Մենք բոլորս, որպէս Եկեղեցի, բուժումի կարիք ունինք. Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
«Շատ գեղեցիկ է ինձ համար հոս գտնուիլ որպէս ուխտաւոր ձեզի հետ և ձեր մէջ։ Այս օրերուն՝ և յատկապէս այսօր, զիս ապշեցուց թմբուկներու ձայնը, որ ամենուր ընկերացած էին ինծի». Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քանատայի ճամբորդութեան ծիրէն ներս Lac Ste. Anne՝ ուխտագնացութեան առթիւ սկսաւ իր քարոզը, որուն մէջ Ան քնարական գեղեցիկ պատկերներով նկարագրեց իր զգացողութիւնները.
Ունկնդրել մայր հողի զարկը
«Ինձ կը թուար թէ թմբուկներու զարկը բազմաթիւ սիրտերու բաբախիւնի արձագանքն է, որոնք դարերու ընթացքին թրթռացած են այս ջուրերու մօտ, այն ուխտաւորներու սիրտերու մէջ, որոնք միասին քալած են՝ հասնելու այս «Աստուծոյ լիճը»: Հոս կարելի է իսկապէս ունկնդրել ուխտաւոր ժողովուրդի, սերունդներու սրտի երգչախմբային բաբախիւնը, որոնք ճամբորդած են դէպի Տէրը՝ զգալու համար անոր բուժումի արդիւնքը: … Բայց այստեղ, արարչագործութեան մէջ ընկղմուած, կարելի է ունկնդրել ուրիշ զարկ մը եւս՝ մայր հողինը: Եւ ինչպէս որ նորածիններու սրտի բաբախիւնը արգանդէն սկսեալ ներդաշնակ է մայրերու սրտի բաբախիւնին, այնպէս ալ մենք մեծնալու համար կարիք ունինք մեր կեանքի զարկերը համապատասխանեցնել մեզ կեանք պարգեւող արարչագործութեան զարկերուն»:
Վերադառնալ հաւատքի աղբիւրներուն« Սուրբ Աննայի տօնին
«Այսպիսով, եկէք այսօր վերադառնանք մեր կեանքի ակունքներուն՝ դէպի Աստուած, դէպի ծնողներ ինչպէս նաև՝ Սրբուհի Աննայի այս օրը և իր տունի մէջ՝ դէպի մամիկներ ու պապիկներ», ըսաւ Ֆրանչիսկոսը և առաջարկեց այդ կենսական զարկերու օգնութեամբ մտքով վերադառնալ հաւատքի աղբիւրներուն՝ ուխտագնացութիւն կատարել դէպի սուրբ վայրեր, պատկերացնել Յիսուսին Գալիլեայի լիճի ափին՝ կրօնական մաքրութեան, աշխարհագրական և մշակութային տեսանկիւնէ Երուսաղեմի տաճարէն հեռու վայր, ձկնորսներու և հարկահաւաքներու, հարիւրապետերու և ստրուկներու, փարիսեցիներու և աղքատներու, ամենատարբեր սոցիալական ծագումի տղամարդոց և կանանց հանդիպումի վայր։
Յիսուսը քարոզեց Աստուծոյ Արքայութիւնը տարբեր վայրերէ եկած տարբեր ժողովուրդներու առջեւ
Սրբազան Պապը նշեց, որ ճիշտ հոն Յիսուսը քարոզեց Աստուծոյ Արքայութիւնը ոչ թէ ընտրեալ կրօնաւորներու, այլ տարբեր վայրերէ եկած տարբեր ժողովուրդներու առջեւ: Աստուած ընտրեց այդ բազմաշերտ և տարասեռ համատեքստը՝ աշխարհին յեղափոխական գաղափարներ աւետելու համար. «եթէ մէկը քեզ ապտակէ աջ երեսիդ վրայ, դարձուր անոր նաեւ միւսը, սիրեցէք ձեր թշնամիները, ապրեցէք որպէս եղբայրներ՝ երկնաւոր Հօր որդիները ըլլալու համար, որ իր արեւը կը ծագեցնէ բարիներուն ու անձրև կու տայ արդարներուն և մեղաւորներուն» (հմմտ. Մտ 5:38-48), յարեց Ֆրանչիսկոսը։
Ան ապա նշեց, որ Աստուծոյ Խօսքը հասկնալուն օգնութեան կու գայ Եզեկիէլ մարգարէն, որ երկու անգամ կրկնած է, որ տաճարէն բխող ջուրերը Աստուծոյ ժողովուրդին «կեանք կու տան» և «կը բուժեն» (տես Եզ 47,8-9):
Մամիկները հաւատքի կենդանի ջուրի աղբիւրներ, որ «կեանք կու տան»
«Կեանք կու տան», կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապը՝ այս անգամ ակնարկելով հոն գտնուող մամիկներուն եւ ուղղակիօրէն դիմելով անոնց. «Սիրելինե՛ր, ձեր սիրտերը աղբիւրներ են, որոնցմէ կը հոսի հաւատքի կենդանի ջուրը, որով դուք կը յագեցնէք ձեր զաւակներուն ու թոռներուն ծարաւը:
Ինձ կ՚ապշեցնէ կանանց կենսական դերը բնիկներու համայնքներու ծիրէն ներս. անոնք նշանաւոր տեղ կը զբաղեցնեն որպէս ոչ միայն ֆիզիկական, այլեւ հոգևոր կեանքի օրհնուած աղբիւրներ։ Անոնց մասին մտածելով, կը մտածեմ մամիկիս մասին։ Անորմէ ստացած եմ հաւատքի առաջին աւետումը և գիտակցած, որ Աւետարանը կը փոխանցուի այսպէս՝ հոգատարութեան քնքշութեամբ և կեանքի իմաստութեամբ»։
Պապը ըսաւ նաեւ, որ իր սիրտը կը ջերմանայ այսքան շատ մամիկ ու պապիկ տեսնելով եւ յորդորեց բոլոր անոնց, որոնց ընտանիքի մէջ տարեցներ ունին, պահպանել և հոգ տանիլ անոնց՝ որպէս գանձ, որպէս կեանքի աղբիւր, որպէս սիրելու և փայփայելու ամենէ թանկ ժառանգութիւն։
Ջուրերը կը բուժեն
Ֆրանչիսկոս կրկնելով Մարգարէի ըսածը, որ ջուրերը, բացի կեանք տալէն, կը բուժեն, նշեց որ այդ միտքը կը տանի Գալիլեայի լիճին ափերը, որտեղ Յիսուս «Զանազան ցաւերէ բռնուած բազմաթիւ հիւանդներ բուժեց» (Մարկոս 1:34): Այնտեղ «Իրիկունը, մայրամուտէն ետք, մարդիկ սկսան հիւանդներ բերել Յիսուսի քով։» (հ. 32):
Պապը առաջարկեց պատկերացնել Յիսուսին՝ Սրբուհի Աննա լճի շուրջը, թէ ինչպէս Ան կը մօտենայ, կը խոնարհի և համբերութեամբ, կարեկցութեամբ ու քնքշութեամբ կը բուժէ մարմինով և հոգիով շատ հիւանդներ՝ դիւահարներ, բորոտներ, անդամալոյծներ, կոյրեր, բայց նաև յուսահատ և յուսալքուած, կորսուած և վիրաւոր անձինք։
Մայրերն ու մամիկները կ՚օգնեն բուժելու սրտի վէրքերը
Ֆրանչիսկոս նշեց, որ մեր հոգիներու և մարմիններու բժշկութեան համար բոլորս Յիսուսի կարիքն ունինք: «Տէ՛ր, օգնէ մեզի բուժելու մեր վէրքերը: Մենք գիտենք, որ այդ կը պահանջէ պարտաւորութիւն, հոգատարութիւն և առարկայական գործելակերպ մեր կողմէ, բայց նաև գիտենք, որ միայնակ չենք կրնար այդ մէկը ընել: Քեզի կ՜ապաւինինք ու կ՞ապաւինինք Քու մօր և մամիկի բարեխօսութեան»։
«Մայրերն ու մամիկները կ՚օգնեն բուժելու սրտի վէրքերը», շարունակեց Սրբազան Պապը՝ որպէս օրինակ ներկայացնելով Կուատալուփէի Տիրամայրը, որ փոխանցած է ուղիղ հաւատք բնիկներուն՝ խօսելով անոնց լեզուով և կրելով անոնց տարազը՝ առանց բռնութեան, առանց պարտադրանքներու:
Եկեղեցին ինքը կին է
Քանատայի մէջ այս «մայրական մշակոյթայնացումը» տեղի ունեցաւ Սուրբ Աննայի աշխատանքի միջոցով, որ իմաստութեամբ համադրեց բնիկներու աւանդոյթներու և հաւատքի գեղեցկութիւնը, ընդգծեց Ֆրանչիսկոսը և պնդեց, որ Եկեղեցին ինքը կին է, մայր, որուն պատմութեան ընթացքին հաւատքը միշտ փոխանցուած է մայրենի լեզուով՝ մայրերու ու մամիկներու միջոցաւ։
Այս առնչութեամբ Սրբազան Պապը նշեց որ դիմագրաւուած ցաւալի ժառանգութեան մաս մը ծնունդ առաւ երբ բնիկներու մեծ մայրերուն արգիլուեցաւ իրենց լեզուով ու մշակոյթով հաւատքը փոխանցել։ Այս մէկը իսկապէս ողբերգութիւն մըն է բայց ձեր ներկայութիւնը վկայութիւն է տոկունութեան և նոր սկիզբի, դէպի բժշկութիւն ուխտագնացութիւն։
Այժմ մենք բոլորս, որպէս Եկեղեցի, բուժումի կարիք ունինք. Մենք մեր մէջ փակուելու, հաստատութիւններու պաշտպանութիւնը՝ ճշմարտութեան որոնումի եւ աշխարհիկ իշխանութիւնը՝ աւետարանական ծառայութեան գերադասելու գայթակղութիւնէն բժշկուելու կարիք ունինք, շեշտեց Պապը եւ կոչ ուղղեց մէկը միւսին ձեռք մեկնելու՝ Աստուծոյ օգնութեամբ Անոր ցանկացած մայր Եկեղեցին կառուցելու համար, որ բաց ու հաղորդակից ըլլայ բոլորին։
Լսել վերջիններուն աղաղակը
Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտեց, որ յաճախ առաջնորդուելով քիչերու շահերով, չենք տեսներ ծայրամասերը և չենք լսեր վերջիններուն աղաղակը. առաջին հերթին անիկա տարեցներու ճիչն է, որոնք՝ տան մէջ մինակ կամ որեւէ հաստատութեան մէջ լքուած են, մեռնելու վտանգի տակ են, անոնք «անյարմար հիւանդներն են, որոնց սիրոյ փոխարէն մահ կը ներարկուի»: Անիկա տղոց և աղջիկներու խուլ ճիչն է, որոնք աւելի հարցաքննուած են, քան ունկնդրուած , որոնք իրենց ազատութիւնը կը փոխանցեն բջջային հեռախօսին, կամ կը թափառին մոլորուած, զուարճանքէն անզգայացած, որ զանոնք կը դարձնէ տխուր և անհանդուրժող՝ անկարող հաւատք ունենալ իրենք իրենց վրայ, սիրել իրենք զիրենք և իրենց ապրած կեանքին գեղեցկութիւնը: «Մեզ մինակ մի թողէք» ճիչն է անոնց, որոնք կը ցանկանան աւելի լաւ աշխարհ մը, բայց չեն գիտեր ուրտեղէն սկսիլ:
Մտածել բնիկ ժողովուրդներու մասին՝ յուզուիլ անոնց պատմութիւններով և կրած ցաւերուն համար
Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց մտածել բնիկ ժողովուրդներու մասին, յուզուիլ անոնց պատմութիւններով և կրած ցաւին համար, և որպէս անոնց օգնութիւն առաջարկեց ոչ թէ անմիջապէս տալ այն ինչ որ կը խնդրեն, այլ ուղեկցիլ անոնց, հրաւիրել զանոնք սիրելու, պարգեւ դառնալու: Որովհետեւ ուրիշներուն բարիք ընելու միջոցաւ է, որ կարելի է բացայայտել եզակի ու թանկարժէք գանձը, որ սեփական անձն է:
Սրբազան Պապը քարոզը աւարտեց ըսելով, որ իր ցանկութիւնն է, որ Եկեղեցին միահիւսուած ըլլայ անոնց հետ՝ ինչպէս անոնց գլխաշորերու գունաւոր թելերը:
Թող Տէրը օգնէ առաջ ընթանալու բուժման ճանապարհին վրայ՝ դէպի աւելի առողջ և նորոգուած ապագայ: Յիսուսի մամիկն ու պապիկը՝ Սուրբ Յովակիմը եւ Սրբուհի Աննան, թող օրհնեն մեր ուղին, մաղթեց ի վերջոյ Ֆրանչիսկոսը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ