MAP

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկեղեցին տուն է վերստին հաշտուելու, միանալու, վերսկսելու եւ միասին աճելու»։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր խօսքը կեդրոնացուց հաշտութեան բառին վրայ յայտնելով որ Յիսուս խաչին միջոցաւ մեզ հաշտեցուց մէկ մարմինի մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 25 յուլիսին, Քանատա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, տեղական ժամանակացոյցով, յետմիջօրէի 4,30ին, (Իտալական ժամանակացոյցով՝ 26 յուլիս, 00,30ին), Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Էտմոնթոնի Սուրբ Սիրտ եկեղեցի, որ կառուցուած է 1913ին, ու համարուած է Էտմոնթոն քաղաքին ամենէ հին կաթողիկէ եկեղեցիներէն մէկը։

Սուրբ Սիրտ եկեղեցի ժամանումին ֆրանչիսկոս Պապ դիմաւորուեցաւ ժողովրդապետին եւ First Nations, Métis e Inuit բնիկ ժողովուրդներու կարգ մը տարեցներուն կողմէ, ապա թմբուկներու հնչիւններով առաջնորդուեցաւ գերեզմանատուն, ուր պահ մը լռելեան աղօթքէ ետք փոխադրուեցաւ Bear Park Pow-Wow Grounds պարտէզ, ուր դիմաւորուեցաւ համայն երկրէն ժամանած բնիկ ժողովուրդներու պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Սիրտ եկեղեցւոյ մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Սիրտ եկեղեցւոյ մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը՝ հաշտութեան մասին

Բնիկ ժողովուրդներու պատուիրակութիւններուն հետ հանդիպումը սկիզբ առաւ անոնց կողմէ արտասանուած ողջոյնի խօսքով որմէ ետք ֆրանչիսկոս Պապ անոնց փոխանցեց իր սիրտին խօսքը, որուն սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց մի քանի ամիսներ առաջ Հռոմի մէջ հանդիպած բնիկ ժողովուրդներու տարբեր ներկայացուցիչներուն դէմքերը վերատեսնելուն համար. «Ահա՝ հիմա ես ձեր տան մէջ կը գտնուիմ, ձեր երկրի բարեկամն ու ուխտաւորը, այն տաճարին մէջ՝ ուր Աստուած կը փառաբանէք իբրեւ եղբայրներ եւ քոյրերը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնելով ի տես ժողովրդապետութեան մէջ համախմբուած եւ իրարու հանդիպած` ըլլայ First Nations, Métis եւ Inuit բնիկ ժողովուրդներու անդամները եւ ոչ բնիկ հասարակութեան ներկայացուցիչները։

 

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ողջունէ հաւատացեալները
Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ողջունէ հաւատացեալները

Եկեղեցին բաց եւ ներառող դուր

«Ահա բաց եւ ներառող դուռ, այնպէս ինչպէս պէտք է ըլլայ եկեղեցին. Աստուծոյ զաւակներուն տունը, ուր բնիկ ժողովուրդներուն յատուկ մշակոյթին հիւրընկալութիւնն ու ընդունելութիւնը էական է եւ ուր իւրաքանչիւր անձ պէտք է ընդունուած զգայ՝ անկախ անցեալին մէջ պատահած դէպքերէն եւ անհատական կեանքի հանգամանքներէն», նշեց Սրբազան Պապը եւ խօսքը կեդրոնացուց հաշտութիւն բառին վրայ հաստատելով` որ «Քրիստոսին բերած հաշտութիւնը, արտաքին խաղաղութեան համաձայնութիւն մը չէ, ոչ իսկ երկինքէն իջած խաղաղութիւն։ Սուրբ Պօղոս կը բացատրէ, թէ Յիսուս կը հաշտեցնէ երկու բաժնուած իրականութիւնները դարձնելով մէկ իրականութիւն, մէկ բան եւ մէկ ժողովուրդ, ու այդ կը կատարէ խաչին միջոցաւ։ Յիսուսն է, որ մեզ կը հաշտեցնէ խաչին վրայ, այդ կեանքին ծառին վրայ, ինչպէս անուանած էին զայն հին քրիստոնեաները», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, «սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, շատ բաներ ունիք սորվեցնելիք ծառի կենսունակութեան մասին, որ իր արմատներով միացած հողին, թթուածին կու տայ տերեւներուն միջոցաւ եւ մեզի սնունդ կու տայ իր պտուղներով»։

Յիսուս խաչին վրայ մեզ միացուց մէկ մարմինի մէջ, որ է Եկեղեցին

Ֆրանչիսկոս Պապ շարունակելով խօսիլ հաշտութեան մասին նշեց, թէ Սուրբ Պօղոս բացատրած է նաեւ, որ Յիսուս խաչին միջոցաւ մեզ հաշտեցուց մէկ մարմինի մէջ։ Այդ հաշտութեան կենդանի մարմինը Եկեղեցին է։

«Հաշտութիւն բառը հոմանիշն է եկեղեցւոյ, որ կը նշանակէ ժողով։ Եկեղեցին տուն է վերստին հաշտուելու, միանալու, վերսկսելու եւ միասին աճելու։ Ան վայրն է ուր կը դադրինք մենք մեզի որպէս անհատ համարելէ, որպէսզի եղբայրներ դառնանք, նայելով ուրիշին աչքերուն մէջ, նայելով ու ընկալելով ուրիշներուն մշակոյթն ու պատմութիւնը, թոյլ տալով որ Սուրբ Հոգին նպաստէ վիրաւոր յիշողութեան ամոքումին» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու ցոյց տուաւ եկեղեցւոյ խորանին եւ տապանակին վրայ տեղադրուած բնիկ ժողովուրդներուն չորս բեւեռներով յատուկ վրանը, նկատել տալով` որ Սուրբ Գիրքին մէջ վրանը ունի յատուկ նշանակութիւն։

Աստուծոյ վրանը մեր մէջ

Երբ Իսրայէլի ժողովուրդը կը քալէր անապատին մէջ, Աստուած վրանի մէջ կը բնակէր, որ կը լարուէր ամէն անգամ որ ժողովուրդը կանգ առնէր։ Անիկա Ժողովի վրանն էր։ Այս կը նշանակէ թէ Աստուած մեր հետ կը քալէ եւ կը սիրէ մեզի հանդիպիլ իրարու հետ միասնաբար, նման համաժողովի մը։

Եւ երբ Աստուած մարդ կը դառնայ, Աւետարանը բառացիկ կերպով կ՝ըսէ թէ Ան իր վրանը դրաւ մեր մէջ (Յովհ 1,14)։ Աստուած, մօտիկութեան Աստուածն է եւ Յիսուսին մէջ մեզի կը սորվեցնէ գթութեան եւ քնքշութեան լեզուն։ Եւ ասիկա պէտք է ընկալել ամէն անգամ որ եկեղեցի կու գանք, ուր Ան տապանակին մէջ ներկայ է, բառ մը որ յատուկէն կը նշանակէ վրան։ «Հետեւաբար Աստուած իր վրանը կը տեղադրէ մեր միջեւ, մեզի կ՝ընկերանայ մեր անապատներուն մէջ։ Ան չի բնակիր երկնային շէնքերու մէջ, այլ մեր Եկեղեցւոյ մէջ, որ կը փափաքի որ ըլլայ հաշտութեան տուն» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայցելով որ խաչեալ եւ յարուցեալ Յիսուսը` «բռնէ մեր ձեռքերը, ու նոյնիսկ պատմութեան անապատներուն մէջ, առաջնորդէ մեր քայլերը հաշտութեան ճանապարհին վրայ»։

Սուրբ Սիրտ ժողովրդապետութեան հասարակութիւնը
Սուրբ Սիրտ ժողովրդապետութեան հասարակութիւնը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2022, 08:38