Մարեմեան աղօթք.Սրբազան Պապը խնդրեց աղօթքով իրեն ընկերանալ Պահրէյնի ճամբորդութեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երեքշաբթի մէկ նոյեմբեր 2022ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ամենայն սրբոց տօնին օրուան առիթով արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, խօսքը ուղղելով հրապարակ ժամանած եւ աղօթքին մասնակցող հազարաւոր հաւատացեալներուն նշեց, թէ միւս օր առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Պահրէյնի Թագաւորութիւն, ուր պիտի մնայ մինչեւ կիրակի օր։
«Այժմէն իսկ կը փափաքիմ ողջունել եւ ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնեց Պահրէյնի Թագաւորին, իշխանութիւններուն, հաւատքի մէջ եղբայրներուն ու քոյրերուն ու Երկրին համայն ժողովուրդին, մասնաւորապէս անոնց` որոնք կ՜աշխատին ճամբորդութիւնը պատրաստելու համար», ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ պիտի ըլլայ «երկխօսութեան ուղիով» ճամբորդութիւն մը, ուր պիտի մասնակցի Ֆորումի մը` որ պիտի քննարկէ Արևելքի և Արևմուտքի միջև հանդիպումին էական անհրաժեշտութիւնը՝ յանուն մարդկային համակեցութեան։ «Հնարաւորութիւնը կունենամ զրուցելու կրօնական ներկայացուցիչներու, յատկապէս մահմեդականներու հետ» յարեց ապա Սրբազան Պապը բոլորէն խնդրելով որ իրեն ընկերանան աղօթքով, որպէսզի իւրաքանչիւր հանդիպում և իրադարձութիւն ըլլան պտղաբեր, յանուն Աստուծոյ աջակցելու եղբայրութեան և խաղաղութեան գործին, որուն հրատապ կարիքը ունին մեր ժամանակները»։
Սրբազան Պապը ողջունեց հուսկ տարբեր վայրերէն հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով` Տոն Պոսքոյի առաքելութեան կողմէ կազմակերպուած «Սուրբերու վազքը» ձեռնարկին մասնակցողներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին։
Ան ապա դարձեալ խնդրեց չմոռնալ մարտիրոս Ուքրանիան ու խնդրեց աղօթել խաղաղութեան համար։
Սրբազան Պապը ակնարկեց նաեւ լատինաց մօտ վաղը յիշատակուող օր մեռելոցին, հրաւիրելով այցելել սիրելիներուն գերեզմանները ու նաեւ զանոնք յիշել պատարագի ընթացքին։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի ամենայն սրբոց տօն, աղօթքներ խնդրելով իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ