MAP

Միասին ու համաձայնութեամբ աշխատելով է, որ կարելի է դիմագրաւել այսօրուան մարտահրաւէրները

Մենք շատ բաներ ունինք սորվելու բնիկներու իմաստութենէն։ Քահանայապետին ճառը ուղղուած Քանատայի Քաղաքական իշխանութիւններուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քանատա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի 27 Յուլիսին, Էտմոնթոն քաղաքէն փոխադրուեցաւ Քեպէք, ուր քաղաքի «La Citadelle» ամրոցին մէջ, որ Քանատայի Ընդհանուր Կառավարիչին կեդրոնատեղին է, հանդիպում ունեցաւ Երկրին քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն, Բնիկ Ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Ուրախութիւն յայտնելով տեղի ունեցած հանդիպումին համար Սրբազան Պապը ակնարկեց Երկրին բնական արտակարգ ժառանգութեան գեղեցկութեան ու մասնաւորապէս թխկի ծառերով անտարներուն, որոնք` ըսաւ Ան «Քանատական տեսարանը կը դարձնեն եզակի եւ գունաւոր» եւ ասկէ մեկնելով իր խօսքին որպէս ներշնչման աղբիւր ընտրեց այն նոյն թխկի տերեւը որ փորագրուած է Քանատայի դրօշին վրայ` որպէս անոր խորհրդանիշը։

Ֆրանչիսկոս Պապը «La citadelle»ի մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը «La citadelle»ի մէջ

Քանատայի խորհրդանիշ թխկի տերեւը

Սրբազան Պապը դիտել տուաւ թէ թխկի տերեւները հինէն ի վեր օգտագործուած էին անցեալի սերունդներու, բնիկ ժողովուրդներուն կողմէ նախ քան այս հողերուն վրայ վերաբնակիչներու ժամանումը։

«Բնիկները անոր հիւթը կը քաղէին ու անոր հետ կը պատրաստէին սննդարար օշարակներ» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով այդ բնակիչներու աշխատասիրութեան ու անոնց` Երկրին ու շրջապատին յատկացուցած յատուկ ուշադրութեան, որ նման է «բաց գիրգի մը` որ մարդուն կը սորվեցնէ սիրել Արարիչը ու ներդաշնակութեամբ ապրիլ միւս կենդանի էակներուն հետ»։

Բնիկները եւ մարդկային համապարփակ զարգացումը

«Մենք շատ բաներ ունինք սորվելու այս բանէն, մենք մեզ Աստուծոյ, մարդոց եւ բնութեան ունկնդրութեան տակ դնելու կարողութիւնէն։ Պէտքը ունինք յատկապէս այսօրուայ աշխարհի շրջագայող մոլեգնութեան ի տես, որ յատկանշուած է առաքութեամբ, ու դժուար կը դարձնէ մարդկային իսկական կայուն ու համապարփակ զարգացումը, յառաջացնելով «յոգնած եւ հիասթափ ընկերութիւն մը», որ կը դժուարանայ գտնելու խոկումին համը, համտեսելու յարաբերութիւնները եւ միասնութեան վերացականութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով` թէ կարիքը կայ «իրար ունկնդրելու եւ երկխօսելու, հեռանալու համար գերիշխող անհատականութենէն»։

Ֆրանչիսկոս Պապը «La citadelle»ի մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը «La citadelle»ի մէջ

Բնիկ ժողովուրդներու առողջ արժէքները

Անգամ մը եւս մատնանշելով թխկի տերեւներուն Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ անոնք «կը կլանեն ապականած օդը եւ մեզի կը վերադարձնեն թթուածինը» եւ կը հրաւիրեն նաեւ զարմանալու արարչութեան գեղեցկութեան դիմաց ու թոյլ տալու ներգրաւուելու բնիկ ժողովուրդներու մշակոյթին մէջ ներկայ առողջ արժէքներով, որոնք ներշնչումի աղբիւր են բոլորիս համար եւ կարող են սատարել խնամելու չարաշահումի վնասակար սովորութիւնները» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ձուլման քաղաքականութիւնը, ամօթն ու ցաւը եւ ներումի հայցը

Ան ակնարկեց հուսկ ձուլման քաղականութեան եւ գիշերօթիկ դպրոցներուն, որոնց զոհ եղան բնիկ ժողովուրդներու ընտանիքները։  Քաղաքականութիւն` որուն սատարեցին նաեւ կաթողիկէ հաստատութիւններ։

«Ասոր համար է` որ ամօթ կը ու ցաւ կը զգամ եւ այս Երկրի եպիսկոպոսներուն հետ միասին կը նորոգեմ իմ ներումի հայցս չարիքին համար զոր կատարուեցաւ բնիկ ժողովուրդներուն դէմ, բազմաթիւ քրիստոնեաներու կողմէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով Եկեղեցին ու հաւատացեալները ընդունելու իրենց սխալները եւ յանձնառու ըլլալու խթանելու բնիկ ժողովուրդներու արդար իրաւունքները աջակցելով ապաքինումի եւ հաշտութեան գործընթացքին բնիկներու եւ Երկրին ոչ բնիկ բնակչութեան միջեւ։

Ֆրանչիսկոս Պապը «La citadelle»ի մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը «La citadelle»ի մէջ

Յանձնառում` խթանելու բնիկ ժողովուրդներուն արդար իրաւունքները

Քահանայապետը հաւաստիացուց, որ այս ծիրէն ներս Սուրբ Աթոռին եւ կաթողիկէ հասարակութիւններուն կամքն է` խթանել բնիկ ժողովուրդներուն մշակոյթները հոգեւոր յատուկ ուղեւորութեան մը միջոցաւ, որ կը պարունակէ նաեւ ուշադրութիւն` մշակութային աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն, լեզուին ու սեփական կրթական գործընթացքին, հիմնուելով ՄԱԿ-ի հռչակագիրին վրայ, որ կը հայի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքին։

«Կարելի չէ դիւրաւ դարմանել այդ ցաւի եւ արհամարհանքի պատմութիւնը, որ իր ծագումը կը գտնէ գաղութատէր մտայնութեան մը մէջ» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը, դիտել տալով, որ դժբախտաբար գաղութացումը կանգ չ՜առներ ու թէ այսօր եւս կայ գաղափարական գաղութատիրութիւն մը, որ կը ջանայ արմատախիլ ընել աւանդութիւնը, պատմութիւնը եւ կրօնական կապերը, ի գործ դնելով մշակութային մէկ նորոյթ մը, որ ամէն բան միաձեւ կը դարձնէ, տարբերութիւնները չի հանդուրժէր եւ կը կեդրոնանայ միայն ներկայի ժամանակին վրայ, անտեսելով աւելի տկարներուն ու դիւրաբեկներուն իրաւունքները ու անոնց նկատմամբ պարտականութիւնները։

Պաշտպանել դիւրաբեկներուն իրաւունքները

Աղքատները, գաղթականները, տարեցները, հիւանդներն ու նորածիններն են բարեկեցութեան ընկերութիւններէն մոռացուած անձերը, անոնք են` որ տարածուած անտարբերութեան մէջ մնացորդ կը դառան, նման այրուելիք չոր տերեւներուն», յարեց Սրբազան Պապը, որ դարձեալ ակնարկելով թխկի ծառերուն ընդգծեց անոնց մեզի ներկայացուցած միասնութեան կարեւորութիւնը եւ ասկէ մեկնելով շեշտը դրաւ ընտանիքին կարեւորութեան վրայ։

Ընտանիքը ընկերութեան հիմնական բջիջ

«Ընտանիքը` որ ընկերութեան հիմնական բջիջն է պէտք է արժեւորուի, որովհետեւ մարդկութեան ապագան կ՜անցնի ընտանիքին մէջէն» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին խօսերը ու մատնանշելով ընտանիքին դէմ այսօր գոյութիւն ունեցող սպառնալիքներուն։

«Բնիկ ժողովուրդները այս ծիրէն ներս եւս շատ բան ունին մեզի սորվեցնելիք` ընտանիքի պաշտպանութեան ու պահպանումին ուղղութեամբ, ուր անոնք մանուկ հասակէն կը սորվին ճանչնալ `թէ ո՞րն է սայթաքումը, ըսել ճշմարտութիւնը, բաժնեկցիլ, սրբագրել սխալները, վերսկսիլ, զիրար քաջալերել, հաշտուիլ» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը բաղձալով` «որ բնիկ ժողովուրդներուն կրած չարիքը ծառայէ, որպէս նախազգուշացուում, որպէսզի ընտանիքի հոգն ու իրաւունքները մէկ կողմ չի դրուին, որեւէ արտադրողական կարիքներու և անհատական ​​շահերու անունով» պնդեց Ֆրանչիսկոս Պապը:

Ֆրանչիսկոս Պապը «La citadelle»ի մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը «La citadelle»ի մէջ

Պատերազմի ողբերգութիւնը

Ակնարկելով դարձեալ թխկի տերեւին Ան յիշեց թէ պատերազմի ժամանակ այդ տերեւը կ՜օգտագործէին որպէս վիրակապ և վէրքերու դեղամիջոց։

«Այսօր պատերազմի անհեթեթ խելագարութեան դիմաց, անգամ մը եւս կարիքն ունինք նուազեցնելու հակառակութեան ծայրայեղութիւնները և բուժելու ատելութեան վէրքերը» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով նաեւ` թէ «պէտք չենք աշխարհը բաժնել բարեկամներու եւ թշնամիներու միջեւ, հեռանալ մէկը միւսէն եւ զինուիլ մինչեւ ակռաները»։

Հարց չտանք ինչպէս շարունակել այլ ինչպէս կասեցնել պատերազմը

«Դէպի զինումի վազքը եւ անոնց սեփականացման ռազմավարութիւնները չեն, որ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն պիտի բերեն։ Պէտք չէ մենք մեզի հարց տանք ինչպէս շարունակել պատերազմը այլ ինչպէս կասեցնել զայն» յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «կարիքը կայ ստեղծագործական և հեռատես քաղաքականութեան մը, որ գիտէ, թէ ինչպէս դուրս գալ կողմերու ուրուագիծերէն՝ արձագանքելու համար համընդհանուր մարտահրաւէրներուն», որոնց շարքին խաղաղութիւնը, կլիմայական փոփոխութիւնները, համաճարակին հետեւանքները եւ գաղթականութեան երեւոյթը, որոնք կը հային մեզի բոլորիս, նշեց Նորին Սրբութիւնը այս ծիրէն ներս կարեւոր նկատելով նաեւ քաղաքականութեան դերակատարութիւնը։

Նայիլ ապագային

«հարկաւոր է գիտնալ նայիլ, այնպէս ինչպէս կը սորվեցնէ բնիկ ազգերու իմաստութիւնը, յառաջիկայ եօթը սերունդներուն, եւ ոչ թէ անմիջական յարմարութիւններուն, ընտրական վերջնաժամկէտներուն, «լոպպի» ներու աջակցութեան» յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտելով նաեւ եղբայրութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան արժեւորումը` նոր սերունդներուն մէջ։

Ունկնդրել տարեցները եւ ողջագուրել երիտասարդներուն երազները

Անհրաժեշտ է նաեւ ունկնդրել տարեցները, վերագտնելու համար յիշողութիւն եւ իմաստութիւն. Ու նաեւ ունենալու նոր սլացք դէպի ապագայ, ողջագուրելով երիտասարդներուն երազները։ «Անոնք արժանի են աւելի լաւ ապագայի մը, արժանի են ներգրաւուիլ այսօրուան ու վաղուան կերտումի ընտրանքներուն մէջ, մասնաւորապէս հասարակաց տունը պահպանելու ընտրանքին մէջ, որուն համար թանկագին են բնիկ ժողովուրդներուն արժէքները եւ ուսուցումները» եզրակացուց Սրբազան Պապը, երախտագիտութիւն յայտնելով բնիկներուն բնապահպանութեան ի նպաստ յանձնառումին համար ու նաեւ Քանատային` անոր բնապահպանական կոչումին համար։

Բազմամշակոյթը եւ ընդելուզումը

Խօսելով Քանատայի դրօշի իրականացման առթիւ ներկայացուած նախագիծերուն մասին, որոնք գրեթէ բոլորն ալ որպէս խորհրդանիշ ընտրած էին թխկի տերեւը, Ֆրանչիսկոս Պապը նշեց` թէ «Սոյն խորհրդանիշին շուրջ համախմբումը ինծի առիթ կու տայ ընդգծելու քանատացիներուն համար հիմնական բառ մը` բազմամշակոյթը։ Անիկա հիմքն է Քանատայի ընկերութեան։ Մարտահրաւէր մըն է, որ կը նշանակէ ողջագուրել եւ ընկալել տարբեր բաղադրիչները, միեւնոյն ժամանակ յարգելով անոնց աւանդութիւններուն եւ մշակոյթներուն տարբերութիւնները»։ Այս ծիրէն ներս  Սրբազան Պապը գնահատեց Քանատայի կառավարութեան ճիգերը հիւրընկալելու ուքրանացի եւ աֆղան բազմաթիւ գաղթականները, հրաւիրելով շրջանցել գաղթականներու նկատմամբ վախի հռետորաբանութիւնը, անոնց տալով շօշափելի կարելիութիւնը պատասխանատուութեամբ ներգրաւուելու ընկերութեան մէջ։

Բնիկ ազգերու մշակոյթը այստեղ եւս շատ բան ունի սորվեցնելիք մարդամօտութեան վերաբերեալ եւ նոյնը կ՛ընէ Կաթողիկէ Եկեղեցին իր կեանքի ի սպաս մատուցած ծառայութեամբ։

Դարման գտնել արմատացած անարդարութեան

Ճառին աւարտին Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ այն կարիքաւոր անձերուն, որոնք կը բախէն ժողովրդապետութիւններուն դռները, դիտել տալով` որ նոյնիսկ Քանատայի նման զարգացած եւ յառաջացած Երկրի մը մէջ, քիչ չեն անոնք` որոնք տնանկ են եւ կը դիմեն բարեսիրական ընկերակցութիւններուն ու եկեղեցւոյ, օգնութիւններ ստանալու համար։

«Այս մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզ կը մղեն վերատեսելու գործի լուծուելու հրատապութիւնը, որպէսզի դարման գտնենք այն արմատացած անարդարութեան, որ մեր աշխարհը կ՜ապականէ, որով արարչագործութեան առատ պարգեւները բաժնուած են անարդար ձեւով» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը «Գայթակղեցուցիչ» յամարելով «որ տնտեսական զարգացումէն ծնունդ առած բարեկեցութիւնը չի յատկացուի ընկերութեան բոլոր խաւերու բարիքին» եւ «տխուր է տեսնել նաեւ բնիկներու միջեւ աղքատութեան երեւոյթները» …. աւելցուց Ան։

Սրբազան Պապը որ ճառը աւարտեց անգամ մը եւս մէջբերելով «թխկի տերևին» օրինակը։

«Այս տարբերանշանը, որ սովորաբար զետեղուած է Երկրի արտադրանքի պիտակներուն վրայ, խթան է իւրաքանչիւրի համար՝ կատարելու տնտեսական և սոցիալական ընտրութիւն՝ ուղղուած կարիքաւորներու հոգածութեան»։

«Միասին ու համաձայնութեամբ աշխատելով է, որ կարելի է դիմագրաւել այսօրուան մարտահրաւէրները» հաստատեց հուսկ Սրբազան Պապը ու ճառը եզրափակեց վստահեցնելով, որ ինք Քանատան ու Քանատացիները կը կրէ իր սրտին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2022, 00:45