Քալենք Միասին. Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Քանատա
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 24 Յուլիս 2022-ի առաւօտեան ժամը 8-ին շուրջ, Սրբազան Պապը հրաժեշտ առնելէ ետք Սանթա Մարթայի Վատիկանի իր բնակարանէն ուղղուեցաւ դէպի Հռոմի միջազգային օդակայան, սկիզբ տալով իր Քահանայապետութեան 37րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան, որ զինք կ՜առաջնորդէ Քանատա` «ապաշխարութեան ուխտագնացութեամբ» մը, շարունակելու համար անցեալ ամիսներուն սկիզբ առած Քանատայի Métis, Inuit եւ First Nations բնիկ ժողովուրդներուն հետ հաշտութեան ուղեւորութիւնը։
Քալենք Միասին
«Քալենք միասին» կարգախօսով Սրբազան Պապին այս ճամբորդութիւնը առաջինն է անոր ծնկացաւի յայտնաբերումէն ետք, որուն պատճառաւ ստիպուած եղած էր յետաձգել Յուլիս ամսուայ սկիզբը նախատեսուած Քոնկօ եւ Հարաւային Սուտան կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը։
Անցեալ կիրակի օր` 17 Յուլիսին, Մարեմեան Աղօթքին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հաւատացեալներէն խնդրեց, որ աղօթքով իրեն ընկերանան այս ճանապարհորդութեան, զայն որակելով «ապաշխարութեան ուխտագնացութիւն»։
Քահանայապետին ուղերձը Քանատացիներուն
«Սիրելի Քանատայի եղբայրներ եւ քոյրեր, ինչպէս գիտէք ձեր մօտ պիտի գամ յանուն Յիսուսին մասնաւորապէս հանդիպելու եւ ողջագուրելու համար բնիկ ժողովուրդները։ Քանատայի մէջ դժբախտաբար, բազմաթիւ քրիստոնեաներ, ներառեալ կրօնական հաստատութիւններու անդամներ, սատարեցին մշակութային ձուլման քաղաքականութեան, որ անցեալին մէջ, ծանրապէս եւ տարբեր ձեւերով վնաս հասցուցբնիկ հասարակութիւններուն։ Ասոր համար, վերջերս, Վատիկանի մէջ ընդունեցայ բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներու մի քանի խումբեր, որոնց յայտնեցի իմ ցաւս եւ իմ զօրակցութիւնս չարիքին համար որուն ենթակայ եղան» ըսած էր Սրբազան Պապը յոյս յայտնելով որ իր այս «ապաշխարութեան ուխտագնացութիւնը» կարենայ սատարել արդեն սկիզբ առած «հաշտութեան եւ ապաքինումի ուղեւորութեան»։
Քանատան այցելող երկրորդ Քահանայապետը
Ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Քահանայապետին 2022 տարուայ ընթացքին Մալթա կատարած առաքելական ճամբորդութենէն ետք երկրորդը եւ Ինք կը հանդիսանայ երկրորդ Քահանայապետը, որ կ՜այցելէ Քանատան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետէն ետք, որ Երկիրը այցելած էր երեք անգամ` 1984-ին, 1987-ին եւ 2002-ին։ Արդարեւ այս տարի կը նշուի նաեւ Լեհ Քահանայապետին վերջին ճամբորդութեան քսանամեակը։
Նորին Սրբութիւնը Քանատա կը մեկնի տեղական քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններուն ինչպէս նաեւ բնիկ ժողովուրդներու հրաւէրով եւ իր այս ճամբորդութեան առանցքը կը կազմէ բնիկ ժողովուրդներուն հետ հանդիպումը եւ ներումի հայցը, անոնց դէմ գործադրուած ոտնձգութիւններուն համար, նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ անդամներուն կողմէ։
Բնիկ ժողովուրդներուն հետ հաշտութեան եւ ճշմարտութեան գործընթացքը
Բնիկ ժողովուրդներուն հետ հաշտութեան եւ ճշմարտութեան գործընթացքը սկիզբ առած էր 1993 թուականին Քանատական Պետութեան եւ Առաջին Ազգերու միջեւ կնքուած տարբեր համաձայնութիւններով։ Հարցը կը հայի այն ողբերգական իրողութեան երբ Քանատայի Պետութիւնը ի գործ դրած էր բնիկ ժողովուրդներուն նկատմամբ «ձուլման» քաղաքականութիւն մը, ստիպելով որ անոնք իրենց զաւակները ուղարկեն Պետութեան կողմէ տրամադրուած եւ յաճախ քրիստոնեայ եկեղեցիներու կողմէ մատակարարուած գիշերօթիկ դպրոցներ, որոնց համար յատկացուած էին սակաւաթիւ ֆինանսաւորումներ։ Այդ մանուկներէն շատեր, հիւանդութեան, սովի, ցուրտի եւ չարաշահումներու պատճառաւ մահացան ու անոնց դիակները զետեղուեցան հանրային զանգուածային գերեզմաններու մէջ որովհետեւ կառավարութիւնը չէր ուզած յանձն առնել զանոնք իրենց ծնողաց մօտ ուղարկելու ծախսերը։
Անյայտ կորած երեք հազար մանուկներ
2015-ին այս հարցով ստեղծուած յանձնախումբի հրապարակած տեղեկութիւններուն համաձայն աւելի քան երեք հազար մանուկներ անյայտ կորած համարուեցան, թէեւ այս թիւը կարելի չէ վերջնական նկատել։ Տեղեկագիրը գիշերօթիկ այդ դպրոցներուն համակարգը որակած է «մշակութային ցեղասպանութիւն»։
2021-ին պեղումներու հետեւանքով յայտնաբերուեցան այլ 215 գերեզմաններ այն վայրին մէջ ուր ժամանակին կը գտնուէր Քամլուփսի կաթողիկէ գիշերօթիկ դպրոցը։ Լուրը մեծապէս ցնցեց հանրային կարծիքը ու Կաթողիկէ Եկեղեցին մղեց դարձեալ ներում հայցելու եւ ի գործ դնելու փոխհատուցումի ծրագիր մը, որուն ծիրէն ներս նախատեսուած էր նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Քանատա եւ Անոր ներումին հայցը։
Տասը ժամ տեւող ճամբորդութիւն
Նորին Սրբութիւնը Քանատա կը ժամանէ 10 ժամ 20 վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք սաւառնելէ ետք` Իտալիոյ, Զուիցերիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Թագաւորութեան, Իսլանդայի եւ Տանիմարքի օդային տարածքներուն վրայէն։
Քահանայապետին հետ կը ճամբորդեն 76 լրագրողներ։ Կեցութեան ընթացքին Ան պիտի այցելէ հինգ քաղաքներ հանդիպում ունենալով այնտեղ բնակող բնիկ հասարակութիւններուն հետ։ Հանդիպումներու շարքին նախատեսուած են նաեւ Քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ հանդիպում, պատարագներ, աղօթքի պահեր, կղերական դասին, երիտասարդներուն եւ տարեցներուն հետ հանդիպումներ։
Սրբազան Պապը պիտի արտասանէ ինը ճառեր ու քարոզներ։ Առաքելական ճամբորդութիւնը իր աւարտին կը հասնի ուրբաթ 29 Յուլիսին ու Սրբազան Պապին Հռոմ վերադարձը նախատեսուած է շաբաթ 30 Յուլիսի առաւօտեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ