Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Պահրէյնի քաղաքական իշխանութիւններուն. Թող լռեն զէնքերը, յանձնառու ըլլանք խաղաղութեան համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Պահրէյն կատարած առաքելական ճամբորդութեան առաջին պաշտօնական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պահրէյնի Թագաւորական պալատին մէջ Նորին Սրբութեան Պահրէյնի քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումով, որոնց Սրբազան Պապը ուղղեց իր պատգամը։
Շնորհակալութեան խօսք
Քահանայապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Պահրէյնի Թագաւորութիւն այցելելու Թագաւորին իրեն ուղղած հրաւէրին համար, ապա ուրախութիւն արտայայտեց այնտեղ գտնուելուն համար. «Այստեղ, ուր ծովուն ջուրերը կը շրջապատէն անապատին աւազը եւ ուր` արևելեան աւանդական շուկաներուն կողքին կան տպաւորիչ երկնաքերները, ուր կը հանդիպին հեռաւոր իրողութիւններ. հնութիւնն ու արդիականութիւնը իրարու կը հպին, պատմութիւնն ու առաջընթացը կը միաձուլուին, եւ մասնաւորէս մարդիկ, տարբեր ծագումներով, կը ձևաւորեն կեանքի ինքնատիպ խճանկար մը» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Կեանքի ծառը Պահրէյնի կենսականութեան զինանշան
Ան ապա ակնարկեց Պահրէյնի «կենսականութեան զինանշան»ին, որ «կեանքի ծառն է», որմէ, ըսաւ Քահանայապետը, կը փափաքիմ ներշնչում քաղել ձեր հետ կիսելու համար մտորումներ։
«Անիկա վեհաշուք ակացիա մըն է, որ դարեր շարունակ գոյատևած է անապատային տարածքին մէջ, որտեղ անձրևները հազուագիւտ են եւ կը թուայ, որ անհնար է, նման պայմաններուն մէջ, երկարակեաց ծառ մը դիմանայ և ծաղկի: Շատերուն կարծիքով՝ գաղտնիքը արմատներուն մէջ է, որոնք տասնեակ մետրերով կ՛երկարին գետնի տակ՝ ստորգետնեայ ջուրերու հանքավայրերէն սնունդ քաղելով», նշեց Նորին Սրբութիւնը եւ ասկէ մեկնելով շեշտը դրաւ արմատներուն վրայ։
Արմատները
«Պահրէյնի Թագաւորութիւնը յանձնառու է իր անցեալի փնտռտուքով ու անոր արժեւորումով, ուր ժամանակին, դարեր առաջ, մարդիկ կը հաւաքուէին գրաւուած անոր գեղեցկութեամբ եւ անոր քաղցրահամ ջուրերու առատ աղբիւրներէն, որոնք անոր տուին դրախտայինի համբաւը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Պահրէյնը նկատելով «տարբեր ժողովուրդներու միջեւ հանդիպման վայր մը» եւ այդ մէկը որակելով «կենսական ջուր», որմէ այսօր եւս Պահրէյնի արմատները սնունդ կը քաղեն. «մշակութային եւ ցեղային բազմազանութիւն, խաղաղ համակեցութիւն եւ ժողովուրդին աւանդական հիւրընկալութիւն»։
Բազմազանութիւնը, խաղաղ համակեցութիւնը, հիւրընկալութիւնը
«Բազմազանութիւն, որ միահիւսում չէ, այլ ներառում է» ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով, որ ասոր շնորհիւ «այս կղզիներուն մէջ կարելի է հիանալ բաղադրեալ, բազմազգ և բազմակրօն հասարակութիւնով, որ կարող է յաղթահարել մեկուսացման վտանգը»։
Նորին Սրբութիւնը այս մէկը համարեց «շատ կարեւոր մեր ժամանակներուն համար» ուր, անհատապաշտութիւնը արգելք կը հանդիսանայ ըմբռնելու միասնութեան անփոխարինելի կարեւորութիւնը։
«Հակառակ առաջընթացին և բազմաթիւ քաղաքացիական և գիտական նուաճումներուն, մշակութային հեռաւորութիւնը աշխարհի տարբեր մասերու միջև կ՛աճի, և առճակատման ստոր վերաբերմունքը կը գերադասէ հանդիպումներու շահաւէտ հնարաւորութիւններուն» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը, մտաբերելով դարձեալ կեանքին ծառը ու յորդորելով թոյլ չտալ որ «չոռնան մարդկայնութեան արմատները»:
Աշխատիլ միասին միասնութեան եւ յոյսի համար
«Աշխատինք միասին, աշխատինք միասնութեան համար, յոյսին համար» խրախուսեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, թէ ինք այստեղ կը գտնուի, որպէս «խաղաղութեան սերմանող», որպէսզի ապրի հանդիպումի օրեր ու մասնակցի մարդկային խաղաղ համակեցութեան ի սպաս Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ երկխօսութեան Ֆորումին։
Այս առընչութեամբ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆորումի մասնակցողներուն ու յատկապէս կրօնական ներկայացուցիչներուն հաստատելով, որ այս օրերը կը հանդիսանան արժէքաւոր հանգրուան մը բարեկամութեան ուղեւորութեան ամրապնդման` իսլամ զանազան կրօնապետերու հետ։
Խթանել յարգանքը եւ կրօնի ազատութեան հանդուրժողականութիւնը
Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ապա Թագաւորութեան կազմակերպած զանազան ձեռնարկներուն, որոնց նպատակն էր խթանել յարգանքը եւ կրօնի ազատութեան հանդուրժողականութիւնը, որոնք «կարեւոր նիւթեր են, ճանչցուած Երկրին Սահմանադրութենէն- ուր հաստատուած է «Խտրականութիւն պէտք չէ դրուի սեռի, ծագման, լեզուի, կրօնի կամ համոզմունքի հիման վրայ» (յօդուած 18), թէ «խղճի ազատութիւնը բացարձակ է» և որ «պետութիւնը կը պաշտպանէ պաշտամունքի անձեռնմխելիութիւնը» (յօդուած 22):
«Ասոնք, ըսաւ Քահանայապետը, յանձնառութիւններ են, որոնք պէտք է թարգմանուին գործնականին մէջ, որպէսզի կրօնի ազատութիւնը ըլլայ լիակատար եւ չի սահմանուի միայն պաշտամունքի ազատութեան»։
Աշխատանքը մարդուս արժանապատւութիւնը կերտող գործօն
Վերադառնալով Կեանքի Ծառին Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ անոր ճիւղերուն, այդ ճիւղերը նմանեցնելով Երկրին մէջ գործող ու անոր բարգաւաճման սատարող տարբեր ազգութիւններէն անհատներուն, որոնք բնակութիւն հաստատեցին Պահրէյնի մէջ, ուր գտան աշխատանք, եւ իրենց զիրենք կը զգան իրենց տանը մէջ։
Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ «աշխատանքի» պակասին ու անոր կարեւորութեան վրայ, քննադատելով տմարդկային աշխատանքը ու հաստատելով, որ «աշխատանքը անհրաժեշտ է ոչ միայն ապրուստը հոգալու համար այլ իրաւունք է համապարփակ կերպով զարգացնելու անձը ու ձեւաւորելու մարդուն մասշտաբով հասարակութիւն մը»։
«Յաճախ աշխատանքը, հացի նման, կը պակսի, յաճախ ան թունաւոր հաց է, որովհետեւ կը ստրկացնէ» նշեց Նորին Սրբութիւնը, կոչ ուղղելով երաշխաւորելու մարդուն արժանավայել անվտանգ աշխատանքի պայմաններ, որոնք նպաստեն նաեւ մշակութային եւ հոգեւոր կեանքին, խթանեն ընկերային միասնութիւնը ի նպաստ Երկիրներու զարգացումին։
Բնապահպանութեան հարցը դիմագրաւել հեռատես լուծումներով
Ասկէ մեկնելով ան խօսեցաւ Պահրէյնի ձեռքբերումներու մասին, ուր հիմնուած է Ծոցի առաջին իգական դպրոցը եւ վերացուած է ստրկութիւնը։ «Ան թող ըլլայ համայն տարածաշրջանի իրաւունքներու խթանման փարոսը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու դարձեալ մատնանշելով Կենաց Ծառին իրենց պատասխանատուութեան հրաւիրեց անոնք` որոնք կը Կառավարեն եւ որոնց պարտականութիւն է ծառայել հասարակաց բարիքին, այս ծիրէն ներս ակնարկով բնապահպանութեան հարցին ու յորդորելով դիմել իմաստուն, հեռատես ընտրանքներու, մտածելով նոր սերունդներուն։
«Եգիպտոսի մէջ կայանալիք Կլիմայի փոփոխութեան հարցերով ՄԱԿ-ի համաժողովը (COP27) թող առաջընթաց քայլ ըլլայ այս առումով», մաղթեց Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ապա խօսեցաւ իւրաքանչիւր մարդու կեանքը բարգաւաճեցնելու կոչումի մասին, այս ծիրէն ներս ակնարկելով մահուան սպառնալիքներուն եւ անիմաստ պատերազմին, որ ամենուրէք կը սերմանէ կործանում եւ արմատախիլ կ՜ընէ յոյսը։
Պատերազմը անիմաստ է ու տմարդկային
«Պատերազմի ընթացքին ի յայտ կու գայ մարդուս ամենավատ կողմը՝ եսասիրութիւնը, բռնութիւնը և սուտը», ըսաւ Սրբազան Պապը, հաստատելով, որ «պատերազմը, իւրաքանչիւր պատերազմ, կը ներկայացնէ ճշմարտութեան մահը»:
«Մերժենք զէնքի տրամաբանութիւնը և հսկայական ռազմական ծախսերուն ուղղութիւնը փոխենք, զանոնք վերածելով ներդրումներու՝ սովի, առողջապահութեան և կրթութեան բացակայութեան դէմ պայքարելու համար միջոցի», հրաւէր ուղղեց Ան, ցաւ արտայայտելով հակամարտութիւններուն համար, որոնք տակաւին գոյութիւն ունին ամենուրէք ու նաեւ Արաբական թերակղզիին մէջ, ինչպէս Եմենը, «որ կը տանջուի մոռացուած պատերազմի բերումով».... «Թող լռեն զէնքերը, եկէք ամենուր և իսկապէս յանձնառու ըլլանք խաղաղութեան համար» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը, որ իր երկարաշունչ ճառին աւարտին նշեց թէ «այստեղ կը գտնուի, որպէս հաւատացեալ, որպէս քրիստոնեայ, որպէս մարդ եւ խաղաղութեան ուխտաւոր, որովհետեւ այսօր աւելի քան երբեք կանչուած ենք, ամենուրէք, լրջութեամբ յանձնառու ըլլալու խաղաղութեան համար» ըսաւ Ան ու խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով հաւատարիմ ըլլալ «աշխատելու աշխարհի մը համար, որտեղ անկեղծ համոզմունքներ ունեցող մարդիկ, միացած իրարու, կը հերքեն այն ինչը, որ մեզ կը բաժանէ և կը մօտեցնեն այն ինչ, որ մեզ կը միաւորէ»:
«Այդպէս թող ըլլայ, Ամենաբարձրեալի օրհնութեամբ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով իր ճառը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ