Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Յիսուսի մեծ հօր եւ մեծ մօր Սուրբ Յովակիմի եւ Սրբուհի Աննայի տօնին առիթով։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 26 յուլիսին, տեղական ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 09ին, (Իտալիոյ ժամանակացոյցով յետմիջօրէին ժամը 5ին), Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Յովսէփի անուան նորընծայարանէն փոխադրուեցաւ Էտմոնթոն քաղաքի «Commonwealth» մարզադաշտ, ուր պապական ինքնաշարժով շրջագայելով մարդազատին շուրջը ողջունեց խուռներամ հաւատացեալները ապա Սուրբ Պատարագ մատուցեց Յիսուսի մեծ հայրիկին ու մեծ մայրիկի` Սուրբ Յովակիմի եւ Սրբուհի Աննայի տօնին առիթով։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը Սրբազան հայրը նշեց, թէ «այսօր Յիսուսի մեծ հօր եւ մեծ մօր տօնն է։ Սուրբ Յովակիմի եւ Սրբուհի Աննայի տան մէջ Յիսուս ճանչցաւ ու փորձարկեց տարեցներուն մօտիկութիւնը, քնքշութիւնն ու իմաստութիւնը» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց խոկալ մեր մեծ հայրիկներուն եւ մայրիկներուն մասին, կեդրոնանալով երկու կարեւոր երեւոյթներու վրայ։
Առաջինը, Զաւակներ ենք պատմութեան մը զոր պէտք է պահպանել։
Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ կղզիացած անհատներ չենք ու ոչ մէկը աշխարհ եկած է ուրիշի հետ կապ չ՝ունենալով։ Մեր արմատներն ու սէրը՝ որ ստացանք աշխարհ գալով ու ընտանեկան միջավայրը ուր աճեցանք մաս կը կազմեն մեզ նախորդող ու ծնունդ տուող միակ պատմութեան, զոր մենք չընտրեցինք այլ ստացանք` որպէս նուէր եւ զոր կանչուած ենք պաշտպանել։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց, թէ շնորհիւ մեծ հայրիկներուն եւ մեծ մայրիկներուն պատմութեան, ստացանք շոյանք մը ու սորվեցանք որ բարին, քնքշութիւնն ու իմաստութիւնը մարդկութեան հաստատ արմատներն են։ « Մեծ հայրիկներու եւ մայրիկներու տան մէջ շնչեցինք աւետարանի բոյրը, հաւատքի մը ուժը, որ ունի տունի մը համը։ Սա է պաշտպանուելիք պատմութիւնը, որուն ժառանգորդներն ենք», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով, որ մեզի կեանք տուող պատմութիւնը պաշտպանելը կը նշանակէ չխաթարել նախնիներուն փառքը, չմոռնալ մեր կեանքին ծնունդ տուող պատմութիւնը եւ միշտ յիշել այն ձեռքերը որ մեզ շոյեցին ու գրկեցին, որովհետեւ այդ աղբիւրին մէջն է, որ կը գտնենք մխիթարութիւն՝ դժուար պահերուն, լոյս զատորոշումին մէջ, քաջութիւնը յաղթահարելու համար կեանքին ճգնաժամերը։
Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ հրաւիրեց հարց տալու եթէ զաւակներն ու թոռնիկներ ենք որոնք գիտեն պաշտպանել ստացած հարստութիւնը։ Հարց տալ եթէ կը զրուցենք մեր տարեցներուն հետ, ժամանակ տրամադրելով անոնց։
Երկրորդ՝ պաշտպանելիք պատմութեան մը զաւակները ըլլալէ անդին արհեստաւորներ ենք կառուցելիք պատմութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ բոլորս մէկու մը զաւակներ ենք, ծնած ու ձեւաւորուած մէկու մը կողմէ, սակայն չափահաս դառնալով կը կանչուինք դառնալու ծնունդ տուող անձեր, մէկու մը հայրն ու մայրը, մեծ հայրիկն ու մայրիկը, մտահոգուելով թէ ինչ բան պիտի թողունք մեզմէ ետք եկող սերունդներուն. կենդանի հաւատք մը, ընկերութիւն մը հիմնուած անհատներու շահոյթին վրայ կամ եղբայրութեան վրայ, աշխարհ մը հիմնուած խաղաղութեան կամ պատերազմի վրայ։
Յորդորելով կրկին վառել մեզ նախորդող սէր, ուժ ու փափաք փոխանցող տարեցներուն վառած կրակը, Սրբազան Պապը նշեց, որ մեր մեծ հարերն ու մեծ մայրերը փափաքեցան աւելի արդար աշխարհ մը տեսնել ու հիմա մենք կը պարտինք յուսախաբութեան չմատնել զանոնք ու զօրացած անոնցմով՝ որոնք մեր արմատներն են, պարտինք պտուղ տալ։ Մենք ճիւղերն են, որ պէտք են պտուղ տալ՝ պատմութեան մէջ նոր սերմեր դնելով։
Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը նշելով, որ Սուրբ Յովակիմ ու Սրբուհի Աննան կը բարեխօսեն մեզի համար ու մեզի կ՝օգնեն պաշտպանելու մեզի կեանք տուող պատմութիւնը եւ կառուցելու կեանք տուող պատմութիւն մը։
Մեզի կը յիշեցնեն մեր մեծ հայրիկներն ու մեծ մայրիկները մեծարելու հոգեւոր կարեւորութիւնը ու անոնց ներկայութիւնը արժեւորելու՝ աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ