Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Տիրամօր վստահեցաւ Պահրէյնի առաքելական ճամբորդութիւնը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ինչպէս կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի 2 նոյեմբերին այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան այնտեղ աղօթք մատուցելու Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Աստուածամօր սրբապատկերին առջեւ անոր ապաւինելով Պահրէյնի Թագաւորութեան ճանապարհորդութիւնը։
Միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած տեղեկատւութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապին այսօրուան այցը կը հանդիսանայ անոր Սանթա Մարիա Մաճճորէ կատարած հարիւրերորդ այցելութիւնը, Քահանայապետ ընտրուելէն մինչեւ օրս։
Յայտնենք թէ Սրբազան Քահանայապետը սովորութիւն ունի իւրաքանչիւր միջազգային առաքելական ճամբորդութենէն առաջ ու ետքը այցելելու Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը աստուածամօր հովանիին յանձնելու ճամբորդութիւնը ապա Անոր շնորհակալութիւն յայտնելու ճամբորդութեան յաջողութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ