MAP

Քանատա - Էտմոնթոն. Սրբազան Պապին հանդիպումները բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն հետ

Էտմոնթոնի մէջ իր կեցութեան ընթացքին Սրբազան Պապը պիտի այցելէ այլ երկու վայրեր Մասքուաչիս քաղաքը, որ կը գտնուի Էտմոնթոնէն 100 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ «Lac Ste Anne», ուր պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագը եւ պիտի մասնակցի Սրբուհի Աննային նուիրուած ուխտագնացութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երէկ` Կիրակի 24 Յուլիս 2022ին, տեղական ժամով 11.09ին (Հռոմի ժամով 19.09 անց) Սրբազան Պապը Քանատայի առաքելական ճամբորդութեան շրջագիծէն ներս ժամանեց Էտմոնթոն քաղաք` ուր պիտի մնայ մինչեւ չորեքշաբթի օր, որմէ ետքը պիտի փոխադրուի Քեպէք եւ Քեպէքէն ետքը` ուրբաթ 29 Յուլիսն, պիտի այցելէ Իքալուիթ քաղաքը, որ պիտի հանդիսանայ ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը, ուր Սրբազան Պապը հանդիպելէ ետք տարեցներուն եւ երիտասարդներուն հետ վերադարձ պիտի կատարէ դէպի Հռոմ։

Էտմոնթոնի մէջ իր կեցութեան ընթացքին Սրբազան Պապը պիտի այցելէ այլ երկու վայրեր Մասքուաչիս քաղաքը, որ կը գտնուի Էտմոնթոնէն 100 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ «Lac Ste Anne», ուր պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագը եւ պիտի մասնակցի Սրբուհի Աննային նուիրուած ուխտագնացութեան։

Մասքուաչիս քաղաքին մէջ բնիկ ժողովուրդներուն հետ առաջին հանդիպումը

Երկուշաբթի 25 Յուլիսին Ֆրանչիսկոս Պապը, ըստ պաշտօնական յայտագիրին տեղական ժամով 08,45ին (Հռոմի ժամով 16,45ին), կը փոխադրուի Մասքուաչիս քաղաք, որ կը հիւրընկալէ Քանատայի Հնդկական չորս բնիկ ցեղերը` Ermineskin Cree Nation, Louis Bull Tribe, Montana First Nation e Samson Cree Nation, որոնք ստորագիրներ են Քանատական Թագի եւ First Nations բնիկ ժողովուրդներու միջեւ 1871ի եւ 1921ի միջեւ ստորագրուած 11 պայմանագիրներէն, վեցերորդին։

Ժամանակին այդ վայրը ծածկուած էր հապալասի թուփերով, ուր կ՜ապրէին մեծ քանակով առջեր։ Մասքուաչիս բառը արդարեւ կը նշանակէ արջերու բլուրը։

Հանդիպման վայր ժամանելուն Սրբազան Պապը նախ կ՜այցելէ Եօթը վէրքերու Տիրամօր Եկեղեցին, ուր զինք կը դիմաւորէ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետը եւ First Nations, Métis e Inuit բնիկ ժողովուրդներուն մաս կազմող մի քանի տարեցներ։

Քահանայապետը ապա «golf car»-ով կ՛ուղղուի գերեզմանատուն, զոր կ՜այցելէ առանձին աղօթելով լռութեամբ։ Աղօթքէն ետք Ան կը փոխադրուի «Bear Park Pow-Wow Grounds» այգի, ուր կը դիմաւորուի Քանատայի զանազան քաղաքներէն ժամանած բնիկ ժողովուրդներու Ղեկավարներու մէկ պատուիրակութեան կողմէ եւ ուր տեղի կ՛ունենայ բնիկ ժողովուրդներուն հետ ճամբորդութեան առաջին պաշտօնական հանդիպումը, որ կը նախատեսէ բարի գալուստի խօսք, Սրբազան Պապին պատգամը, Հայր մեր աղօթքը եւ Քահանայապետական օրհնութիւնը։

Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Էտմոնթոնի Սուրբ Յովսէփ Նորընծայարան, որ այս օրերուն կը հանդիսանայ իր բնակավայրը։

Էտմոթոնի «առաջին ազգերու» Սուրբ Սիրտ Եկեղեցին 

Տեղական ժամով յետմիջօրէի ժամը 16,30ին որ Հռոմի ժամով կը համապատասխանէ 26 Յուլիսի 00,45ին, Նորին Սրբութիւնը կ՜այցելէ 1913ին կառուցուած Էտմոթոնի «առաջին ազգերու» Սուրբ Սիրտ Եկեղեցին որ նկատուած է քաղաքի կաթողիկէ ամենահին եկեղեցին եւ տրամադրուած է բնիկ ժողովուրդներուն։ Եկեղեցին 2020 թուականի օգոստոսին թիրախ դարձած էր հրդեհի մը եւ այժմ երկու տարի տեւած վերանորոգութեան աշխատանքներէն ետք վերաբացուած է։

Այստեղ եւս Նորին Սրբութիւնը կը հանդիպի բնիկ ժողովուրդներու հասարակութեան անդամներուն հետ եւ հանդիպման ընթացքին անոնց կ՜ուղղէ իր Խօսքը։ Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Պապը կ՛օրհնէ Սրբուհի Քաթերի Թէքաքուիթայի արձանը (1656-1680)։ Ան եղած է Հիւսիսային Ամերիկայի բնիկ ժողովուրդներէն առաջին բնիկ սրբուհին, որ ճանչցուած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ։

Սոյն հանդիպումով կ՜աւարտի Սրբազան Պապին Քանատա այցելութեան երկրորդ օրուան պաշտօնական յայտագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2022, 12:25