MAP

Սրուհի Աննա լիճը Սրուհի Աննա լիճը

Սրբազան Պապին պատարագը ապա ուխտագնացութիւնը Սրբուհի Աննա լիճ

Lac Ste. Anne-ը Լիճ մըն է որ ԺԹ դարու վերջաւորութեան դարձաւ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն ուխտագնացութեան վայր, ուր անոնք կը ժամանեն թրջուելու համար անոր սուրբ ջուրերուն մէջ եւ աղօթելու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քանատա կատարած ապաշխարութեան ուխտագնացութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր` 26 Յուլիսին, Յիսուսին մեծ հայր ու մեծ մայր Սուրբ Յովակիմի եւ Սրբուհի Աննայի ծիսական տօնին առիթով Էտմոնթոնի «Commonwealth Stadium» մարզադաշտին մէջ տեղական ժամով առաւօտեան 10.45ին (Հռոմի ժամով 18,15) կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ, որուն աւարտին նախատեսուած է Էտմոնթոնի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Ռիչարտ Ուիլլիամ Սմիթին բարի գալուստի խօսքը` ուղղուած Ֆրանչիսկոս Պապին։

Պատարագի աւարտին Սրբազան Պապը կը փոխադրուի այս օրերուն իր նստավայրը հանդիսացող Էտոմոնթոնի Սուրբ Յովսէփի անուան նորընծայարան իսկ կէսօրէն ետք տեղական ժամով չորսին, որ Հռոմի ժամին կը համապատասխանէ կէս գիշերուան, Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի «Lac Ste. Anne» վայրը, որ կը գտնուի Էտմոնթոնէն 72 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Ուխտագնացութիւն դէպի Սրբուհի Աննա լիճ

Lac Ste. Anne-ը Լիճ մըն է, որ ԺԹ դարու վերջաւորութեան դարձաւ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն ուխտագնացութեան վայր, ուր անոնք կը ժամանեն թրջուելու համար անոր սուրբ ջուրերուն մէջ եւ աղօթելու։

Լիճին Սրբուհի Աննա անուանումը կը պարտինք Հայր Ժան Պափթիսդ Թիպոյին, որ եղած է առաջին միսիոնար քահանան, որ այնտեղ առաքելութիւն մը հաստատեց 1842 թուականին, ճիշտ այն վայրին մէջ, որ դարեր շարունակ բնիկ ժողովուրդներուն կողմէն նկատուած էր սուրբ  եւ բուժման վայր մը։

Lac Ste. Anne-ի մէջ առաջին Եկեղեցին կառուցուեցաւ 1844 թուականին եւ 1852 ին սկիզբ տրուեցաւ Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամի Օպլաթներու միաբանութեան ծառայական աշխատանքին։

Յայտնենք որ դէպի Lac Ste. Anne լիճ առաջին ուխտագնացութիւնը կազմակերպուեցաւ 1889ին 400 հաւատացեալներու մասնակցութեամբ եւ տարիէ տարի աւելի համբաւ ունենալով դարձաւ ուխտատեղի մը, որ յաճախուած է նաեւ First Nations բնիկ ժողովուրդներու կողմէ։

Ուխտագնացութեան յայտագիրը

Ուխտագնացութեան վայր ժամանելուն Քահանայապետը կը դիմաւորուի տեղական Ժողովրդապետին, ուխտագնացութիւնները կազմակերպող քահանային ու մի քանի հաւատացեալներուն կողմէ։ Ան ապա կ՛ուղղուի դէպի լիճ` անցնելով Սրբուհի Աննայի արձանին մօտէն, մինչ ուղեւորութեան կ՜ընկերանայ բնիկ ժողովուրդներու աւանդական թմբուկներու հնչիւնը։

Լիճ ժամանելուն Սրբազան Պապը` բնիկ ժողովուրդներու աւանդութեան համաձայն կ՜օրհնէ աշխարհիս չորս մասերը, ապա կ՜օրհնէ լիճին ջուրը, հուսկ կ՜ուղղուի այս առթիւ այդ տարածքին վրայ պատրաստուած ամպիոն, ուր սուրբ գրային ընթերցումներէն ետքը կը ներկայացնէ յաւուր պատշաճի քարոզը, որուն կը յաջորդէ հաւատացեալներուն աղօթքը, Հայր Մերը եւ Քահանայապետին օրհնութիւնը։

Աւարտելէ առաջ ուխտագնացութիւնը Սրբազան Պապը կ՜օրհնէ հանգոյցներ լուծող Սուրբ Կոյս Մարիամին արձանը, որմէ ետք կը վերադառնայ Սուրբ Յովսէփ նորընծայարան վերջ տալով ճամբորդութեան երրորդ օրուան յայտագրին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2022, 10:06