MAP

1667158069355.JPG

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան 39րդ առաքելական ճամբորդութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին Քահանայապետն է, որ կ՛այցելէ Պահրէյնը, 2000 թուականէն ասդին հաստատուած Պահրէյն – Սուրբ Աթոռ դիւանագիտական կապերէն ետքը։ Պահրէյնը Քահանայապետին այցելած 58րդ երկիրն է։ Ան Պահրէյն կը մեկնի «Երկրի վրայ բարի կամքի մարդոց խաղաղութիւն» (Ղուկ. 2,14) կարգախօսով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

հինգշաբթի 3 նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2022 տարուայ չորրորդ եւ վերջին միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը, որ զինք կ՛առաջնորդէ արաբական թերակղզիի մաս կազմող Պահրէյնի Թագաւորութիւն, ուր Ան պիտի մասնակցի նաեւ , "Bahrein Forum for Dialogue» միջկրօնական հանդիպումին։

Հինգ ժամ տեւող ճանապարհորդութիւն 

Սրբազան Պապը Վատիկանի իր բնակարանէն հրաժեշտ առաւ առաւօտեան 8,50 անց, ինքնաշարժով ուղղուելով դէպի Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան, ուր բարի երթի «փրոթոքոլային» արարողութենէն ետք Ան բարձրացաւ ITA Airways ընկերութեան օդանաւ եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին, որուն մաս կը կազմեն նաեւ լրագրողներ, ուղղուեցաւ Պահրէյնի Թագաւորութեան Աուալի քաղաքի «Shakhir Air base» օդակայան, ուր ժամանումը նախատեսուած է գրեթէ 5 ժամ տեւող թռիչքէ ետք սաւառնելէ ետք Իտալիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ օդային տարածքներուն վրայէն, որոնց պետական իշխանութիւններուն Սրբազան Քահանայապետը կ՜ուղղէ քաղաքավարական հեռագիրներ։

Առաջին Քահանայապետը Պարէյնի մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին Քահանայապետն է, որ կ՛այցելէ Պահրէյնը, 2000 թուականէն ասդին հաստատուած Պահրէյն – Սուրբ Աթոռ դիւանագիտական կապերէն ետքը։ Պահրէյնը Քահանայապետին այցելած 58րդ երկիրն է։ Ան Պահրէյն կը մեկնի «Երկրի վրայ բարի կամքի մարդոց խաղաղութիւն» (Ղուկ. 2,14) կարգախօսով։

Նորին Սրբութեան այս ճամբորդութիւնը կը նախատեսէ 7 հանրային հանդիպումներ. որոնց ընթացքին Ան պիտի արտասանէ վեց ճառեր եւ մէկ քարոզ, ապա Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Հանդիպումները

Իր կեցութեան ընթացքին Քահանայապետը պիտի հանդիպի Պահրէյնի Թագաւորին հետ «Sakhir Royal Palace» պալատին մէջ, ուր նաեւ տեղի կ՛ունենայ Նորին Սրբութեան հանդիպումը` քաղաքական իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։

Երկրորդ օրը Նորին Սրբութիւնը պիտի մասնակցի "Bahrain Forum for Dialogue: East and West for Human Coexistence" ձեռնարկի փակման նիստին, առանձնական հանդիպում պիտի ունենայ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին հետ, ու «Sakhir Royal Palace»ի մզկիթին մէջ պիտի հանդիպի «Mouslim council of Elders»ի անդամներուն հետ։ Ապա Արաբիոյ Տիրամօր աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ պիտի մասնակցի «Խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթք»ին, հուսկ Շաբաթ օրը "Bahrain National Stadium" մարզադաշտին մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ եւ երեկոյեան` Սուրբ Սիրտ դպրոցին մէջ պիտի հանդիպի երիտասարդներուն հետ։

Կիրակի 6 նոյեմբերին  Ֆրանչիսկոս Պապըկը փոխադրուի Մանամա, ուր եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւորներու, նորընծաներու եւ հովուական ծառայութեամբ զբաղող գործիչիններուն հետ Մանամայի Սուրբ Սիրտ Եկեղեցւոյ մէջ, ունեցած հանդիպումով կ՜աւարտէ առաքելական ճամբորդութեան պաշտօնական յայտագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2022, 09:49