«Վերսկսիլ բանակցութիւնները եւ ոչ թէ սնուցել պատերազմին անհեթեթութիւնը». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի 17 Յուլիսի կէսօրին արտասանած Մարեմեան աղօթքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նախ յիշեց երէկ Գերմանիայի մէջ Երանելի հռչակուած Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` Հայր Ենինկընը, որ եղաւ «Աւետարանի անխոնջ հռչակող մը, հասանելի դառնալով ամէն դասակարգի անհատներուն, ոգեւորուած առաքելական հոգիով եւ Մարեմեան յատուկ ջերմեռանդութեամբ» ըսաւ Քահանայապետը մաղթելով որ Անոր օրինակը օգնէ մեզի զգալու համար մեր եղբայրներուն հետ Աւետարանը կիսելու ուրախութիւնը։
Սրի Լանքայի ճգնաժամը
Նորին Սրբութիւնը հուսկ դարձեալ մօտիկութիւն արտայայտեց Սրի Լանքայի ժողովուրդին։
Ձեզի կը միանամ աղօթքի մէջ եւ կը խրախուսեմ բոլոր կողմերը ներկայ ճգնաժամին համար որոնելու խաղաղ լուծում մը, մասնաւորապէս ի նպաստ աւելիով աղքատներուն, յարգելով բոլորին իրաւունքները» ըսաւ Սրբազան Պապը որ միանալով Կրօնական Ղեկավարներու կոչին հայցեց բոլորէն` որ «զերծ մնան որեւէ բռնութեան դրսեւորումէն» եւ ի գործ դնեն «երկխօսութեան գործընթացք մը ի սպաս հասարակաց բարիքին»։
Պատերազմը միայն մահ ու կործանում է
Քահանայապետը նոյնպէս եւ դարձեալ մօտիկութիւն արտայայտեց ուքրանիոյ մարտիրոս ժողովրդուին, որ ըսաւ Ան «ամէն օր հարուածուած է ռումբերու անձրեւով»։
«Ինչպէս կարելի է չի հասկնալ, որ պատերազմը միայն կործանում եւ մահ կը ստեղծէ, ժողովուրդները հեռացնելով իրարմէ, սպաննելով ճշմարտութիւնն ու երկխօսութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը։
«Կ՜աղօթեմ եւ կը մաղթեմ որ բոլոր միջազգային դերակատարները իրապէս գործի լուծուին վերսկսելու համար բանակցութիւնները եւ ոչ թէ սնուցելու պատերազմին անհեթեթութիւնը» աւելցուց Ան ապա ակնարկեց յառաջիկայ կիրակի Քանատա կատարելիք իր առաքելական ճամբորդութեան, հաւատացեալներէն խնդրեով որ իրեն ընկերանան աղօթքով։
Քահանայապետը ողջունեց հուսկ հրապարակ ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորները, անոնց մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ