Ֆրանչիկսոս Պապը կը փոխադրուի Քեպէք
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քանատա կատարած առաքելական ճամբորդութեան 27 Յուլիսի յայտագիրը կը նախատեսէ Անոր Էտմոնթոնէն դէպի Քեպէք անցքը, ուր նախատեսուած է հանդիպում քաղաքական ու դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ, պատարագ ու հանդիպում Քանատայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի անդամներուն, կղերական դասին, նորընծաներուն ու կրօնաւորներուն հետ։
Քահանայապետը Էճմոնթոնէն կը մեկնի առաւօտեան կանուխ։ Ողջունելէ ետք Սուրբ Յովսէփ Նորընծայարանին անձնակազմը կ՜ուղղուի Էտմոնթոնի միջազգային օդակայան որտեղէն իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան եւ լրագրողներուն հետ միասին կը մեկնի դէպի Քեպէք` ուր կը ժամանէ 4 ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք եւ կը հիւրընկալուի տեղական քաղաքական իշխանութիւններուն հինգ հոգիէ բաղակցած պատուիրակութեան կողմէ։
Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ կ՜ուղղուի դէպի Քեպէքի «La Citadelle» ամրոցը, որ Քանատայի Ընդհանուր Կառավարիչին նստավայրն է ու նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Պրիթանական ամենամեծ ամրոցը, որ կառուցուած է 1820 – 1850 թուականներուն։ 1980 ամրոցը դարձաւ Քանատայի ազգային պատմական վայր եւ 1985ին ներառուեցաւ Եունեսքոյի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
«La Citadelle» ամրոց ժամանելուն Սրբազան Պապը կը դիմաւորուի Քանատայի Ընդհանուր Կառավարիչ` Տիկին Մարի Մայ Սիմոն ու անոր կողակիցին կողմէ։ Ամրոցի մուտքի հրապարակին վրայ տեղի կ՛ունենայ փրոթոքոլային ընդունելութեան արարողակարգը եւ պատուիրակութիւններու ներկայացումը, որմէ ետք Քահանայապետը եւ Քանատայի ընդհանուր Կառավարիչը կ՜ուղղուին Պալատ, ուր տեղի կ՜ունենայ առանձնական հանդիպում։
Քանատայի Ընդհանուր կառավարիչին եւ Քահանայապետին միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը կը հանդիպի Քանատայի վարչապետ Ժասթին Թրուտոյի հետ։
Հանդիպման աւարտին մինչ Վարչապետ Թրուտոն կ՜ուղղուի դէպի Քահանայապետին հետ հանդիպման սրահ Կարդինալ Փարոլինը հանդիպում կ՜ունենայ Քանատայի Ընդհանուր Կառավարիչին հետ։
Վերոնշեալ այս հանդիպումներու աւարտին միշտ «Citadelle de Québec» ամրոցին մէջ նախատեսուած է Քահանայապետին հանդիպումը 100 հոգիէ կազմուած քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու անդամներուն, բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ. որոնց Սրբազան Պապը կ՜ուղղէ իր պատգամը։
Հանդիպման աւարտին հրաժեշտ առնելով ներկաներէն Քահանայապետը կ՜ուղղուի Քեպէքի Առաջնորդարան, որ երկու օրուայ տեւողութեամբ կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին նստավայրը։
Ըստ պաշտօնական օրակարգին Սրբազան Պապին չորրորդ օրուան յայտագիրը վերջ կը գտնէ Անոր Քեպէքի առաջնորդարան ժամանումով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ