։

Կառուցել աւելի լաւ Երկիր` խաղաղութեան մէջ

«Ես այստեղ եմ ձեզ ողջագուրելու եւ յիշեցնելու, որ ունիք անգին արժէք մը եւ թէ Եկեղեցին ու Քահանայապետը ձեր վրայ վստահութիւն ունին, կը հաւատան ձեր ապագային, ապագայ մը` որ ըլլայ ձեր ձեռքերուն մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերելով Քոնկոլացիները վերականգնելու եւ իրենց ձեռքին մէջ առնելու բիւրեղ ադամանդը, «այսինքն այն ինչ` որ դուն ես, քու արժանապատւութիւնդ, քու կոչումդ` ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան մէջ պահպանելու տունը, որուն մէջ կ՛ապրիս», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով երկրին քայլերգի բառերուն «Տքնաջան աշխատանքի միջոցաւ պիտի կառուցենք աւելի լաւ երկիր մը, խաղաղութեան մէջ»։

Սրտերուն մէջ ներփակուած ադամանդները 

Շարունակելով խօսիլ ադամանդի մասին Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ երկրին մէջ կան «շատ հազուագիւտ ադամանդներ» թաքնուած գետնին տակ, բայց եւ այնպէս կան նաեւ հոգեւոր հարստութիւններ, որոնք «ներփակուած են սրտերուն մէջ», աւելցուց Ան հաստատելով, որ «սրտերէն է` որ խաղաղութիւնն ու զարգացումը հնարաւոր կը դառնան, որովհետեւ Աստուծոյ օգնութեամբ, մարդ արարածը ընդունակ է արդարութեան և ներման, ներդաշնակութեան և հաշտեցման, եւ իր ընդունած տաղանդները լաւ օգտագործելու յանձնառութեան և հաստատակամութեան»։

Հեռու մնալ ատելութեան եւ բռնութեան զգացումներէն

«Թող, որ իւրաքանչիւր Քոնկոլացի ինքզինք ներգրաւուած զգայ։  Բռնութիւնն ու ատելութիւնը տեղ թող չգտնեն որեւէ մէկու սրտին մէջ ու շրթունքներուն վրայ, որովհետեւ անոնք հակամարդկային եւ հակաքրիստոնէական զգացումներն են, որոնք «անդամալոյծ» կը դարձնեն զարգացումը եւ կը տանին դէպի ետեւ, խաւար անցեալի» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով ցամաքամասին մէջ ի գործ դրուած ` չարաշահումներուն, ու նաեւ «տնտեսական գաղութատիրութեան», որոնց բերումով Երկիրը չի կրնար օգտուիլ իր իսկ կենսամիջոցներէն։

Արիւնոտ ադամանդները

«Ժլատութեան թոյնը անոր ադամանդները դարձուց արիւնոտ։ Եւ այս մէկը ողբերգութիւն մըն է, որուն դիմաց աշխարհը աչքերը, ականջներն ու բերանը կը փակէ» նկատել տուաւ Քահանայապետը ընդգծելով, որ «Այս երկիրը եւ ցամաքամասը արժանի են յարգանքի եւ ունկնդրութեան, արժանի են ուշադրութեան» ապա ազդարարեց. «Ձեռ ձեռքերը վար առէք Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնէն, վար առէք Ափրիկէին...Ափրիկէն կողոպտելիք եւ շահագործելիք հանք մը չէ»։ 

Դառնալ ճակատագրի դերակատարներ. Մարդուն համար մարդու դիւանագիտութիւն

Ասկէ մեկնելով Ան հրաւիրեց Ափրիկէն` որ դառնայ իր ճակատագիրին դերակատարը, խնդրելով նաեւ, որ աւելի տեղ յատկացուի` «մարդուն համար մարդու դիւանագիտութեան», որուն կիզակէտը ըլլայ մարդկային զարգացումի հնարաւորութիւնները։ Սրբազան Պապը քաջալերեց խաղաղութեան գործընթացին ի սպաս դրուած ջանքերը իր երախտագիտութիւնը արտայայտելով բոլոր այն երկիրներուն եւ կազմակերպութիւններուն- որոնք իրենց առարկայական օգնութիւնները կը մատուցեն այդ առումով, «թիկունք կանգնելով աղքատութեան եւ հիւանդութեան դէմ պայքարի, պահպանելով օրէնքին գերակայութիւնը եւ նպաստելով մարդու  իրաւունքներու յարգանքին»։ 

Հանդիպիլ, հաշտուիլ, ձգտիլ լուսաւոր ապագայի

Վերադառնալով ադամանդի պատկերին, Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց անոր գեղեցկութեան բազմազանութեան, հրաւիրելով յարգել այդ բազմազանութիւնը նաեւ ընկերութեան մէջ, խուսափելով մասնակի շահերէն ու ապրելով միասին` իրարու հանդիպելով, հաշտուելով ու վերսկսելով  ձգտիլ  խաղաղ ու բարօր լուսաւոր ապագայի։ 

Կրօններու եւ ընկերութեան դերը խաղաղ ապագայ կառուցման համար

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց հուսկ, թէ իսկական հարստութիւնը անձերն են ու անոնց միջեւ բարի յարաբերութիւնները, այս ծիրէն ներս կարեւորելով նաեւ կրօններուն դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան հիմնական դերը` խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ապագայ մը կառուցելու յանձնառումի ծիրէն ներս։

Արտացոլացնել ստացած լոյսը` իշխանութիւնը ծառայութիւն է 

«Ադամանդը իր թափանցիկութեան մէջ հրաշալի կերպով կ՛արտացոլայ  իր ստացած լոյսը» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ այն բազմաթիւ պատասխանատուութեան տէր մարդոց, որոնք իրենց ստանձնած պաշտօնը կ՛ապրին, որպէս ընկերութեան ի սպաս ծառայութիւն եւ հաստատելով, որ «իշխանութիւնը իմաստ կը ստանայ միայն երբ կը դառնայ ծառայութիւն»։ 

Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց գործել ի նպաստ ազատ, թափանցիկ եւ հաւատալի ընտրութիւններու, խաղաղութեան գործընթացքներուն մէջ աւելի լայնօրէն ներգրաւելով կիներն, երիտասարդներն ու լուսանցքի մէջ ապրած խումբերը ապա փնտռելու հասարակաց բարիքը եւ մարդոց անվտանգութիւնը, զօրեցնել Պետութեան ներկայութիւնը, հոգ տանիլ փախստականներուն եւ տեղահաններուն։ Թոյլ չտալ շահարկուիլ անոնցմէ` որոնք Երկիրը կ՛ուզեն պահպանել բռնութեան պարոյրին մէջ, որպէսզի զայն շահագործեն...

Բարիի լոյսը մթագնող անարդարութիւնն ու կաշառակերութիւնը 

«Ընկերութեան մէջ բարիի լոյսը մթագնողը անարդարութեան եւ կաշառակերութեան խաւարներն են» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը, հաստատելով, որ Աստուած կողմ կը բռնէ արտադրութեան ծարաւն ու անօթութիւնը ունեցողին։

Կրթութեան կարեւորութիւնը` ազատութեան  տանող ճանապարհ

Ադամանդը դուրս կու գայ գետնէն, զուտ բայց անտաշ եւ մշակման կարօտ։  Այդպէս նաեւ Քոնկոյի ամենաթանկ ադամանդները, որ այս Երկիրն զաւակներն են, պէտք է որ կարողանան օգտուիլ կրթական պատշաճ հնարաւորութիւններէն։ 

«Կրթութիւնը հիմնական է, անիկայ ապագային ճանապարհն է, ուղին` որ պէտք է յանձն առնել հասնելու համար այս Երկրի եւ Ափրիկեան ցամաքամասի լիակատար ազատութեան») ըսաւ Սրբազան պապը հրաւիրելով ներդրումներ կատարել այդ ուղղութեամբ պատրաստելու համար կրթուած հասարակութիւններ, բայց դիտել տալով նաեւ, թէ «այսօր շատ են մանուկները, որոնք դպրոց չեն յաճախէր» ու թէ անոնցմէ շատեր ստրկացած են, չարաշահուած, որոնց արժանապատւութիւնն եւս ոտնահարուած է։ 

Պահպանել արարչութիւնը

«Երիտասարդները ապագան են, թոյլ չտանք որ յոյսը անյայտանայ այլ զայն մշակենք գորովով»  ըսաւ Քահանայապետը կոչ ուղղելով նաեւ պահպանելու արարչութիւնը եւ բնութիւնը, այս ուղղութեամբ շեշտելով Քոնկոյի մէջ գտնուող աշխարհի ամենամեծ «կանաչ թոքերուն» պաշտպանութեան կարեւորութիւնը ու այդ ծիրէն ներս համագործակցութիւնը, նաեւ կլիմայական փոփոխութիւններուն հարցը դիմագրաւելու համար։ 

Ադամանդի դիմադրութիւնը

«Ադամանդը ապա բնական բնութեամբ հանքանիւթ է, որ ունի ամենաբարձր  կարծրութիւնը» նաեւ քիմիական նիւթերու նկատմամբ: Բռնի յարձակումներու շարունակական կրկնութիւնը և բազմաթիւ անյարմար իրավիճակները, կարող են թուլացնել Քոնկոյի դիմադրութիւնը, խաթարել անոնց ամրութիւնը, հանգեցնել  յուսահատութեան և հրաժարականի: Բայց Քրիստոսի անունով, որ յոյսին Աստուածն է , Աստուածը` որ կը պարգեւէ վերսկսելու ուժը, յանուն այս երկրի քաղաքացիներու արժանապատւութեան, որոնք ամենաթանկ ադամանդներն են, կ՜ուզեմ բոլորը հրաւիրել ընկերային քաջ եւ ներառնող վերսկիզբի։ Զայն կը հայցէ այս երկրի լուսաւոր եւ վիրաւոր պատմութիւնը, զայն կ՛աղերսեն երիտասարդներն ու մանուկները» կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր մօտիկութիւնն ու աղօթքը ապահովեցնելով`  Երկրի խաղաղ, ներդաշնակ եւ բարգաւաճ ապագային ի նպաստ իւրաքանչիւր ջանքին։ 

«Աստուած օրհնէ համայն Քոնկոլական ազգը » ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով իր ճառը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2023, 17:54