MAP

WhatsApp-Image-2022-07-24-at-12.20.44-1.jpeg

Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց իր հետ ճամբորդող լրագրողները յիշելով Տարեցներու Համաշխարհային օրը։

«Մեծ Մամիկ Պապիկները մեզի փոխանցեցին շատ մը բաներ եւ առաջին հերթին պատմութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմէն դէպի Քանատայի Էտմոնթոն քաղաք ղուղուով թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն ուզեց ողջունել իր հետ ճամբորդող լրագրողները, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց մատուցած ծառայութեան եւ աշխատանքին համար։ Եւ հակառակ ծնկացաւին Նորին Սրբութիւնը ուզեց մէկիկ մէկիկ ողջունել զանոնք ու նախ քան այս ընելը անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ ուզեց դարձեալ ընդգծել ճամբորդութեան բնոյթը, որ ըսաւ Ան «ապաշխարութեան ճամբորդութիւն մըն է», հրաւիրելով զայն ապրիլ այս հոգիով։

Մամիկ Պապիկներուն Օրը

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց ապա թէ մի քանի ճամբորդութիւններուն չկարողանալ մասնակցելէ յետոյ իրենց հետ կը գտնուի լրագրողներուն աւագերէցը ապա խնդրեց որ միասին աղօթեն Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը յիշելով նաեւ, որ «այսօր կը յիշատակուի մեծ մամիկ պապիկներուն օրը»։

«Անոնք այն անձերն են, որոնք մեզի փոխանցեցին պատմութիւնը, աւանդութիւնները, սովորութիւնները եւ շատ այլ բաներ...այսօր պէտք է, որ երիտասարդները կապ հաստատեն իրենց մամիկ պապիկներուն հետ, անոնցմէ առնեն արմատները, ոչ թէ այնտեղ կանգ առնելու համար, այլ զանոնք յառաջ տանելու համար, ծառի մը նման, որ արմատներէն ուժ կը քաղէ եւ այդ ուժը կը տանի ծաղիկներուն եւ պտուղներուն», ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ակնարկելով Պերնարտէս բանաստեղծի խօսքերուն «Ամէն ինչ` որ ծառին վրայ կը բուսնի անոր յատակէն կու գայ»։

Տարեց կրօնաւորները իմաստութեան աղբիւր

Քահանայապետը յիշեց նաեւ տարեց կրօնաւոր կրօնաւորուհիները` նուիրեալ կեանքին պապիկ մամիկները. «Հաճեցէք զանոնք չի թքանեցնել, անոնք կրօնական ընտանիքի մը իմաստութիւնն են եւ թող, որ նոր կրօնաւոր կրօնաւորուհիները, նորընծաները, անոնց հետ շփում ունենան։ Անոնք մեզի պիտի փոխանցեն կեանքին փորձառութիւնը, որ մեզի մեծապէս պիտի օգնէ յառաջ ընթանալու համար՛» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով` որ «իւրաքանչիւրս ունի մեծ մամիկ ու մեծ պապիկ մը, անոնցմէ ոմանք մեզ թողուցին եւ ուրիշներ տակաւին ողջ են։ Յատուկ կերպով յիշենք զանոնք այսօր, անոնցմէ մենք ընդունեցանք շատ բաներ եւ առաջին հերթին պատմութիւնը» հաստատեց Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2022, 12:54