Ֆրանչիսկոս Պապ Տիրամօր յանձնեց դէպի Քանատա առաքելական ճամբորդութիւնը։
Վատիկան - Հայկական բաժին
Աւանդութեան համաձայն ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ճամբորդութենէն առաջ այս անգամ նաեւ Քանատա մեկնելէ երկու օր առաջ այցելեց Հռոմի Մարիա Մաճորէ տաճար, Տիրամօր յանձնելու համար դէպք քանատա իր առաքելական 37 ճամբորդութիւնը։Սալուս Փոփուլի Ռոմանի տիրամօր սրբապատկերի առջեւ ֆրանչիսկս Պապ պահ մը լռելեան աղօթեց նստած հաշմանդամի սայլակին վրայ խնդրելով Տիրամայրէն որ պաշտպանէ ինչպէս ինք անուանած է «զղջումի ուխտագնացութիւնը» որուն սիրտը կը հանդիսանայ եկեղեցւոյ եւ Քանատայի բնիկ ժողովուրդներու միջեւ հաշտութիւնը, որոնք անցեալին զոհ դարձան ձուլումի քաղաքականութեան իրականացուած նաեւ կարգ մը կաթողիկէ հաստատութիւններու կողմէ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մէջ կը նշուի, թէ այսօր՝ առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի Մարիա Մաճորէ տաճար, ուր Սալուս Փոփոլի Ռոմանի Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբապատկերին առջեւ աղօթեց ու Տիրամօր յանձնեց Քանատա առաքելական ճամբորդութիւնը։
Աղօթքի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ վերադարձ կատարեց Վատիկան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ