MAP

AdobeStock_333162705.jpeg

Ֆրանչիսկոս, առաջին Պապը Պահրէյնի մէջ. Յանուն եղբայրութեան ճամբորդութիւն

Յառաջիկայ օրերուն` 3էն 6 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական այցելութեամբ կը մեկնի Պահրէյն, ուր փակումը պիտի կատարէ “Bahrein Forum for Dialogue” ձեռնարկին։ Ճամբորդութեան յայտագիրի ներկայացումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ 28 հոկտեմբերին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին 2022 տարուայ չորրորդ եւ վերջին միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը, որ կը հանդիսանայ նաեւ անոր Քահանայապետութեան 39րդը, սկիզբ պիտի առնէ հինգշաբթի 3 նոյեմբերին ու վերջ կը գտնէ Կիրակի 6 նոյեմբերին, զինք առաջնորդելով Պահրէյն, որպէս եղբայրութեան եւ հասկացողութեան ուղեւորութեան թանկարժէք հանգրուան, "Bahrein Forum for Dialogue» միջկրօնական հանդիպումին առիթով, որ նախաձեռնութիւնն է Պահրէյնի թագաւոր Համատ պին Իսա Ալ Խալիֆային եւ տեղի պիտի ունենայ 3 եւ 4 նոյեմբերին։

«Երկրի վրայ բարի կամքի մարդոց խաղաղութիւն»

Առաքելական ճամբորդութեան կարգախօսն է «Երկրի վրայ բարի կամքի մարդոց խաղաղութիւն» (Ղուկ. 2,14) խօսքը, որ ներշնչում կը քաղէ Ղուկասի Աւետարանին մէջ նկարագրուած` Յիսուսին ծննդեան առթիւ հրեշտակներու երգած խօսքերէն, որ, ինչպէս բացատրեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին, աշխարհը յուզող այս պատերազմական մթնոլորտին մէջ, կիզակէտը կը հանդիսանայ Քահանայապետին մտահոգութիւններուն, որուն համար Ան կը փնտռէ դաշնակիցներ` գործելու համար ի նպաստ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան։

Քննադատութիւններ

Նորին Սրբութեան սոյն ճամբորդութիւնը յառաջացուց նաեւ որոշ քննադատութիւններ տրուած ըլլալով, որ Պահրէյնի մէջ անտեսուած են մարդկային հիմնարար իրաւունքները եւ ճիշտ այս նիւթին անդրադառնալով Մաթթէօ Պրունի ակնարկեց 2014ին Պահրէյնի թագաւորութեան կողմէ որդեգրուած յայտարարութեան, որուն դիտաւորութիւնն է յարգել մարդկային իրաւունքները ու խթանել երկխօսութիւնը ի ծառայութիւն խաղաղութեան եւ բազմակարծութեան, այս մէկը որակելով «նկատի առնուելիք» քայլ մը ու հաստատելով, որ «Սուրբ Աթոռին ու Քահանայապետին դիրքը յայտնի է բոլորին եւ չէ փոխուած»։

Պահրէյն այցելող առաջին Քահանայապետը

Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի հանդիսանայ առաջին Քահանայապետը որ այցելութիւն կու տայ Պահրէյն, 2000 թուականէն ասդին հաստատուած Պահրէյն – Սուրբ Աթոռ դիւանագիտական կապերէն ետքը։ Պահրէյնը Քահանայապետին այցելած 58րդ երկիրն է։ Անոր պիտի ընկերանան Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչ Կարդինալ Անթոնիօ Թակլէ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատսեչութեան Վերատեսուչը Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Միջ կրօնական երկխօսութեան Վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Միկել Անկել Այուզօ Կիսոն, Քրիստոնեաներու Միութեան խթանումի Վեատեսչութեան վերատեսուչը Կարդինալ Քիւրդ Քոխը ապա գերապայծառ Էտկար Փենիա Փառա` Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարութեան տեղակալ, Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր` Պետութիւններու ու միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը։

Ճամբորդութեան տարբերանշանը

Քահանայապետին վերոնշեալ ճամբորդութեան տարբերանշանը կազմուած է Պահրէյնի եւ Սուրբ Աթոռի դրօշներէն, որոնք նկարագրուած են, որպէս երկու ձեռքեր բացուած դէպի Աստուած, խորհրդանշելու համար ժողովուրդներուն ու ազգերուն յանձնառումը` բաց հոգիով իրարու հանդիպելու, առանց նախապաշարումներու, որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր։

Եղբայրական հանդիպումին պտուղը խաղաղութեան պարգեւն է, որ ներկայացուած է է ձիթենիի ճիւղով, պատկերացուած «երկու ձեռքերու» մէջտեղ։

Ապա կը կարդանք «Ֆրանչիսկոս Պապին» անունը, որ կապոյտ գոյնով է` նշելու համար, որ առաքելական այս ճանապարհորդութիւնը վստահուած է Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան, որ մեծարուած է Արաբիայի Տիրամայր տիտղոսով, մասնաւորապէս համանուն տաճարին մէջ, որ Պահրէյնի Թագաւորութեան նուէրն է` երկրին կաթողիկէ եկեղեցւոյ։

Եօթը հանրային հանդիպումներ

Նորին Սրբութեան սոյն ճամբորդութիւնը կը նախատեսէ 7 հանրային հանդիպումներ որոնց ընթացքին Ան պիտի արտասանէ վեց ճառեր եւ մէկ քարոզ, ապա Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Սրբազան Պապը Վատիկանէն կը մեկնի առաւօտեան 8,50 անց ուղղուելով Ֆիումիչինօ օդակայան, որտեղէն զինք ու իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամները փոխադրող օդանաւը թռիչք կ՛առնէ 9.30ին եւ գրեթէ եօթ ժամ ու մի քանի վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք կը ժամանէ «Sakhir Air Base» օդակայան, ուր տեղի կ՛ունենայ պաշտօնական ընդունելութիւն հուսկ այց` Պահրէյնի Թագաւորին «Sakhir Royal Palace» պալատին մէջ ուր նաեւ տեղի կ՛ունենայ Քահանայապետին հանդիպումը` քաղաքական իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ որոնց Սրբազան Պապը կ՛ուղղէ իր պատգամը։

Ուրբաթ 4 նոյեմբերի յայտագիրը կը նախատեսէ Սրբազան Քահանայապետին մասնակցութիւնը "Bahrain Forum for Dialogue: East and West for Human Coexistence" ձեռնարկի փակման նիստին, որուն առթիւ Ան մասնակիցներուն կ՛ուղղէ ճառ մը։ Կէսօրէն ետք Քահանայապետը առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին հետ, որմէ ետք Սրբազան Պապը կը հանդիպի «Mouslim council of Elders»ի անդամներուն հետ, «Sakhir Royal Palace»ի մզկիթին մէջ, որուն առիթով Սրբազան Պապը կ՛ուղղէ իր խօսքը եւ որուն կը յաջորդէ «Խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթք» Արաբիոյ Տիրամօր անուամբ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, որուն առթիւ եւս նախատեսուած է Սրբազան Քահանայապետին մէկ ճառը։

Շաբաթ 5 նոյեմբերին նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ` "Bahrain National Stadium" մարզադաշտին մէջ իսկ երեկոյեան` Սուրբ Սիրտ դպրոցին մէջ Քահանայապետը կը հանդիպի երիտասարդներուն հետ։

Կիրակի 6 նոյեմբերին Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի Մանամա ուր հանդիպում կ՜ունենայ Եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւորներու, նորընծաներու եւ հովուական ծառայութեամբ զբաղող գործիչիններուն հետ` Մանամայի Սուրբ Սիրտ Եկեղեցւոյ մէջ, որուն առթիւ նախատեսուած է նաեւ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքն ու անոր պատգամը, որով վերջ կը գտնէ Նորին Սրբութեան առաքելական այցելութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2022, 08:00